ՊՐԻՒՔՍԵԼԵԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ այսօր Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ։ Այս կարեւոր գագաթաժողովին ընդառաջ Շարլ Միշել երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Երկու հեռախօսազրոյցներու ընթացքին ալ անդրադարձ կատարուեցաւ այսօրուան եռակողմանի գագաթաժողովին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Միշել կարեւորեցին երկխօսութեան շարունակութիւնը եւ յոյս յայտնեցին, թէ բանակցութիւնները կ՚ըլլան արդիւնաւէտ։ Միշել Ալիեւի հետ ալ քննարկած է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը՝ անդրադառնալով այս օրուան ժամադրութեան օրակարգին։
Պրիւքսելեան որոնումներուն ընդառաջ, ռուսական «Քոմերսանթ» յայտնի թերթը գրեց, որ Փաշինեան-Ալիեւ այս օրուան հանդիպումը կրնայ վճռորոշ դառնալ՝ պայմանաւորելով Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան գործընթացի ապագան։ Յօդուածին մէջ ընդգծուած է նաեւ, որ Պրիւքսել կը փորձէ այս գործընթացէն դուրս մղել Մոսկուան։
Փաշինեան-Միշել-Ալիեւ գագաթաժողովին ընդառաջ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ ռուսական կողմը պատրաստ է ապագային եւս աջակցիլ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման բանակցութիւններու։ Մոսկուայէն մատնանշուեցաւ նաեւ, որ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ մնալ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս անվտանգութեան ապահովման հիմնական գործօնը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ վերջին օրերուն հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը՝ մատնանշելով, որ տարածաշրջանէն ներս կայունութեան հաստատման ճանապարհն է՝ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ կատարուած եռակողմանի յայտարարութիւններու յստակ իրականացումը։
Ուաշինկթընն ալ Պրիւքսելի այս օրուան ժամադրութեան կապակցութեամբ ընդգծեց իր դիրքորոշումը։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը կոչ ուղղեց, որպէսզի Հայաստան եւ Ատրպէյճան աշխուժացնեն իրենց դիւանագիտական ներգրաւուածութիւնը եւ հասնին համապարփակ խաղաղութեան համաձայնութեան։
Պրիւքսելի այս օրուան ժամադրութիւնը գրեթէ կը համընկնի Հայաստանի կողմէ Բերձոր (Լաչին) քաղաքի եւ շրջակայքի Ատրպէյճանին յանձնուելուն։ Ներկայիս արդէն Հայաստան-Արցախ կապը այլընտրանքային ճանապարհով մը կ՚ապահովուի։ Ռուս խաղաղապահներն ալ արդէն տեղակայուած են այնտեղ։
Եռակողմանի գագաթաժողովին ընդառաջ Ուաշինկթընէն հնչած կոչն ալ ուշագրաւ է՝ հաշուի առնելով վերջին օրերուն Պաքուի հետ ծագած տարակարծութիւնները։ Արդարեւ, ԱՄՆ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին համար նշանակած էր նոր համանախագահ մը՝ ի դէմս Ֆիլիփ Ռիքերի։ Պաքուի ղեկավարութիւնը պոռթկումով ընկալած էր այս քայլը, որուն վրայ հասաւ նաեւ Ատրպէյճանէն ուրիշ անհանգստութեան մը մեղադրախառն բարձրաձայնումը։ Արդարեւ, Պաքուի մօտ ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի դեսպանները վերջին օրերուն մերժած էին այցելել Շուշի՝ Ատրպէյճանի հրաւէրին ընդառաջ։ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած քաղաքը այցելել մերժած էին դեսպանները։ Մինչ այդ, Ֆրանսա պաշտօնապէս շնորհաւորեց ամերիկացի նորանշանակ համանախագահ Ֆիլիփ Ռիքերը։ Յամենայնդէպս, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան գործունէութեան վերաբերեալ տարակարծութիւնները միայն Պաքու-Ուաշինկթըն եւ Փարիզ առանցքին վրայ չեն։ Մոսկուան ալ նոյն յաճախականութեան վրայ կը գտնուի՝ իր պատճառներով։ Իսկ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան երէկ ողջունեց Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ի դեսպաններու՝ Շուշի չայցելելու որոշումը։