ՇԱՐԺՈՒՄԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Աշխարհի վրայ մարդոց բոլոր խօսքերուն հաւատալը ինչքանով խոհեմութիւն է չեմ գիտեր, սակայն կասկածէ վեր է մարդուն խօսքերն ու բառերը ինչքան ալ ստեն ու խաբեն, աչքերը չե՛ն կրնար ստել: Մարդուն խօսքերը ինչքան ալ հեռու ըլլան իրականութենէն, աչքերն ու մարմնի շարժուձեւը անպայմանօրէն երեւան կը հանեն իրականութիւնը, այդ իսկ պատճառով վերջին դարաշրջանին գիտնականներ սկսան աւելիով կարեւորութիւն դարձնել մարդու շարժուձեւին, անոր իւրաքանաչիւր արարքին մէջ փորձել գտնելով իմաստ ու նշանակութիւն: Այս ոլորտը գիտութեան մէջ կը կոչուի շարժումագիտութիւն, որ կ՚օգնէ խուզարկու ոստիկաններուն խօսքերէն անդին շարժումներուն մէջ գտնել պատասխանը այն հարցին՝ որ կը մնայ անյստակ:

Շարժումագիտութիւնը ընդհանրապէս հիմնուած է զգացումներու վրայ, որոնք կը բացատրուին մարմինի արտայայտութիւններով եւ դիմախաղերով. հոգեբանութեամբ եւս կը բացատրուի, որ մարդ ուրախութիւնն ու տխրութիւնը չի կրնար տեսնել, այլ կրնայ տեսնել անոր արտայայտութիւնը եղող դէմքի նշանները, որով կ՚եզրակացնէ անձի մը ուրախ կամ տխուր ըլլալը եւ շարժումագիտութիւնը ճի՛շդ այս մէկն է որ կ՚ընէ:

Նկատի ունենալով շարժումագիտութեան գրեթէ «անսխալականութիւնը», գիտնականներ սկսան ուսումնասիրել եւ որոշ եզրակացութիւններ ընել՝ որով կարելի պիտի ըլլար բացատրել զգացումները. օրինակի համար ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, թէ մարդ մը անկեղծ ժպտացած ժամանակ աչքերուն շուրջ կնճիռներ կը յառաջանան, մինչ կեղծ ժպիտի պարագային կը բացակայի այդ մէկը:

Աշխարհը որոշ ժամանակ ետք այս բոլորին վրայ սկսաւ աւելիով կարեւորութիւն դարձնել, որովհետեւ պարզ դարձաւ, որ մարդ արարածը կրնայ խաբել իր անձն ու համոզումները, սակայն զգացումները՝ դժուար եւ հաւանաբար այդ է պատճառը, որ նոյնիսկ սիրոյ մէջ զոյգեր շատ անգամ խօսքէն աւելի այդ անկեղծ զգացումն է որ կը զննեն:

Շարժումագիտութիւնը երկու մասի կը բաժնուի.- մարմնական եւ դիմային։ Ընդհանրապէս մարդուն դիմագիծէն դիւրին կ՚ըլլայ գուշակել ու եզրակացնել անոր ուրախ, տխուր, կեդրոնացած, մտացրիւ, ինքնավստահ կամ վախի ազդեցութեան տակ ըլլալը: Յաճախ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք «ինչպէ՞ս ես» հարցումին «լաւ եմ» պատասխանը կու տան, սակայն իրենց դէմքէն կարելի կ՚ըլլայ կռահել, թէ իրապէս լաւ են թէ ոչ: Մարդ յաճախ կը փորձէ իր ենթակայութեան տակ վերցնել նաեւ դէմքի արտայայտութիւնները:

Դէմքի արտայայտութենէն ետք ամենէն կարեւոր մասը մարմնի անդամներն են՝ ձեռքը, բազուկները, մատները, ոտքերը եւ այլն, որոնք շատ բան կ՚ըսեն անձի զգացումներուն մասին: Անոնց մէջէն ամենէն կարեւորը ձեռքերն են, որոնք զգացումներ բացատրելու լայն կարողութիւն ունին. ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, որ ընդհանրապէս մարդ մը երբ սուտ մը կը փորձէ խօսիլ, ակամայ կը պահէ իր ձեռքերը, մինչ ճշմարտութիւնը ըսած ժամանակ ափերը ցոյց տալով կը խօսի:

Վստահաբար հանդիպած էք մարդոց, որոնք առանց զգալու արագ-արագ իրենց ձեռքի մատներն ու ոտքերը կը շարժեն. այդ մէկը պատճառ է կա՛մ անհանգստութեան, մտահոգութեան կամ խոր մտածումի:

Այսպէս, նկատենք թէ ոչ, մեր իւրաքանչիւր շարժում մասնագէտներու կողմէ կրնայ որոշ իմաստով թարգմանուիլ: Շարժումագիտութիւնը այսօր մեծ դեր կը կատարէ յանցագործներու կալանաւորման մէջ. մասնագէտ հետախոյզներ լաւապէս գիտեն շարժումագիտութեան ճամբով հետապնդել գործուած յանցագործութիւն մը:

Յանցաւորները հարցաքննող անհատներ, գիտեն շարժումագիտութեան ո՛ր մեթոտով սիրաշահիլ յանցագործը եւ ստեղծել մթնոլորտ՝ անկաշկանդ խոստովանութեան. ուսումնասիրութիւններ կը յայտնեն, որ նման պարագաներուն յանցագործին հանգստութիւն կը պատճառէ դիմացինին «հայելիի» դեր կատարելը. այսինքն հարցաքննողը կը նստի այնպէս՝ ինչպէս նստած է հարցաքննուողը:

Այս բոլորը նկատի ունենալով, այսօր աշխարհի շատ մը ղեկավարներ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն իրենց խօսքի կողքին իրենց շարժուձեւերուն. շատ անգամ ուսումնասիրողներ ղեկավարի շարժուձեւերէն կը փորձեն կռահել անոր ճշմարիտ կամ սուտ ըլլալը. օրինակի համար Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի վերջին իրադարձութիւններու ժամանակ յատուկ ուսումնասիրողներ Ռուսաստանի նախագահի խօսքերէն աւելի շարժումները կը քննէին, անոր մէջ իմաստ ու բացատրութիւն գտնելու համար:

Ներկայ առեւտրական աշխարհը մեծ կարեւորութիւն կու տայ «առաջին հանդիպումներուն». կազմակերպութիւններ մարդոց կենսագրութիւնը կարդալէ ետք անոնց գեղեցիկ դէմքերը տեսնելու համար չէ՛ որ կը հրաւիրեն հարցազրոյցի, այլ կը հրաւիրեն՝ տեսնելու համար բոլո՛ր նշուածներուն ճշտութիւնը, որովհետեւ խօսքն ու թուղթը կրնան խաբել՝ սակայն աչքերը ոչ:

Ինչքա՜ն տեղին են ռուս գրող Միխայիլ Պուլկաքովի բառերը. «լեզուն կրնայ ճշմարտութիւններ պահել, սակայն աչքերը ոչ»:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -36-

Առաջին յօդուածս թերթի մէջ տպագրուեցաւ 2006 թուականին՝ երբ տակաւին 13 տարեկան էի: Իրականութեան մէջ թերթի մէջ տպագրելու նպատակ ալ չունէի. յօդուած գրելու մտադրութիւն ալ չունէի:

Թերթին մէջ կար «գրող» մը, որ տարօրինակ հաստատումներ կը կատարէր՝ մանաւանդ հայ կանանց եւ օրիորդներու հասցէին: Օր մը այնքա՜ն հասարակութեան հասած էր որոշեցի անձնական նամակ մը գրել յօդուածագիրին եւ նամակը պահարանի մը մէջ դնելով ղրկեցի խմբագրութեան, խնդրելով որ յանձնեն հեղինակին:

Յաջորդ առտու ուսուցիչներէն մէկը «գրութիւնդ կարդացի» ըսաւ. զարմացայ: Ես նամակը ղրկած էի ուղղակի յօդուածագիրին, սակայն խմբագրութիւնը յարմար նկատելով տպագրած էր թերթին մէջ:

Յաջորդ օր թերթին մէջ գտայ պատասխան իմ նամակին. աւելի քան շաբաթ մը նամակագրեցանք՝ թերթի ճամբով ու այս մէկը եղաւ թերթի հետ իմ առաջին ծանօթութիւնս. 13 տարեկան պատանի կռուի բռնուած գրողի մը հետ՝ որ իսկական անունը պահելով գրչանունի մը ետեւ պահուըտած հայ օրիորդներու անբարոյական ըլլալը կը պաշտպանէր:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2022