ԱՐԺԵՀԱՄԱԿԱՐԳԵՐՈՒ ՓԼՈՒԶՈՒՄ
Աշխարհը կը քարանայ: Կը քարանան նաեւ մարդոց սրտերը: Ազատութեան քօղի տակ կը կորսնցնենք մեր իրական ազատութիւնը: Ջերմութիւնը կը փոխարինենք սառնութեամբ ու անտարբերութեամբ: Խորասուզուած համացանցի մէջ, կը կորսնցնենք ապրելու վայելքը: Մարդկութեան օրը կը սկսի ու կը վերջանայ համացանցի մէջ:
Ես եկած եմ աւելի մաքուր աշխարհէ, ուր ժողովուրդը տէր կ՚ըլլայ իր արժէքներուն, ուր կ՚ապրի ջերմութիւնը, փողոցներու մէջ կը թափառի իրական սէրը: Մարդիկ պարզ են, անկեղծ ու բարի: Այսօր կը ջանան մեր աշխարհը հիմնայատակ քանդելու՝ հողին հաւասարեցնելու:
Ներկայիս գլխապտոյտ ժամանակաշրջանին կը շտապեն փլուզել արժէքները: Մինչդեռ արժէքները պէտք է ո՛չ թէ փլուզել, այլ յղկել, վերանայիլ: Իմ մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներուն, երեխաները կ՚երկիւղէին մեծերէն: Իւրաքանչիւրը կ՚ունենար մէկը, որուն կ՚ուզէր նմանիլ, որուն կ՚ուզէր հետեւիլ, ընդօրինակել զայն: Այսինքն ամէն մի բալիկ իր հերոսը կը գտնէր իրմէ քանի մը տարիով մեծ պատանիի կամ երիտասարդի մէջ: Իսկ այսօրուան երեխաներուն հերոսները անիրական են՝ սարդ մարդի, սիւփէր հերոսի տեսքով: Այսօրուան սերունդը շատ պաղ է, անտարբեր իր շրջապատի ու աշխարհի նկատմամբ: Անոր մօտ կը պակսի կենդանութիւնը, ջերմութիւնը, սէրը: Սիրոյ պատառիկները կը հալին: Զոյգերը կ՚ամուսնանան առանց իրենց մէջ ունենալու այդ աստուածային զգացումը: Երեք տառ ու մի ամբողջ աշխարհը: Շատերու համար նոյնիսկ խորթ է ամուսնութիւնը. կը գերադասեն մինչեւ իրենց կեանքին վերջ վայելել մինակութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ, համայն մարդկութիւնը ամբողջ կեանքի հոլովոյթին փնտռտուքներու մէջ է՝ սիրոյ, ջերմութեան, քնքշանքի, փոխադարձ յարգանքի ու ընբռնումի: Զարմանալի՜ մարդ:
Կը փնտռենք այն, ինչ որ ունինք, ինչ որ կախեալ է միմիայն մեզմէ: Տեղը գիտենք, սակայն կը ծուլանանք մօտենալու: Ոչ մէկը կը սիրէ մեղանչել, սակայն ամէնքս՝ առանց բացառութեան սիրահարուած ենք մեղքին: Այնքան հմայուած ու տարուած ենք մեղքով, որ կը հրաժարինք ընդունիլ ճշմարտութիւնը: Այլեւս աստուածային արարածը մեղքը ընդունած է ճշմարտութեան փոխարէն: Ո՜հ, ինչ սարսափելի...
Մտամոլոր կը կորսնցնենք կեանքին իմաստը: Յիրաւի, ո՞րն է կեանքի իմաստը: Եթէ չկայ սէր, հաւատ, յոյս, փափաք: Եթէ ընտանիքի գաղափարը գետնի տակ, հարիւր մեթր՝ խորունկ թաղուած է: Մարդկութիւնը՝ եսակեդրոն աշխարհը, յանուն ինչի՞ կը սիրէ կեանքը: Յանուն զուարճանքի՞ ու կուշտ եւ համով սնուելու: Այո, մեր կեանքի իմաստը դարձած է համով սնուիլը, զուարճանալն ու յարմարաւէտութիւնը: Ծուլութիւնը այնքան յառաջացած է, որ գիտութիւնը կը գործածենք հասնելու ծուլութեան ամենավերջին բջիջներուն: Ոչ մէկը կ՚ուզէ զինքը նեղութեան մատնել յանուն կողքինի յարմարաւէտութեան: Քսանմէկերորդ դարուն մէջ պատուաւոր տեղ կը զբաղեցնէ. «ի՞նչ ընենք» արտայայտութիւնը:
Երկիրը կը քանդուի՝ ի՞նչ ընենք, ի՞նչ կրնանք ընել:
Մարդուն զաւակը իր սեռը կը փոխէ՝ ի՞նչ ընենք, անոր որոշումն է:
Հայը կը ձուլուի՝ ի՞նչ ընենք, կը սիրէ:
Փաշինեանը կը շարունակէ մասնատել Հայաստանն ու Արցախը, օր ու մէջ գիւղ մը կամ քաղաք մը նուիրելով՝ ի՞նչ ընենք, չ՚երթար: Մենք ալ չենք ուզեր:
Ու այս բոլորը կը գրուի միմիայն դիմատետրի պատին՝ բազմոցին նստած: Մարդ կը զգայ վտանգը, սակայն ինքնապաշտպանութեան չի դիմեր՝ ինքնակամ կը կոտորուի: Այս շարքը անվերջանալի է: Մենք մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ ելած ենք ճամբայ առանց Աստուծոյ: Իսկ չարը՝ տեսնելով մեզ անպաշտպան, անմիջապէս կը յարձակի ու բոյն կը հիւսէ եւս մէկ հոգիի մէջ: Չարը երբեք նախապէս չի պատմեր իր ծրագիրներու մասին: Ընդհակառակը՝ կը ձեւանայ բարի՝ գեղեցիկ ծրարաւորուած, ախորժելի տեսքով, անուշահոտ, բուրաւէտ, ցանկալի կ՚երեւի: Եւ մեր հոգիները գտնելով անպաշտպան՝ անարգելք կը տեղաւորուի: Եօթանասուն տարի չարի կայսրութեան՝ Սովոտական Միութեան մէջ ապրելէ վերջ, մինչեւ այսօր մենք չկրցանք ազատիլ չարի կապանքներէն: Մեր յաղթանակած երկիրի իշխանաւորները քսանհինգ տարիներու ընթացքին անուշադրութեան մատնեցին մեր ազգաբնակչութեան հոգեւոր կրթութիւնը: Իսկ չարը, սատանան, նշմարելով, որ մեր ժողովուրդը անգամ տարրական հոգեւոր կրթութիւն չունի, չի կրնար տարբերել չարը բարիէն, լաւը վատէն, իր դրածոն քօղարկած այդ նոյն ժողովուրդի ձեռամբ բազմեցուց հայոց գահին: Մինչեւ այսօր ալ ժողովուրդը անկարող է ինքնափրկուելու մոլորութենէն:
Աստուած պահապան ու օգնական հայոց աշխարհին, հայ ժողովուրդին:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան