ԿԱՄԱՅ-ԱԿԱՄԱՅ ՊԱՅՔԱՐԻ ՄԷՋ ԵՆՔ
Յաճախ երբ կը կարդամ նախնիներու գրութիւնները, կը նկատեմ, որ անոնք ընդհանրապէս գրած են սիրոյ, հաւատքի, ապաշխարութեան, հայրենիքի եւ հայրենասիրութեան մասին։ Գրած են այս բոլորին մասին, որովհետեւ մարդոց մտահոգութիւնները ընդհանրապէս եղած են այդ բոլորը, սակայն մեր օրերուն մտահոգութիւնները ամբողջութեամբ ուրիշ են։ Այսօր հաւատք, բարոյականութիւն, հայրենասիրութիւն եւ բոլոր սրբազան արժէքները իրենց տեղը զիջած են մէկ բանի՝ դրամասիրութեան, որ դարձած է բոլոր մարդոց ախտը։
Ներկայ կեանքին մէջ ամէ՛ն բան դրամի շուրջ կը դառնայ, որովհետեւ մեր օրերուն դրամը ուժը ունի նոյնիսկ բարոյական «սրբազան» արժէքներուն վրայ ազդելու։ Այսօր մարդը մարդ ընողը իր կարողութենէն, նկարագիրէն ու կեցուածքէն աւելի իր նիւթական վիճակն է։
Թէեւ անցեալին այդքան ալ շեշտուած չէր դրամասիրութեան ախտը, սակայն դարձեալ գոյութիւն ունէր խտրականութիւնը։
Եթէ անցեալին խտրականութիւնը լոկ մարդոց վերաբերմունքով սահմանափակուած էր, այսօր վիճակը ուրիշ է։
Վստահ եղէք, որ աշխարհի վրայ չկայ աւելի շատ բան՝ քան դրամը, որ ոմանց մօտ աներեւակայելի՜ շատ, իսկ ուրիշներու մօտ ընդհանրապէս գոյութիւն չունի։ Այսօր մարդկային միտքը կարողութիւնը չունի ընկալելու, թէ ինչքա՜ն մեծ գումարներ գոյութիւն ունին աշխարհի վրայ՝ անարդար պայքարի պատճառ դառնալով հարուստին եւ աղքատին միջեւ։
Դրամապաշտութիւնը կը հետեւի Աստուածաշնչական այն խօսքին, որ կ՚ըսէ «ունեցողին աւելիով պիտի տրուի»։ Մեր օրերուն այդ է որ տեղի կ՚ունենայ. հարուստը օրէ օր աւելիով կը հարստանայ, մինչ աղքատը աւելիով կ՚ընկղմի աղքատութեան մէջ։
Ցաւ ի սիրտ, մեր հայրենիքի մէջ եւս պարագան տարբեր չէ. Երեւանի կենդրոնէն քիչ մը հեռացէք եւ պատերուն պիտի սկսիք տեսնել «Շտապ գումար», «Վարկեր» արձանագրութիւնները, որովհետեւ կեանքի դժուարին պայմաններուն չդիմացողները ակամայ կը դիմեն պարտքերու՝ որոնց բեռին տակ կքելով աւելիով կը թաւալին աղքատութեան տիղմին մէջ։
Աշխարհի մէջ այսօր ամէն բան ի շահ հարուստին է։
Այսպէս.- աղքատը որպէս գործաւոր կ՚աշխատի հարուստին մօտ եւ իր գործով հարուստը կը հարստացնէ, որուն դիմաց կը ստանայ որոշ գումար։ Այդ ստացած որոշ գումարը գործաւորը կը ծախսէ այլ հարուստներու մօտ՝ իր առօրեայ պէտքերը հոգալու համար։ Եթէ կեանքին պայմանները դժուար ըլլան, հարուստէն գումար կը վերցնէ որպէս պարտք, այն պայմանով որ հարուստէն առած գումարէն շատ աւելին վերադարձնէ հարուստին։ Ու այսպիսով աղքատը հարուստին մօտ աւելիով կ՚աշխատի, որպէսզի հարուստէն առած գումարով հարուստը հարստացնէ։
Ցաւ ի սիրտ, հայրենիքի մէջ ապրող մեր հայորդիներէն շատեր այս անտրամաբանական ծուղակին մէջ կը գտնուին եւ այս պայքարէն անկասկած յաղթական դուրս կու գայ հարուստը։
Վերջերս բարեկամ մը կը խօսէր իր գործատիրոջ մասին, որուն համար կ՚ըսէր. «չի գիտեր ինչքան գումար ունի»։ Հաւատացէք, աշխարհի վրայ կան մարդիկ որ այնքա՜ն շատ հարստութիւն ունին, որ իրենց կեանքի ընթացքի 5-6 առ հարիւր տոկոսը գործածեն հաւանաբար։ Աշխարհի մէջ անհամար գումարներ առանց գործածութեան մէջ մտնելու ի պահ կը դրուին դրամատուներու մէջ՝ առանց արեւի լոյս տեսնելու, մինչ ուրիշ խաւ մը անոնց աննշմար մի քանի թուղթին հասնելու համար հոգի կը մաշեցնեն։
Այնքան ատեն որ դրամը գոյութիւն է աշխարհի վրայ, այս անարդար պայքարը վերջ պիտի չունենայ, որովհետեւ դրամասիրութեան մէջ ո՛չ թէ մարդկային, այլ անասնական բնութիւնը կը գործէ՝ ուր մեծ ձուկը մի՛շտ կ՚ուտէ պզտիկ ձուկը։
Այս բոլորը աշխարհին յատուկ «օրէնք»ներ են, որոնց լուծում տալը դժուար է, սակայն կայ կարեւոր բացթողում մը։ Ցաւ ի սիրտ կրթական ծրագիրներուն մէջ տեղ չենք տուած ներկայ օրերու ամենէն կարեւորին՝ դրամին։ Դպրոցական տարիներուն բոլորիս համար անյստակ էր անհաւասար այս պայքարը, որուն մասին լուռ կը մնային թէ՛ դասագիրքերը եւ թէ՛ ուսուցիչները։ Կը հաւատամ, թէ ներկայ դարուն անհրաժեշտութիւն է այդ բոլորին ուսումը, պատանի տարիքէն անհատը հոգեպէս պատրաստելու ա՛յն պայքարին, որուն կամայ թէ ակամայ մասնակիցը պիտի ըլլայ։
Այս պայքարին կրթութիւնը անհրաժեշտ կը նկատենք, որովհետեւ կեանք մը ամբողջ իւրաքանչիւր անհատ ինքզինք պիտի գտնէ այդ պայքարին մէջ՝ որ մինչեւ գերեզման վերջ պիտի չունենայ։
Աշխարհի վրայ օրական այդ պայքարին համար ոճիրներ տեղի կ՚ունենան։ Այդ պայքարին դիմաց պարտուած հազարաւոր կեանքեր ինքնասպան կը դառնան ու այսպէս շարունակ հարուստը աւելիով կը հարստանայ, իսկ աղքատը յաջողութեան երազը սիրտին պարտուած դուրս կու գայ։
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -35-
Կեանքիս ընթացքին ատած եմ ա՛յն անձերը, որոնք հարստութեան մէջ ապրելով անտարբերութեամբ դիտած են իրենց հարազատներուն տառապանքն ու պայքարը, սակայն շարունակած են մնալ անտարբեր։
Մեր մարդկային ընկերութիւնը լեցուն է նման անձերով։ Այդպիսի անձ մը ճանչցած եմ Լիբանանի մէջ:
Ճանչցած եմ երկու քոյրեր, որոնցմէ մին ամուսնացած է հարուստի իսկ միւսը աղքատի հետ։ Աղքատ քոյրը հիւանդ ամուսին ունենալով ամբողջ կեանքը չարչարուած է իր ամուսնոյն ու զաւակին պէտքերը հոգալու համար, մինչ հարուստ քոյրը անտարբերութեամբ ճամբորդած է երկիրէ երկիր, մսխելով այն գումարը, որուն աննշան մէկ մասին համար հարազատ քոյրը կը տառապի։
Ցաւ ի սիրտ դրամը այսօր հարազատ եղբայր-քոյրերու մէջ իսկ յաջողած է սպաննել գութը։ Այսօր ոչ ոք սրտցաւ է ուրիշին հանդէպ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ