ՍԻՐՈՅ ԳՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Երբ այս յօդուածը կը գրեմ եւ դուք երբ կը կարդաք, վստահ եղէ՛ք որ այս պահուն իսկ աշխարհի վրայ բազմահազար մարդիկ զոհը կը դառնան սիրոյ՝ որ յաճախ ամենէն խելացի մարդն իսկ ապուշ մը դարձնելու կարողութիւնը ունի:

Սիրոյ զոհ դառնալով նկատի չունինք բոլոր անոնք, որոնք սիրած՝ սակայն երբեք չեն արժանացած փոխադարձ սիրոյ, այլ նկատի ունինք անոնք՝ որոնք կ՚ապրին սիրոյ բոլո՛ր բարիքները՝ սակայն ամպերու մէջ՝ կեղծիքով:

Աստուծոյ պատուիրանին ընդառաջ, թէ ոչ մարդկային կարիքներու մարդ արարած միշտ ալ կեանքի ընկեր մը ունենալ կը փորձէ՝ ո՛ր տարիքի մէջ ալ գտնուի եւ այդ «փնտռտուք»ը շատերը կ՚առաջնորդեն յուսախաբութեան, որովհետեւ մարդ մը դիւրութեամբ կարելի է խաբել հիմնական երկու ձեւերով՝ կրօնք եւ սէր:

Պատմութեան ընթացքին լսած ենք, թէ կրօնական այս կամ այն սուտերը յօրինելով մարդիկ ինչպիտի գումարներ յաջողած են իւրացնել, որովհետեւ դրամասէր մարդը տեղ մը անպայման զիջած է իր հաւատալիքին դիմաց: Սիրոյ «գողութիւն»ը սակայն առաւելաբար վերջին տասնեամեակին զարգացած իրողութիւն մըն է, որովհետեւ իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան ունի իրեն յատուկ գողութեան ձեւերն ու հոգեբանութիւնը:

Բացատրենք, թէ ինչ է սիրոյ «գողութիւն»ը. այսօր համացանցի էջերուն մէջ կարելի է դիւրութեամբ հանդիպիլ ամուսնալուծուած կիներու եւ տղամադրոց, որոնք իրենց կեանքի որոշ հանգրուանին դարձեալ կողակից մը փնտռելու կ՚անցնին եւ համացանցը մարդուն կու տայ հնարաւորութիւն միլիոնաւոր մարդոց մէջէն «փնտռել» եւ «գտնել»ու այն անձը՝ որ երջանկութեան բանալի ըլլալ կը թուի, սակայն ինչպէս ժողովուրդը կ՚ըսէ. «տունին հաշիւը կրնայ շուկայինին չհամապատասխանել»:

Այսօր աշխարհի մէջ շատեր (մանաւանդ ափրիկեցիներ) շահագործելով մարդոց անմեղ զգացումները հազարաւոր կեղծ էջեր կը հիմնեն համացանցի էջերուն մէջ՝ կեղծ նկարներով ու կենսագրականներով զարդարուած, որ կամայ թէ ակամայ շատ մը մենակեացներու ուշադրութիւնը կը գրաւեն: Ուրիշի ինքնութեամբ սիրոյ դահիճները հմտութեամբ կը սկսին հաղորդակցութեան մէջ մտնել զոհին հետ, սիրաշահիլ զոհը եւ վստահութիւն ներշնչել. կը սկսին անոնց հետ խօսիլ սիրոյ, ապագայ ծրագիրներու եւ ամուր եւ ուրախ ընտանիք մը հիմնելու հեռանկարներուն մասին, ինչ որ աւելիով կը գրաւէ զոհին ուշադրութիւնն ու խանդավառութիւնը:

Նկատի ունենալով զոհին եւ դահիճին հեռաւորութիւնը, այս սիրոյ կեղծ ընթացքը համացանցի ճամբով կը կատարուի՝ մինչեւ զոհին կողմէ այդ մէկը ընկալուի որպէս «իսկական սէր»:

Որոշ ժամանակ ետք դահիճը կը սկսի զոհին խօսիլ իր անձնական դժուարութիւններուն մասին, տան վարձքին, ունեցած առողջապահական խնդիրներուն եւ կեանքի դժուարութիւններուն մասին. վերջապէս սէրը ուրախութեան կողքին դժուարին պահերուն համար ալ է չէ՞... եւ զոհը կը սկսի իր սիրածին բեռը թեթեւցնելու համար ժամանակ առ ժամանակ գումարներ ղրկել, այն յոյսով որ օր մը բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարած պիտի յաջողին արժանանալ Սուրբ Պսակի խորհուրդին եւ կազմեն այն ընտանիքը՝ որուն երազները կան լոկ:

Դրամական փոխանցումները որոնց մասին կը խօսինք այնքան ալ քիչ գումարներ չեն եւ որպէսզի աւելի պարզ ըլլայ այս սիրոյ գողութեան տարողութիւնը յայտնենք, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը 2021 թուականին յայտարարեց, թէ այս ձեւով մարդիկ կորսնցուցած են աւելի քան 1 միլիառ տոլար:

Ընդհանրապէս այս թակարդին մէջ ինկողները երիտասարդներէն աւելի մեծահասակներն են, որոնց զգացումները շա՜տ աւելի դիւրին է խաբել: Մեծահասակներ աւելիով թիրախ կը դառնան, որովհետեւ տարիքի յառաջացումը տեղ մը նիւթապէս ապահով վիճակ ցոյց կու տայ: Առանձնութեան մէջ ապրող մեծահասակներ կ՚ուզեն զգալ որ կը սիրուին, կ՚ուզեն անձի մը գոյութիւնը զգալ՝ թէեւ հեռու եւ ճիշդ ա՛յս մէկն է որ կը շահագործեն սիրոյ գողերը:

Ցաւ ի սիրտ, 45-60 տարեկանի սահմաններու մէջ գտնուող կիներ յաճախ կը դժուարանան ընդունելու այն գաղափարը, որ նման ծուղակի մը մէջ ինկած կրնան ըլլալ. շատ անգամ այդ բոլորը կը պարզուի այն ժամանակ, երբ իրենք զիրենք գտնեն սնանկացած ու պարտքերու մէջ ընկղմած վիճակի մէջ:

Նման գողերը ձերբակալելը ընդհանրապէս անհնար է, որովհետեւ անոնց ճշմարիտ ինքնութիւնը ոչ ոքի ծանօթ կ՚ըլլայ. աւելին, շատ մը մեծահասակներ այս վիճակը ամօթ զգալով նոյնիսկ իրենց հարազատներուն չեն արտայայտուիր իրենց ունեցած կորուստին մասին:

Կը կարծենք նման պարագաներու մարդոց նիւթական միջոցներէն աւելի գողցուած զգացումներն ու ապրումներն են որ ցաւ կը պատճառեն, որովհետեւ այդ բոլորը մարդը կը հեռացնեն կեանքէն եւ ուրիշի նկատմամբ անլաւատես հոգեբանութիւն մը կը ստեղծեն:

Համացանցի մէջ սո՛ւտ է ամէն բան՝ սկսեալ մարդոց զգացումներէն, ապրումներէն, ուրախութիւններէն եւ յուզումներէն: Կեղծ է նաեւ սէրը՝ եթէ լոկ գրութեան ճամբով է, որովհետեւ մարդ գրութեան ճամբով դիւրութեամբ կրնայ ներկայանալ այն՝ ինչ որ չէ:

Ուսումնասիրութիւններ կը պարզեն, որ այս սիրոյ գողութիւնը օրէ օր աճ կ՚արձանագրէ եւ ծնունդ կու տայ նոր դահիճներու՝ որոնք նոր զոհեր առաջ կը բերեն:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -38-

Տարիներ առաջ հայ երիտասարդ տղայ մը համացանցի ճամբով ծանօթացած էր օտար աղջկայ մը հետ եւ ժամանակի ընթացքին այդ ծանօթութիւնը վերածուած էր «սիրոյ»:

Երիտասարդ հայը այնքա՜ն տարուած էր այդ սիրով, որ ամուսնութեան երազներ իսկ կը հիւսէր:

Առիթով մը «սիրուհին» իր խօսքերով հայ երիտասարդին կիրքերը կը գրգռէ ա՛յն աստիճան, որ երիտասարդ հայը իր կիսամերկ ու մերկ նկարները կը սկսի ղրկել իր ապագայ «հարսնացու»ին:

Օրեր ետք հարսնացուն կը սկսի սպառնալ, որոշ գումար չվճարելու պարագային նկարը տարածել. այս սպառնալիքը վերջ չ՚ունենար եւ երիտասարդ տղան իր պատիւը «բարձր» պահելու համար կը վճարէ այն բոլոր գումարները, որ «հարսնացուն» կը խնդրէ... մինչեւ հասնի այնտեղ, որ տղուն ամբողջ դրամները վերջանան եւ ընկղմի պարտքերու մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2022