ԱՆՄԻԱԲԱՆ, ԶԱՏՈՒԱ՜Ծ, ՀԱՏՈՒԱ՜Ծ

Կասկածէ վեր է որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին հայ ժողովուրդէն աւելի հարուստ, ինչպէս նաեւ աղքատ ազգութիւններ, սակայն ի տարբերութիւն բոլորին հայը ունի տարբեր բնաւորութիւն մը՝ որ յատուկ է միայն իրեն. հայը կը սիրէ հարստացնել օտարը, սակայն տեսնել հայու մը սնանկութեան առաջնորդուիլը՝ եղբայրասիրութեան հականիշ օրինակ մը դառնալով:

Հակառակ այն ճշմարտութեան, որ մեր բանաստեղծներն ու մտաւորականները գլուխնին պատէ պատ զարկած են «միասնութիւն» ըսուածը հասկցնելու... երբեք ալ չենք հասկցած եւ կարծես միտք ալ չունինք հասկնալու:

Մենք օտարինը միշտ աւելի լաւ, աւելի բարգաւաճ կարծելու ախտէն կը տառապինք: Չափազանցած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ նոյն ծառէն քաղուած պտուղ մը հայը կը նախընտրէ գնել օտար պտղավաճառէն՝ քան հայէն, որովհետեւ կայ այն համոզումը, որ օտարինը մի՛շտ աւելի լաւ ու որակով է:

Հայը այս հոգեբանութիւնը ո՛չ թէ միայն շուկայական գետնի վրայ, այլ ամէ՛ն տեղ ունի եւ իրական գետնի վրայ հետեւեալ պատկերը կը պարզէ:

ԿՐԹԱԿԱՆ.- Ահաւասիկ մի քանի օրեր ետք դպրոցական վերամուտն է. սփիւռքի մէջ շա՜տ մը դպրոցները հոգեվարքի մէջ են՝ աշակերտի պակասութեան հետեւանքով. մեր դպրոցներուն այդ վիճակին մէջ յայտնուիլը դարձեալ մեր ազգի մեղաւորութիւնն է, որովհետեւ հայկական աւանդութեան համաձայն հայկական վարժարանին որոշ գումար մը «սուղ» նկատող ծնողներ, այդ գումարին եռապատիկ վճարել յանձն կ՚առնեն օտար վարժարաններու մէջ՝ առանց երբեք բողոքելու: Այս վիճակը ո՛չ մէկ ձեւով կարելի է վերականգնել. հայկական վարժարանը անվճար ընելու պարագային «ձրի է... ուսումը մակարդակ չ՚ունենար» պիտի ըսեն. միջին գումար ճշդես իրենք իրենց պիտի «չվայլեցնեն» իրենց զաւակները հո՛ն ղրկել, իսկ եթէ գործող միւս դպրոցներու հաւասար կրթաթոշակ ճշդես «իրենք իրենց ի՞նչ կը կարծեն որ...» պիտի ըսեն եւ պիտի նախընտրեն աւելի վճարելով օտարին քով ղրկել:

Նոր օրերու յատուկ խնդիր մը չէ այս մէկը եւ որպէս փաստ կ՚ուզեմ յիշել շաբաթ, 13 յուլիս 1929-ի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի թիւը, որուն առաջին էջին մէջ հրատարակուած «Կրթական վաստակաւորի մը համար» խորագրեալ խմբագրականին մէջ կը կարդանք. «Մեր ծնողները շատ սխալ ուղղութեան մը կը հետեւին օտար կրթական հաստատութիւններու դուռը ափ առնելով եւ ահագին դրամ վճարելով անոնց: Եթէ նոյնքան առատաձեռն գտնուին բուն իսկ մեր վարժարաններուն համար, մեր կրթական գործը կրնայ լաւագոյն կերպով շարունակուիլ»:

Մուշեղ Իշխան 1968 թուականին Լիբանանի մէջ հրատարակած «Տառապանք» աշխատութեան «Հինգ դար առաջ» բանաստեղծութեան մէջ հետեւեալ տողերը կը գրէ. «նոյնն էր երէկ, նոյնը այսօր...», փաստօրէն տակաւին նոյնն է ամէն բան:

ՀՈԳԵՒՈՐ.- Հայը իր պսակադրութեան ժամանակ կը սիրէ մեծամեծ գումարներ վճարել հիւրասիրուելիք ճաշերուն, զարդերուն, նկարողներուն, կարկանդակին, երգիչին, ինքնաշարժներուն եւ հագուստներուն, սակայն երբ կարգը հասնի «Ազգային Տուրք»ը վճարելու կամ եկեղեցական արարողութեան համար վճարում ընելու կը երկմտի... չես գիտեր ինչու, յանկարծ կը կարծեն որ եկեղեցին պարտաւոր է այդ բոլորը անվճար կատարել, մոռնալով որ եկեղեցին ալ իր կարգին ունի ծախսեր՝ շինութեան եւ նորոգութեան, քարտուղարներու, քահանաներու աշխատավարձի, դպրապետի, եկեղեցական շապիկներու, սպասներու, խունկերու եւ հազար ու մէկ բանի կապուած:

Առիթով մը (ցաւ ի սիրտ) հայու մը պսակի արարողութեան հրաւիրուած էի, որ տեղի պիտի ունենար Լիբանանի արաբական եկեղեցիներէն մէկուն մէջ. պսակի արարողութիւնը տեւեց մօտաւոր մէկ ժամ... մեր հայերը լուռ են: Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ թող պսակի արարողութիւնը կէս ժամը անցնի... եւ լսեցէ՛ք այդ ժողովուրդին բողոքը, որ լուռ ու մունջ նստած էր արաբական եկեղեցւոյ մէջ: Աւելորդ կը նկատեմ խօսիլ այն աւելորդ ծախսին ու զեխութեան, որ կատարած էր հայ զոյգը՝ արաբական եկեղեցին զարդարելու եւ գեղեցկացնելու:

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ.- Մշակութային մեր անկումը յստակ ու պարզ դարձնելու համար կ՚ուզեմ յիշել «Հրապարակ» լրատուականին տուտուկահար Ջիւան Գասպարեանին հետ կատարած մէկ հարցազրոյցը. «Հրապարակ» հանգուցեալ երաժիշտին հետեւեալ հարցը կու տայ. «Պարոն Գասպարեան, Քրեմլինի մէջ ձեր ելոյթները լեցուն դահլիճներու մէջ կ՚ըլլան, սակայն Երեւանի ձեր մենահամերգին շատ մարդ չկայ. ինչո՞ւ»: Պատճառը այն չէ որ Քրեմլինի մէջ աւելի հայ կայ՝ քան Երեւան. պատճառը ա՛յն է, որ օտարը աւելի՛ գիտէ արժեւորել մեր երաժշտութիւնն ու մշակոյթը քան մենք։ Կոմիտաս Վարդապետ Եւրոպայէն ղրկած իր նամակներէն մէկուն մէջ ի զուր չէր ըսեր. «օտարներ մեզնով աւելի հետաքրքրուած են՝ քան մերոնք...»:

Այսօր սփիւռքի տարածքին ինչքա՜ն նուիրեալներ ունինք, որոնք երաժշտութեան ճամբով կը փորձեն կենդանի պահել հայ մշակոյթը, սակայն անոնց ելոյթները կ՚անցնին գրեթէ առանց հանդիսատեսի. բայց թող ելոյթ ունենայ արաբ կամ ամերիկացի սիրուած երգիչ մը... հաւատացէ՛ք արաբներէն եւ օտարներէն շա՜տ աւելի կ՚ըլլայ հայերուն թիւը: Ամբողջ կեանքը «Անոյշ օփերա» չլսած հայը մեծ գումարներ կը տրամադրէ երթալ լսելու ա՛յն ամերիկացիին՝ որուն երգածէն բառ մը անգամ չի հասկնար:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ.- Հայաստանի մէջ շա՜տ չնչին տուգանք վճարող հայեր կը բողոքեն, կը բամբասեն կառավարութիւնն ու պետութիւնը, սակայն նոյն հայերը Եւրոպայի կամ Ամերիկայի մէջ իրենց կատարած սխալներուն դիմաց, առանց ձայներնին կարենալ բարձրացնելու կը վճարեն տասնապատիկը աւելի մեծ գումար՝ սակայն չեն բողոքեր: Հայաստանի մէջ բանուորութիւն ընելը ամօթ նկատող հայը յանկարծ օտարութեան մէջ կը դառնայ բանուոր, որովհետեւ համոզուած է որ բանուորութիւն ընելը ամօթ չէ, պարզապէս Հայաստանի մէջ բանուոր ըլլալն է ամօթը:

Նոր որ Հայաստան եկայ զարմացայ, թէ ինչու Հայաստան սեփական արտադրութիւն քիչ ունի. ամէ՛ն բան գրեթէ ներմուծուած է երկիր. հաւանաբար այս է պատճառը արտադրանք չունենալու, որովհետեւ ի՛նչ ալ արտադրուի՝ օտարինը աւելի արժէք պիտի ունենայ:

Այս բոլորէն ետք կը մեղքնամ Չարենցին, որ իբր սղագրութիւն գաղտնի ձեւով այս ժողովուրդին հասկցնել ուզած է... որ փրկութիւնը միասնութեան մէջ է. թող Գէորգ Էմին յաւերժութեան մէջ բացատրէ Չարենցի, որ «Ամէն մի հայ մի Հայաստան» է՝ սակայն «բաժան-բաժան, անմիաբան...»:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -33-

Աշակերտութեանս օրերուն պարսկահայ տղայ մը կար՝ Համլիկ անունով, որուն հետ երբեք հաշտ չեմ կրցած ըլլալ։ 

Համլիկ ընթերցասէր տղայ էր, սակայն երբեւէ հայերէն գիրք չէր կարդացած. աւելին՝ համոզուած էր, որ հայ գրողներուն գործերը իր բառերով «պարապ բաներ» են։ Հայերը շա՜տ ճամբայ ունէին հասնելու անոնց՝ որ ինք կը պաշտէ։ 

Երաժշտութեան պարագան ալ նոյնն էր, համոզուած էր, որ հայերը միայն մելամաղձոտ երգեր կ՚երգեն, մինչ իր պաշտելիները կեանքը կը խնկարկէին։

Իրականութեան մէջ սխալմունք մըն էր իր հայ ծնիլը, ինք պէտք էր ամերիկացի ծնած ըլլար։ 

Այսպէս ապրող հայեր շա՜տ ունինք…

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2022