ԱՊԱԳԱՆ ԿԸ ՅՍՏԱԿԱՆԱՅ
Երէկ, Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը՝ միջնորդութեամբ ու մասնակցութեամբ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի։ Եռակողմանի գագաթաժողովի ընթացքին քննարկուեցան գերիներու ազատ արձակման, կորսուածներու ճակատագրի պարզաբանման, սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան, տարածաշրջանային ապաշրջափակման, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ հարցեր։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ համաձայնութիւն գոյացած է արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով շարունակել առարկայական բանակցութիւնները՝ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի մշակման ուղղութեամբ։ Հայաստանի կառավարութեան հաղորդագրութեան մէջ մատնանշուած է, որ արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին։ Երէկուան գագաթաժողովէն վերջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Փաշինեան-Միշել-Ալիեւ յաջորդ հանդիպումն ալ տեղի պիտի ունենայ նոյեմբերին։ Նոյնպէս մատնանշուեցաւ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Պրիւքսելի մէջ՝ նոյնպէս նոյեմբերին։ Հայաստանեան մամուլէն կարգ մը թերթեր ալ երէկ արդէն գրած էին այս մասին։
Պրիւքսելի երէկուան գագաթաժողովէն վերջ Շարլ Միշելն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ ան շեշտեց Ատրպէյճանի կողմէ հայ գերիներու ազատ արձակման կարեւորութիւնը։
«Ինչպէս համաձայնած էինք մայիսին, մեր վերջին հանդիպման, ես այսօր հիւրընկալեցի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Սա մեր չորրորդ քննարկումն էր այս ձեւաչափով։ Մեր քննարկումները կեդրոնացած էին Հարաւային Կովկասի վերջին զարգացումներուն եւ ԵՄ-ի ու այս երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն վրայ», նշած է Միշել, որու գնահատմամբ՝ երէկուան քննարկումները եղած են բաց եւ արդիւնաւէտ։ Ուստի, ան շնորհակալութիւն յայտնած է Փաշինեանին եւ Ալիեւին։
«Այսօր մենք համաձայն ենք աշխուժացնել բովանդակային աշխատանքը Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները կարգաւորելիք խաղաղութեան պայմանագրի գծով յառաջխաղացման ուղղութեամբ եւ յանձնարարած ենք արտաքին գործոց նախարարներուն, որպէսզի հանդիպին մէկ ամսուան ընթացքին՝ աշխատելու համար թեքստերու նախագծերու վրայ», նշած է Միշել՝ դիտել տալով, որ մանրամասն քննարկում տեղի ունեցած է նաեւ մարդասիրական հարցերու շուրջ՝ ներառեալ ականազերծումները, գերեվարուածներու եւ կորսուածներու ճակատագիրը։ Շարլ Միշել ընդգծած է Ատրպէյճանի կողմէ հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման կարեւորութիւնը։ ԵՄ պիտի շարունակէ զբաղիլ այս հարցով։
Շարլ Միշելի յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ սահմանազատման հարցերուն։ Նշուած է, որ քննարկուած են կայուն իրավիճակի մը լաւագոյնս ապահովման հաւանական եզրերը։ «Մենք պայմանաւորուեցանք, որպէսզի սահմանային յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպումը նոյեմբերին տեղի ունենայ Պրիւքսելի մէջ», նշեց Շարլ Միշել։
Եռակողմանի հանդիպման ընթացքին քննարկուած է նաեւ փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման հարցը։ «Ես կը փափաքէի ընդգծել, որ կարեւոր է երկու կողմերու բնակչութիւնը պատրաստել երկարաժամկէտ կայուն խաղաղութեան», շեշտած է երէկուան բանակցութիւններէն վերջ Շարլ Միշել։ Այս առումով ան կարեւորած է հանրութեան ուղղուած ուղերձները՝ ընդգծելով, որ ԵՄ պատրաստ է ապագային ալ ուժեղացնել իր աջակցութիւնը երկարաժամկէտ կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ։ ԵՄ պիտի շարունակէ նաեւ ջանքեր գործադրել տնտեսական զարգացման համար՝ ի շահ երկու երկիրներու եւ անոնց բնակչութեան։
Շարլ Միշելի յայտարարութեան մէջ ալ հաստատուած է, որ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի եռակողմանի այս նոյն ձեւաչափով դարձեալ հանդիպում մը տեղի ունենայ մինչեւ նոյեմբերի վերջը։
Պրիւքսելի մէջ այս ձեւաչափով նախապէս երեք հանդիպում տեղի ունեցած էր. առաջինը՝ 14 դեկտեմբեր 2021-ին, երկրորդը՝ 6 ապրիլ 2022-ին, իսկ երրորդը՝ 23 մայիս 2022-ին։ Երէկուան չորրորդ հանդիպումէն վերջ արդէն հրապարակուեցաւ նաեւ յաջորդ՝ հինգերորդ ժամադրութեան ժամկէտը։ Ըստ երեւոյթին, միջնորդական ջանքերուն մէջ առանցքը կը սահի դէպի Պրիւքսել։ Մոսկուան ալ հետզհետէ աւելի կը սաստկացնէ իր հակազդեցութիւնները՝ այս նախաձեռնութիւններուն դէմ։