ԿԱՆԽԱՏԵՍԵԼԻ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Օգոստոսի 25-ին Լաչինի, Աղաւնոյի եւ Սուսի բնակիչները վերջնապէս լքեցին իրենց տուները։ Բնակավայրերը ամայացան։ Վերջնագիրը Ատրպէյճանի կողմէ պարտադրուած էր եւ վաւերացուած՝ ռուս խաղաղապահներուն կողմէ։
Ի՞նչ կ՚արժեն վերջին ժամու ափսոսումները, յուզական եւ հէյ-վա՜խ արտայայտութիւնները, երբ հայութիւնը, անոր քաղաքական ուժերը՝ երկուքի բաժնուած, երկու տարի զիրար ամբաստանելով եւ պարտութեան խարանը մէկը միւսին վրայ բարձելու աշխատանքով տարուած էին։
9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութենէն ի վեր յայտնի էր այդ երեք հայկական բնակավայրերուն՝ Ատրպէյճանի յանձնուելու ճակատագիրը, փաստաթուղթին 6-րդ կէտին համաձայն։ Բացի եթէ նախօրօք աշխատանք տարուած ըլլար այդ գիւղերուն բնակչութեան տեղահանութիւնը կանխելու ուղղութեամբ թէ՛ ռուսական կողմին, թէ՛ միջազգային հասարակութեան եւ թէ՛ Ատրպէյճանի հետ։ Եւ ո՞վ պէտք է տանէր այդ աշխատանքը։ Բնականաբար համայն հայութիւնը, այն «եռամիասնութիւն»ը, որ տարիներէ ի վեր ամէն ազգային հանդիսութեան գովերգուած է անցեալի ու ներկայ իշխանաւորներուն, կառավարական մեծամասնութեան եւ ընդդիմութեան, ինչպէս նաեւ սփիւռքի բոլոր կառոյցներուն կողմէ։ Սակայն, պարտութենէն երկու տարի ետք ի՞նչ բանի ականատես եղանք։ Ատրպէյճանի՝ Արցախը Հայաստանին կապող նոր միջանցք կառուցելու տքնաջան աշխատանքին, առանց հայկական կողմին հետ խորհրդակցելու եւ անոր տարի մը շուտ գործածութիւնը պարտադրելու վճռակամութեան՝ ռուս խաղաղապահ զօրախումբին, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան լռելեայն համաձայնութեան, իսկ հայութեան «եռամիասնութեան» զիրար յօշոտելու աստիճան ատելավառ երկբեւեռ բաժանումին։
Ատրպէյճանի կառավարութիւնը Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանին (ԵՄԻԱ) միջանկեալ դիմում ներկայացուցած էր կանխելու համար Բերձորի միջանցքի տեղացի բնակչութեան կողմէ իր իսկ տուներու հրկիզումը եւ մշակութային արժէքներու քանդումը, իմա՝ խաչքարերու եւ մշակութային այլ արժէք ներկայացնող կոթողներու տեղափոխումը Արցախ կամ Հայաստան։
Ատրպէյճանի դիմումին ԵՄԻԱ-ի բացասական պատասխանը չէ այնքան հետաքրքրականը՝ որքան անոր խորամանկութիւնը, միջազգային հանրութեան առջեւ հայութիւնը ծաղրելու անոր մարտավարութիւնը, որ ԵՄԻԱ-ին դիմելով կ՚ամբաստանէ հայ բնակչութիւնը եւ տեղական իշխանութիւնները իրենց իսկ մշակութային արժէքները քանդելու մեղադրանքով։ Շատ կազմակերպուած կերպով իրագործուած մարտավարութիւն մը, որ Ատրպէյճանի ընկերային ցանցերու վրայ լայնօրէն կը շրջէր։
Միաժամանակ, Հայաստան եւս դիմած էր ԵՄԻԱ-ին եւ վկայակոչած վերջին շրջանի Ատրպէյճանի արիւնալի զինեալ յարձակումները խաղաղ բնակավայրերու վրայ եւ Բերձորի, Աղաւնոյի համայնքներու բնակչութեան տեղահանման սպառնալիքները։ ԵՄԻԱ կողմերը հրաւիրած է ձեռնպահ մնալու այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան յանգեցնել քաղաքացիական բնակչութեան՝ ԵՄԻԱ-ի կանոնադրութեամբ պաշտպանուող իրաւունքներու խախտման։ Ան վերահաստատած է 29 սեպտեմբեր 2020-ին եւ նոյեմբերի 3-ին արձակած վճիռները՝ Հայաստանի իշխանութիւններու դիմումին հիման վրայ, Արցախի պատերազմին սկիզբը խաղաղ բնակչութիւնը թիրախաւորած Ատրպէյճանի յարձակումները կասեցնելու նպատակով։
Ի՞նչ արժէք ունին այսօր ԵՄԻԱ-ի որոշումները, երբ միջազգային օրէնքի խախտումները դարձած են միջազգային օրինաչափութիւն, այն նոյն գերպետութիւններուն կողմէ, որոնք միջազգային ատեաններուն մէջ միջազգային օրէնքը վերահսկելու պարտաւորութիւնը ունին։ ԵՄԻԱ-ի որոշումները ունին քարոզչակա՞ն արժէք։ Անկասկա՛ծ։ Այլապէս, Արեւմուտք-Ռուսաստան առճակատումին մէջ, ինքնապաշտպանութեան կարողութենէ զուրկ պետութիւնները միշտ տուժողի եւ շահագործուողի դիրքին մէջ կը գտնուին, իսկ աշխարհաքաղաքական, ռազմական եւ տնտեսական կարողութիւն ունեցող պետութիւնները՝ իրենց անօրինութիւնները պարտադրողի եւ ընդունելի դարձնողի։ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը լաւագոյն օրինակները կը հանդիսանան այս իրավիճակին։
Լաչինի, Աղաւնոյի եւ Սուսի բնակիչներու տեղահանութիւնը կանխատեսելի էր, ինչպէս որ կանխատեսելի էր Արցախի երկրորդ պատերազմի պարտութիւնը՝ ի տես հայկական բանակի հրամանատարութեան եւ քաղաքական դասու անհեռատես քաղաքականութեան։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի