ՄԱՄՈՒԼՆ ՈՒ ԴԵՐԸ (Գ.)

Ժողովրդավարական հասարակութիւններու կամ պետութիւններու մօտ հնարաւոր չէ հրաժարիլ մամուլէն եւ մտքի ազատութենէն։ Սակայն, ինչպէս բոլոր տեսակի իրաւունքներն ու ազատութիւնները, մամուլի ազատութիւնն ալ անսահմանափակ չէ։ Անձնական իրաւունքը մամուլի ազատութեան կարեւորագոյն սահմանն է մասնաւոր իրաւունքի տեսանկիւնէն։

Մամլոյ հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնուած այն հարցը, որ կը խախտէ անձնական իրաւունքները, անօրինական չ՚ըլլար այնքան, որքան կը բխի հանրային շահերէ։ Հասարակութեան իրազեկուածութեան նկատմամբ հանրային շահը ձեւով մը կը չէզոքացնէ «յարձակման» անօրինական ըլլալու բնոյթը։ Հաստատ դէպքի մը պարագային մամլոյ ազատութեան կամ անձնական իրաւունքի պաշտպանումը կամ զոհաբերումը կ՚որոշուի «արժէքներու կշռման» սկզբունքով։ Մամլոյ պատասխանատուութիւնը պէտք է սահմանուի՝ առանց խախտելու թէ՛ մամլոյ ազատութեան եւ թէ՛ անձնական իրաւունքի նուրբ հաւասարակշռութիւնը։

Մամլոյ հաղորդագրութեան մը մէջ հանրային հետաքրքրութեան մասին խօսելու համար պէտք է գործել հետեւեալ սկզբունքներով. մամուլի հաղորդագրութիւն մը պէտք է ըլլայ լրատուական, պէտք է օգտագործէ համապատասխան գործիք (գրութիւն, նկար, գծանկար, երգիծանկար), լուրերու ու քննադատութեան մէջ պէտք չէ գերազանցուի բուն նպատակը, լուրերը պէտք է ըլլան ճշմարիտ ու առարկայական։ Եթէ ​​անձի մը իրաւունքները ոտնահարուին այս որակաւորումները չունեցող հրապարակմամբ մը, ապա կարելի է որոշ իրաւական ճանապարհով լուծման դիմել մամուլի դէմ։

Բացի այս բոլորէն, ինչպէս յաճախ կ՚ընդգծուի Եւրոպայի Մարդու իրաւանց ատեանի արձակած կարգ մը վճիռներու մէջ, պէտք չէ անտեսուի, որ կարեւոր հանրային պարտականութիւններով մարդոց (քաղաքական գործիչներ, արուեստագէտներ եւ այլք) վարքի ու բարքին մասին լուրերը, հրապարակուած նկարները պէտք է ըլլան աւելի հանդուրժողական։

Եթէ ​​այս գնահատումներու արդիւնքին եզրակացուի, որ հրապարակումը կը խախտէ անձնական իրաւունքները, որոշ իրաւական պաշտպանութեան միջոցներ նախատեսուած են կարգ մը երկիրներու քաղաքացիական օրէնսդրութիւններու մէջ։

Համապատասխանաբար, մամուլի միջոցաւ անձնական իրաւունքը ապօրինի կերպով խախտուած անձ մը կրնայ օգտուիլ «Մամուլի մասին» օրէնքի համաձայն՝ պատասխանելու եւ կատարուածը ուղղելու իրաւունքէն, ինչպէս նաեւ քրէական գործ յարուցել յարձակումը յայտնաբերելու, զայն կանխելու կամ վերացնելու համար։ Բաց աստի, եթէ անհատ մը, որու անձնական իրաւունքները ենթարկուած են ոտնահարման, կրած է նիւթական կամ բարոյական վնաս, ապա յարձակողի յանցանքի հաստատմամբ ան կրնայ նաեւ նիւթական եւ բարոյական վնասի համար դատական իշխանութիւններուն դիմել։

Այնուամենայնիւ, դժուար է ըսել, որ այդ կարգաւորումները բաւարար են մամուլի միջոցով անձնական իրաւունքներու ապօրինի խախտումը կանխելու համար։ Ուստի, մանաւանդ այս պատճառով է, որ մամուլի մէջ յաճախ կը հանդիպինք անձնական իրաւունքները ոտնահարող հրապարակումներու։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•վերջ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2, 2022