ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՀԱԿԱԴՐՈՂ ՔՐՄԱԿԱՆ ԴԱՍԱԿԱՐԳԸ

Հայաստանի մէջ Դ. դարուն քրիստոնէութեան տարածման գլխաւոր հակառակող ուժ միշտ եղած է քրմական դասակարգը՝ որու շահերը կապուած են եղած հին կրօնի հետ։ Այդպիսի ընդդիմութիւն ցոյց տուին քուրմերը՝ հեթանոս կրօնի պաշտօնեաները Հայաստանի մէջ երբ արդէն սկսած էր տարածուիլ քրիստոնէութիւնը։

Ագաթանգեղոս քուրմերու այս հակառակութիւնը եւ ընդդիմութիւնը կը պատկերացնէ հետեւեալ խօսքերով.

«Վահանաւոր զօրքերու նման ժողվուած դեւերը կը մարտնչէին եւ մեծագոչ բարբառով լեռները կը թնդացնէին»։

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ բաւական չհամարեց անոնց զէնքի ուժով խոնարհեցնելը, լաւ հասկնալով որ տնտեսական զգալի կորուստը անոնց միշտ պէտք է դրդէ նոր կրօնին հակառակութիւն ցոյց տալ՝ ան կը յորդորէ անոնց նոր կրօնի ուսուցիչներ դառնալ՝ համոզելով թէ անոնք դարձեալ նիւթական ապահով վիճակի մէջ կ՚ըլլան։

Բնորոշ են այն խօսքերը, որ Սահակ Պարթեւ իր «Աւանդութեան» գիրքի մէջ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կը վերագրէ. «Լուսաւորիչն հայոց մեծն Գրիգոր, մանաւանդ թագաւորն Տրդատ՝ շատ նպաստեր էին, շատ օգտակար կ՚ըլլային մեհեաններու պաշտօնեաներուն եւ քուրմերու որդոցը ըսելով՝ թէ սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ հարիւրապատիկ ենք, ստացուածք եւ երախայրիք կը ստանաք»։ Եւ արդարեւ, տնտեսական եւ նիւթական շահերէ դրդուած հայ քուրմերը եւ անոնց որդիները քրիստոնէութեան ուսուցիչ-դաստիարակ կը դառնան, հանգամանք մը՝ որ քրիստոնէութեան բարոյակրթիչ նշանակութիւնը կարող չէ՛ր ապահովել։

Եթէ տնտեսական հարցը քրմութեան դարձի մէջ դեր խաղաց, ապաքէն նոյնը առաւել մեծ նշանակութիւն պէտք է ունենար հասարակ ժողովուրդի համար։

Արդարեւ, բովանդակ Հայաստանի մէջ, կամ ըսենք. ամբողջ Հայաստանը իր սեպհական հողը չունէր եւ կամ եթէ ունէր իսկ, ան պէտք է հարկ տար՝ թէեւ բնական բերքով, թէ՛ իր անմիջական տիրոջ եւ թէ՛ հայոց արքունիքին եւ միանգամայն կարեւոր դէպքերու ձրիաբար աշխատէր։ Հարկերու տեսակները թէեւ ծանօթ (հաս. սակ. բաժ. եւ այլն), բայց անոնց չափը մեզ անծանօթ է. սակայն պարզ է՝ դատելով մերձակայ երկիրներու հարկահանութեան եղանակէն, որ աւելի կը կեղեքէր ժողովուրդը, քան թէ կանոնաւոր հարկ տալու պարագայէն։

Բնականաբար, այսպիսի դրութեան հետեւանքը աղքատութիւն էր եւ քրիստոնէութիւնը իր առաջին քարոզութեան նեցուկ, ինչպէս եւ ամէն տեղ, այս աղքատ դասակարգի մէջ գտաւ…։ Այս ալ, ընկերային տեսակէտէ, քրիստոնէութեան տարածման կարեւոր ազդակներէն մին եղաւ Հայաստանի մէջ։ Այս պարագան արդարեւ «տնտեսական յեղափոխութիւն» առաջ չբերաւ, եւ ո՛չ մէկ տեղ, բայց ժամանակաւորապէս թեթեւցուց աղքատներու վիճակը՝ կործանուած մեհեաններու հարստութեան մէկ մասը անոնց բաժնելով եւ միանգամայն գթութիւն եւ ողորմութիւն քարոզելով դէպի կարօտեալները։

Այս իմաստով, քրիստոնէութիւնը յարգանք մտցուց դէպի անհատը, հաւասարութեան, ազատութեան եւ եղբայրութեան գաղափարը այնպիսի հասարակութեան մը մէջ, ուր մէկ կողմէ կար բարձր ազնուականութիւն, իսկ միւս կողմէ՝ անարգուած եւ անտեսուած շինական կամ գեղջուկ, որ տարապայման հարկերով կը նեղուէր, բայց միանգամայն իրենց կը քարոզուէր «ամենայն ճշդութեամբ եւ հաւատարմութեամբ հնազանդիլ իրենց տէրերուն, որպէսզի Աստուած անոնց վարձատրէ»։

Եթէ շահերու տեսակէտէ, նիւթականի տեսակէտով քրիստոնեայ դարձած քրմութեան համար նշանակութիւն չունէր քրիստոնէութեան բարոյական կողմը, եւս առաւել ամբոխի մը համար՝ որ ողորմութիւն ստանալու կամ քաղցը յագեցնելու համար նոր կրօնի կողմը կ՚անցնէր, առանց գիտակցութեան եւ բանական մտածութեան. եւ այս «ամբոխի քրիստոնէութիւն»ը շատ մռայլ գոյներով կը պատկերացնէ մեզ Փաւստոս։ Այդպիսիները միայն «ձեւական» կամ «պիտակաւոր» քրիստոնեայ կարելի է անուանել…։

Բայց քրիստոնէութեան դարձի պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ ազնուական դասակարգը եւս յարեցաւ այս նոր վարդապետութեան եւ ո՛չ թէ լոկ աղքատ ամբոխը։ Առաջինը, ուրեմն, ինքը մեծազօր Տրդատը քրիստոնեայ դարձաւ եւ այնուհետեւ հայ նախարարներու մեծագոյն մասը։ Պատմութիւնը կը բացատրէ արդէն Տրդատի քրիստոնեայ դառնալը եւ նոյնիսկ կը շեշտէ, որ այդ դարձի մէջ մեծ դեր կը խաղան Խոսրովադուխտը եւ մանաւանդ Հռիփսիմեանք, որոնց նահատակութիւնը մեծ յեղաշրջում առաջ բերաւ անոր կեանքին մէջ, եւ ան, որ արդէն Ագաթանգեղոսի ըսելուն համաձայն հմուտ էր յունական գիտութեան եւ իմացականութեամբ զարգացած՝ բոլոր սրտով ըմբռնեց քրիստոնէութեան վարդապետութիւնը եւ իր մարմնի մէջ մարմնաւորեց անոր բարոյական գաղափարները։ Տրդատը դարձաւ միանգամայն երկրորդ առաքեալ, անոր անձնական օրինակը եւ միանգամայն «մեծասաստ հրամանը» խոնարհեցուցած էր ամէնքը քրիստոնէութեան առջեւ։

Ապաքէն հայ Արշակունի թագաւորները իրենց բոլոր հպատակներու - շինարարներու՝ գիւղացիներու եւ նախարարներու - կեանքի եւ մահուան տէր էին, մեծամեծ իշխանները հայ թագաւորի նկատմամբ այնպէս «ծառայ» էին, ինչպէս շինականը՝ տանտիրոջ առջեւ. հայ թագաւորին պարտական էին նախարարները իրենց կալուածները, որուն եւ պարտական էին հնազանդիլ՝ իբրեւ «երկրի բնիկ տիրոջ»։

Այսպիսի հնազանդութիւն շատ բնական էր դէպի Տրդատի անձնաւորութիւնը, որը ո՛չ միայն հսկայ էր եւ ամենազօր, այլ եւ յունաց կայսեր սէրը կը վայելէր եւ հայ նախարարութիւնը կամայ թէ ակամայ իր թագաւորի օրինակին կը հետեւէր եւ քրիստոնեայ կը դառնար…։

Ահա հանգամանքներ՝ որոնք դիւրացուցին քրիստոնէութեան մուտքը, նպաստեցին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի քարոզութեան։ Բայց ինչպէս պատմութեան փաստերը կը հաստատեն, հեթանոսութիւնը բաւական երկար ժամանակ մնաց Հայաստանի լեռնային եւ մարզ մասերուն մէջ, եւ ապագային իբրեւ քարոզիչներ ելան Վրթանէս հայրապետը, Մծբնի Յակովբ եպիսկոպոսը, Շաղիտա եւ Եպիփան ճգնաւորները եւ վերջապէս Մաշտոց վարդապետը։

Քրիստոնէութիւնը հաստատուն հողի վրայ դնելու համար՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը դպրոցներ բացաւ, որոնց մէջ ընդունեց յատկապէս քուրմերու եւ նախարարներու որդիները, որպէսզի ուսանին, քանի որ անոնք կը կազմէին ժողովուրդի ազդեցիկ դասակարգը, եւ արդարեւ քուրմերու զաւակներէն շատերը եպիսկոպոսութեան հասան։

Բայց որովհետեւ քրիստոնէութեան քարոզիչները ընդհանրապէս օտարազգի էին՝ յոյն կամ ասորի, եւ որովհետեւ մայրենի լեզուով գրականութիւն չկար, այդ իսկ պատճառով ալ քրիստոնէութիւնը հայ ժողովուրդի մէջ բարոյական յեղափոխութիւն առաջ չբերաւ, ի՛նչ որ կատարուեցաւ Ե. դարուն։

Արդարեւ, այս պարագան շատ կարեւոր իրադարձութիւն մը պէտք է նկատուի քրիստոնէութեան Հայաստանի մէջ տարածման պատմական եւ մշակութային ազդակներու տեսակէտէ։

Ուստի, հաւատքը պէտք է ըլլայ գիտակցութեամբ, եւ ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս, պէտք է հաւատալով հասկնալ եւ հասկնալով հաւատալ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 28, 2022, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2022