ԾՆՈՂՔ ԸԼԼԱԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ
Քննարկումէ վեր է, որ թէեւ գործնապէս «դիւրին», սակայն էապէս ամենէն դժուարին բանը աշխարհի մէջ ծնողք դառնալն է, որ իրականութեան մէջ ո՛չ թէ նախախնամութեամբ, այլ իմաստութեամբ ու գիտութեամբ կեանքի կը կոչուի։
Ծնողքին դերը մեծապէս կը կարեւորեմ, որովհետեւ կը հաւատամ աշխարհի բնական այն կանոնին, որ «ինչ ցանես ա՛յդ կը հնձես» եւ հետեւաբար իւրաքանչիւր զաւակի արարք ու իրագործում տեղ մը իրը ըլլալէ անկախ ընտանիքինն է՝ այդ մէկը ըլլայ լաւ թէ վատ։ Ծնողքին դերը կը կարեւորեմ, որովհետեւ կը հաւատամ, թէ անոնց կողմէ ի գործ դրուած անուշադիր սխալ մը ինչքա՜ն աւերներ կրնայ գործել զաւակին ներաշխարհին մէջ, մինչեւ իսկ պատճառելով վէրքեր՝ որոնք ժամանակն անգամ չի կրնար բուժել։
Ծնողք դառնալու վերաբերեալ յստակ ուղեցոյց մը չըլլալուն, ամէն մարդ «իր գիտցածին համեմատ ծնողք կը դառնայ եւ ցաւ ի սիրտ, կը համոզուի, որ այդ է ճիշդը, որովհետեւ ամէն մարդ ինքզինք կատարեալ ծնողք կը նկատէ։
Յաճախ «լաւ» ծնողք դառնալը մեր շրջանակներուն մէջ նիւթականով կը չափուի. լաւ ծնողք ես՝ երբ զաւակդ ապահով ապագայ մը ունի: Սակայն ճշմարտութիւնը այդպէս չէ, որովհետեւ մարդը մարմին ըլլալէ անդին հոգի է եւ հոգի ու մարմին միասին մարդը առաջ կը բերեն։
Դժբախտ ճշմարտութիւն է, որ այսօր աշխարհի վրայ ապրող զոյգերու մեծամասնութիւնը ծնողք կը դառնայ՝ առանց նախապէս հասկնալու եւ ըմբռնելու, թէ իսկութեան մէջ ինչ է մայրանալն ու հայրանալը։ Եւ ծնողք դառնալու «արուեստ»ին անծանօթ զոյգեր հիմնականին մէջ երկու տարբեր ուղղութիւններ կ՚որդեգրեն.
Ա.- Զաւակը մեծցնել այնպէս՝ ինչպէս իրենք մեծցած են։
Բ.- Զաւակը մեծցնել իրենց մեծցածին ամբողջութեամբ հակառակ։
Առաջին խումբին պատկանողները անոնք են, որոնք իրենց ծնողքէն տեսած վերաբերմունք ճիշդ կարծելով նոյնը ի գործ կը դնեն իրենց զաւակներուն հանդէպ։ Օրինակի համար, ծեծով մեծցած անձ մը ապագային շատ դիւրութեամբ կրնայ ծեծի ենթարկել իր մանուկը եւ այդ մէկը սխալ չնկատել, որովհետեւ «այդպէս տեսած են» եւ որովհետեւ մարդ իր մէջ ունի ԵՍ եւ ինքզինք կատարեալ կը կարծէ, կը մտածէ որ նոյնպէս կատարեալ մանուկ մը ունենալու համար պէտք է նոյնը ի գործ դնել։
Երկրորդ խումբին պատկանողները առաջինին ամբողջութեամբ հակառակ կը փորձեն իրենց մանուկը հեռու պահել այն բոլորէն՝ որ վշտացուցած է զիրենք։ Օրինակ՝ եղբայրներու միջեւ խտրութեան ենթարկուած անհատ մը «կ՚ուխտէ» երբեք խտրականութիւն չդնել իր զաւակներուն միջեւ՝ սխալը ճիշդէն զանազանելու համար։
Պէտք է ամէն ծնողքի համար յստակ ըլլայ, որ մանուկի մը համար նիւթականէն շա՜տ աւելի կարեւոր է բարոյական աջակցութիւնը։ Նիւթապաշտ մտածողութիւնն է որ մեզի կարծել կու տայ, թէ նիւթապէս ապահով մանուկը «կատարեալ» կրնայ ըլլալ։ Բարոյական աջակցութեան այդ պակասն է որ յաճախ նիւթապէս աղքատ մանուկներ աւելի երջանիկ կեանք մը կ՚ապրին քան հարուստ մանուկներ, որովհետեւ նիւթականը արտաքին պէտքերն է որ կը գոհացնէ եւ ո՛չ բարոյականն ու հոգեկանը։
Վերջերս նիւթապէս բարեկեցիկ ընտանիքի մը մայրը իր զաւակները «ապերախտ» կը կոչէր, օրինակ բերելով այլ աղքատ ընտանիքի մը զաւակները, որոնք նիւթապէս աղքատ ըլլալով ինչքա՜ն յարգանք ու սէր ունին իրենց ծնողքին հանդէպ։
Նիւթապաշտ է աշխարհը, սակայն մանուկը բարոյական աջակցութիւնը աւելի գերադաս կը նկատէ: Օրինակով մը բացատրենք. եթէ մանուկը հանդէսի արարողութիւն ունի եւ գործի պատճառով իր հայրը ներկայ չէ այդտեղ, նոյնիսկ եթէ այդ աշխատանքի գումարով մեծամեծ նուէրներ բերէ, անօգուտ է։ Մանուկը խաղալիքին պատճառած հաճոյքը ժամանակ մը ետք կը մոռնայ, սակայն հօրը այդտեղ չըլլալը դժուար։ Այդ մանուկին համար ցաւ է տեսնել ուրիշներու հայրը այդտեղ՝ սակայն իրը ոչ եւ այս է պատճառը, որ ընդհանրապէս որբ մանուկներ ըմբոստ վիճակ մը կ՚ունենան թէ՛ կեանքին եւ թէ՛ շրջապատին նկատմամբ։
Ծնողներու վերաբերմունքը հաւասարակշռութիւն չունի։ Երկու երիտասարդի դահիճ դարձած անձի մը մայրը դատարանին մէջ ամբողջ գնով իր զաւակին անմեղութիւնը կը պաշտպանէ, մինչ փոքր սխալ կատարած զաւակի մը մայրը անէծքներ կը թափէ անոր գլխուն։ Ինքնաշարժի արկածի մը դիմաց մին կը փութայ զաւակին առողջական վիճակը տեսնելու, իսկ ուրիշը ինքնաշարժին պատճառուած նիւթական վնասին չափը գիտնալու։
Այս բոլորը նկատի առնելով պատճառուած սխալներուն դիմաց մի՛շտ ծնողքը պէտք է նկատի ունենալ, որովհետեւ ծնողք ըլլալը արուեստ է եւ մանուկը իր նկարագրով ու համոզումներով ձեռակերտն է արուեստագէտներուն՝ հօրը եւ մօրը։
Երանելի է ան, որ ո՛չ թէ տուներով ու խանութներով, այլ ընտանեկան անկեղծ սիրով, հաւասարութեան եւ նուիրուածութեան շնորհքներով ինքզինք հարուստ կը զգայ։
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -39-
Վերջերս ունեւոր մը կը բողոքէր. «տուն տուինք, խանութ տուինք… տակը ինքնաշարժ մըն ալ առինք ու տակաւին դժգոհ է»։
Յաճախ մենք ալ դուրսէն տեսնելով նախանձով կը լեցուինք եւ «երանելի՜» կը նկատենք այդպիսիները, մինչ իրենք երանելի կը նկատեն անոնք՝ որոնք տունի փոխարէն սէր, խանութի փոխարէն նուիրում եւ ինքնաշարժի փոխարէն անկեղծութիւն ստացած են, որովհետեւ դժուարին պահերուն նիւթականէն աւելի գեր ի վեր է սիրող ու նուիրուող անձերու գոյութիւնը։
Ծնողք ըլլալու մէջ մասամբ փարիսեցի ենք բոլորս։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ