ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԴԻՒԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒԱԾ ՆԱՄԱԿՆԵՐ

Բանասէր, պատմաբան Գէորգ Բամպուքճեան Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի դիւանի վարիչ (1967-1977թթ.) եւ աւագ քարտուղար (1977-1982թթ.) աշխատած տարիներուն Պատրիարքարանի դիւանատան մէջ, խառն նամակներու դասաւորման ընթացքին, հանդիպած է պոլսահայ վիպագիր եւ հրապարակագիր Զապէլ Եսայեանի նորայայտ չորս նամակներուն։ Դասաւորելով ատոնք, Գէորգ Բամպուքճեան 1971 թուականին այդ նամակները ղրկած է Հայաստան՝ Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ «Լրաբեր հասարակական գիտութիւններու» ակադեմական հանդէսին, նկատի առնելով, որ այդ տարիներուն Հայաստանի մէջ լայն տարածում ունէր գրական դէմքերու նամականին հրատարակելու ջանքը, նաեւ մոռցուած անուններ նոր լոյսի ներքոյ կը ներկայացուէին հանրութեան: Նամակները նոյն տարին տպուած են «Լրաբեր» հանդէսին մէջ՝ Գէորգ Բամպուքճեանի մեկնաբանութիւններով, սակայն խորհրդային գրաքննութիւնը փոխած է թէ՛ նամակներուն, թէ՛ յօդուածին ուղղագրութիւնը՝ զանոնք տպագրելով խորհրդային ուղղագրութեամբ: Գէորգ Բամպուքճեան, հրատարակելով նամակներուն բնագրերը, գրած է, որ յարգանքով կը խոնարհի աննկուն վիպագրուհիին անյայտ հողակոյտին առջեւ:

ՆԱՄԱԿ ԱՌԱՋԻՆ

Եսայեանի՝ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի մէջ գտնուած նամակներէն առաջինը ղրկուած է Փարիզէն՝ 30 յունուար 1908 թուականին եւ ուղղուած է Պոլսոյ հայոց պատրիարք, աստուածաբան, հայագէտ, պատմաբան, բանասէր, հրապարակախօս Մաղաքիա Արք․ Օրմանեանին: Նամակի բովանդակութենէն պարզ կը դառնայ, որ պատրիարքը գնահատած է Զապէլ Եսայեանի գրական գործունէութիւնը, յորդորներ ալ տուած է այդ ուղղութեամբ եւ գրագիտուհին, ահաւասիկ, իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ եւ կը խոստանայ հետեւիլ այդ յորդորներուն: Միաժամանակ կը տեղեկացնէ իր եւ իր ամուսնոյն՝ Տիգրան Եսայեանի առողջութեան մասին, յայտնելով, որ ամէն բան լաւ է: Ծանօթ է, որ Զապէլ Եսայեան 1900 թուականին Փարիզի մէջ ամուսնացած է պոլսահայ նկարիչ Տիգրան Եսայեանի հետ: Օրմանեան Պատրիարքին գրած իր նամակին մէջ ան կը նշէ, որ ինքն ու Տիգրանը ամէն մէկը իր առանձին գործով գրաւուած է: Այսպիսի դիտարկումները, ինչպէս նաեւ Եսայեան ամուսիններու՝ զանազան ժամանակներու ընթացքին առանձին ապրելու հանգամանքը (որը հիմնականը պայմանաւորուած է իրենց ապրած ժամանակներու պատմական հանգամանքներով) շատերուն առիթ տուած է եզրակացնելու, որ անոնք ամուսնալուծուած են: Բայց, ինչպէս կը տեղեկանանք Զապէլ Եսայեանի դստեր՝ Սոֆի Եսայեանի «Իմ մայրիկը» գրութենէն, յետագայ դէպքերէն դատելով, անոնք, ունենալով զանազան հայեացքներ կեանքի վերաբերեալ, երբեք ամուսնալուծուած չեն, մշտապէս յարգած են զիրար ու պահպանած փոխադարձ կապ:

Իսկ Զապէլ Եսայեանի նամակը՝ Օրմանեան Պատրիարքին, որ յայտնաբերած է Գէորգ Բամպուքճեան, ահաւասիկ.

30 Յունուար, 1908
5, Rue des Lyonnais, Paris

Ամենապատիւ
Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան
Պատրիարք Կ. Պոլսոյ

Սրբազան Հայր,

Ձեր նամակը ստացայ ժամանակին, անիկա զիս յուզմամբ եւ երախտապարտութեամբ լեցուց: Ձեր Սրբազնութեան անսահման ներողամտութիւնը, որով գնահատել ուզած էիք իմ շատ համեստ գրական գործունէութիւնս, պարտաւոր կ՚ընէ զիս լաւագոյնին ջանալու, այդ ազնիւ գնահատման լիուլի արժանի ըլլալու համար: Ձեր յորդորները եւս թանկագին են ինծի համար եւ իմ կարողութեանս չափովը կը խոստանամ հետեւիլ անոնց: Քանի որ Ձեր Սրբազնութիւնը կը բարեհաճի հետաքրքրուիլ մեր կեանքով, ուրախ եմ ըսելու, թէ ես եւ Տիգրանը գոհ եւ առողջ ենք եւ գրաւուած իւրաքանչիւրնս մեր առանձին գործերով։ Այս առթիւ կը խնդրեմ, Սրբազան Հայր, որ հաճիք ընդունիլ մեր անկեղծ շնորհակալիքը եւ երախտապարտութիւնը։

Ձեր Սրբազնութեան աջը համբուրելով մնամ խորին մեծարանքով՝

Զապէլ Եսայեան

ՆԱՄԱԿ ԵՐԿՐՈՐԴ

Երկրորդ նամակը նոյնպէս ղրկուած է Փարիզէն եւ թուագրուած է 1908 թուականի 18 օգոստոսին, սակայն այս նամակները դասաւորող Գէորգ Բամպուքճեան նկատած է, որ օրուան թուականին մէջ անճշտութիւն մը կայ, որովհետեւ 11 օգոստոսին արձանագրուած եւ 14 օգոստոսին պատասխանուած է: Այս նամակն ալ ուղղուած է հայ հոգեւորական գործիչ, բանաստեղծ, բանասէր Եղիշէ Արք. Դուրեանին: Եսայեան ակնածալից խօսքերով կը շնորհաւորէ Դուրեան Սրբազանի տեղապահական ընտրութիւնը եւ յոյս կը յայտնէ, որ օր մը բախտը կը ժպտայ եւ ինք անձամբ կը ներկայանայ եւ կը համբուրէ սրբազանին աջը: Նամակը գրուած է Օսմանեան Սահմանադրութեան վերընդունման տարին եւ երբ Եսայեան կը գրէ «ուրախութեան եւ խանդավառութեան օրեր», ըստ Գէորգ Բամպուքճեանին, նկատի ունի նոյնինք՝ Օսմանեան նոր հռչակուած սահմանադրութեան մթնոլորտի խանդավառութիւնը:

18 օգոստ., 1908

Ամենապատիւ Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեան
Պատր. Տեղապահ Կ. Պոլսոյ

Սրբազա՛ն,

Ուրախութեան եւ խանդավառութեան այս օրերուն՝ մէկ օրէն միւսը Ձեր սիրելի անունը կը փնտռուի վստահութեամբ եւ հաւատքով։ Գիտէի որ ազգը տրամաբանօրէն դէպի Ձեզ պիտի դարձնէր իր արցունքոտ աչքերը։ Այդ բաղձանքիս իրականացման առիթիւ ներեցէք, որ իմ սրտագին շնորհաւորութիւններս ներկայացնեմ Ձեր Սրբազնութեան։ Դուրեան անունը արդէն քանիցս պաշտելի՝ պէտք էր որ նուիրագործուէր ժողովուրդին կամքովը. Ձեր ընտրութիւնը, Սրբազա՛ն, անակնկալ բախտաւորութեան մը ուրախութիւնը չէ, որ կու տայ, այլ երկար ատենէ ի վեր բաղձացուած եւ յուսացուած բարիքի մը լրման երջանկութիւնը։ Սպասելով որ օր մը բախտը ներկայանայ ինծի գալ անձամբ Ձեր աջը համբուրելու, կր խնդրեմ, որ Ձեր Սրբազնութիւնը հաճի ընդունիլ սրտագին զգացումներուս եւ ակնածանացս հաւաստիքը։

Զապէլ Եսայեան
3, Bd. de Port-Royal. Paris

ՆԱՄԱԿ ԵՐՐՈՐԴ

Զապէլ Եսայեանէն գտնուած երրորդ նամակը գրուած է 4 նոյեմբեր, 1909-ին եւ ուղղուած է Քաղաքական ժողովի ատենապետին։ Այս նամակը թէեւ այլոց ալ ստորագրութիւնը կը կրէ, սակայն Գէորգ Բամպուքճեան նկատի առած է, որ եթէ գիրը իրն է, շարադրութիւնն ալ իրը պիտի ըլլայ։ Նամակով կը տեղեկացուի, որ Կիլիկիոյ վիճակի մասին բանախօսութիւններ տեղի պիտի ունենան։ Եսայեան, անտարբեր չըլլալով Կիլիկիոյ հայութեան մեծ ողբերգութեան, մեկնած է աղէտի վայրեր, իր գրական ստեղծագործութիւններու մէջ ալ լայնօրէն նկարագրած է աղէտը:

Մեծապատիւ
Տիար Ատենապետ Քաղաքական ժողովոյ

Կիլիկիոյ արդի վիճակր, պահանջքներն ու դարմանները հասարակութեան ներկայացնելու համար՝ Կիլիկիոյ պատրիարքական պատուիրակութեան, Կարմիր Խաչի անդամներու եւ Ատանացի անձնաւորութիւններու կողմանէ քոնֆերանսներ պիտի տրուին։

Աչքի առաջք ունենալով նպատակը՝ քոնֆերանսներու կազմակերպիչ մարմինը կը կարծէ, որ իր այս ձեռնարկը թէ՛ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան եւ թէ՛ Որբախնամ յանձնաժողովի կողմէ համակրութեան եւ բարոյական քաջալերութեան կ՚արժանանայ։

Աոաջին քոնֆերանսը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ կիրակի՝ նոյեմբեր 8-ին, Բերայի մէջ, մանրամասնութիւնները թերթերու մէջ հրապարակուած կ՚ըլլան ժամանակին։

Ուստի հաղորդելով ի տեղեկութիւն, կը խնդրենք ընդունիլ մեր խորին յարգանաց հաւաստիքը։

Զապէլ Եսայեան
(նախորդ տնօրէնուհի Կիլիկիոյ որբերու)
Սաթենիկ Օճանճանեան
(Կարմիր Խաչի անդամուհի)
Sոքթ. Խ. Պոնափարթեան
(բժիշկ, անդամ Կարմիր Խաչի)
Զ. Յ. Պզտիկեան
Օհաննէս Չալեան
(նախորդ պատուիրակ Ատանայի)
(«Հաճընցի» անունով անընթեռնելի ստորագրութիւն մը եւս կայ)
4 Նոյեմբեր, 1909, Բերա

ՆԱՄԱԿ ՉՈՐՐՈՐԴ

Եւ վերջապէս, Պատրիարքարանի դիւանատան մէջ Եսայեանէն գտնուած չորրորդ նամակը ուղղուած է Աշխատանքի տան ատենապետուհի տիկին Խաչատուրեանին եւ գրուած է Սկիւտարէն, որ Եսայեանի ծննդավայրն է: Եսայեան սոյն նամակով կը տեղեկացնէ Աշխատանքի տան ժողովի անդամակցութենէ իր հրաժարականի մասին: Գէորգ Բամպուքճեան ընթերցողներուն բացատրութիւն կու տայ, որ Աշխատանքի տունը հիմնուած է Կ. Պոլիս, 1909-ին եւ զբաղած է հայ բանուորներու եւ արհեստաւորներու կարիքներով։

Ազնուափայլ Տիկին Խաչատուրեան
Ատենապետուհի՝ Աշխ. տան վարչական խորհուրդի

Սիրելի Տիկին,

Կը ցաւիմ հարկադրուած ըլլալուս Ձեզի յայտնելու թէ ներկայիւս իմ հրաժարականս կր ներկայացնեմ Վարչական Ժողովի անդամակցութենէ։ Այն զգացումներու եւ հասկացողութեանց անհաշտելիութիւնը, որ կայ իմ եւ անդամներէն ոմանց միջեւ, ստիպողական կը դարձնեն իմ այս վարմունքս, որով կը խնդրեմ որ հրաժարականս համարիք ոչ թէ ձեւակերպութիւն մը, այլ հաստատ որոշում մը եւ հաճիք ընդունիլ զայն։ Այլ սակայն չեմ կրնար ինքզինքս արգիլել յայտնելէ, թէ այն պարագաները, որոնք առիթ կու տան իմ հրաժարականիս, խորապէս ցաւ կը պատճառեն ինծի։ Հասարակական այդպիսի հաստատութիւն մը, որ թէ՛ իր սկզբնաւորութեան եւ թէ՛ յաջորդող տարիներուն մէջ մեր գուրգուրանքին եւ մտահոգութեանց առարկայ դարձած էր, յուզմունքով անդրադարձայ, թէ կը շեղէր իր բուն նպատակէն, ընդհակառակը, որոշումներ եւ պատիժներ կը տնօրինէր իր ոգիին հակառակ եւ ոչ միայն զանազան կարգի դժուարութիւններ կը կուտակէր իր շուրջը, այլ նաեւ, ու մանաւանդ, բարոյապէս քննադատելի կը դառնար։ Այն ջղագրգիռ յամառութիւնը, որուն մէջ ամրացած են անդամակիցներէն ոմանք կատարուած սխալր չդարմանելու համար, մեր փոխյարաբերութիւնները անկարելի կը դարձնէ եւ ես վերջին ժողովին մէջ անդրադարձայ, թէ ինծի կը մնար այլեւս մէկ բան ընել, այն է՝ հեռանալ, հակառակ որ որեւէ կերպով չէի կրնար գուշակել, թէ իմ՝ Աշխատանքի տունէն մեկնումս այդ եղանակաւ պիտի ըլլար:

Կը կրկնեմ, Տիկին, որ շատ կը ցաւիմ այդ բոլորին համար եւ խորապէս յուզուած եմ, որ կը ստորագրեմ իմ հրաժարականս։

Ձերդ՝ յարգանքներով՝
Զապէլ Եսայեան
22 օգոստոս, 1913, Սկիւտար

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2022