ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՍՏՂԵՐՈՒՆ ԵՒ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ

«Սթարմուս» միջազգային փառատօնին վայրը այս տարի Հայաստանն է: Փառատօնը սկսաւ ու Երեւան այս օրերուն կը հիւրընկալէ գիտութեան եւ արուեստի համաշխարհային դէմքեր, Նոպէլեան մրցանակակիրներ: Տարբեր շունչ մը կայ Երեւանի գիտական, մշակութային կեդրոններուն մէջ: Մինչեւ սեպտեմբերի 10-ը, խիտ ժամանակացոյցով նախատեսուած են «Սթարմուս»ի համաժողովները, համերգները:

Գիտութեան եւ արուեստի այս աշխարհահռչակ փառատօնը հիմնուած է 2009 թուականին՝ Սպանիոյ Քանարեան կղզիներուն մէջ: Հիմնադիրը Քանարեան կղզիներու Աստղաֆիզիքի կաճառի աշխատակից, աստղաֆիզիքոս, գիտնական, հայազգի Գարիկ Իսրայէլեանն է՝ հռչակաւոր երաժիշտ Պրայան Մէյին հետ: Մէյ նոյնպէս այս օրերուն Հայաստան է: Երաժիշտին բազմահազար երկրպագուները կարգի կը սպասեն՝ նկարուելու բրիտանացի աշխարհահռչակ երաժիշտին հետ, որ գիտութեան եւ երաժշտութեան ասպարէզներուն մէջ յատկանշական ճանապարհ անցած է:

«Սթարմուս» փառատօնին հիմնումը հետաքրքրական պատմութիւն մը ունի: 2007 թուականին բրիտանական երեւելի ռաք խումբի հիմնադիր կիթառահար Պրայան Մէյ, որ նաեւ աստղաֆիզիքոս է, աւարտած է իր գիտական ատենախօսութիւնը, որ անաւարտ մնացած էր 1974 թուականէն ի վեր, այն օրէն, երբ «Քուին» խումբը (որուն անդամ էր) սկսաւ զգալի յաջողութիւններու հասնիլ:

Պրայան Մէյին գիտական աշխատանքը կը քննէր արեգակնային համակարգը՝ նոր լոյսի տակ: 2007 թուականին Պրայան Մէյի խորհրդականը հայաստանցի գիտնական Գարիկ Իսրայէլեանն էր, որ մեծ ներդրում ունեցած է բրիտանացի գիտնականին հիմնած ընկերութեան յառաջխաղացման գործին մէջ, եւ քանի որ Իսրայէլեան նաեւ երաժիշտ է, ապա այս հանգամանքը մեծ դեր խաղացած է գիտութեան ու երաժշտութեան նուիրուած «Սթարմուս» փառատօնի հիմնադրման գործին մէջ:

«Սթարմուս»ը հիմնուեցաւ 2000-ականներու վերջաւորութեան՝ բաւական երկար նախապատրաստական աշխատանքէ ետք, սակայն առաջին փառատօնը տեղի ունեցաւ 2011 թուականին: Փառատօնը երաժշտութեան զուգահեռ տեղի ունեցող համաժողով մըն է, որ կեդրոնացած է աստղագիտութեան, տիեզերական ուսումնասիրութիւններու, երաժշտութեան, արուեստի ներկայացման, ինչպէս նաեւ յարակից գիտութիւններու վրայ. օրինակ՝ կենսաբանութիւն եւ քիմիագիտութիւն։ Փառատօնը կը նկարագրուի որպէս իրադարձութիւն մը, ուր տիեզերքի ուսումնասիրութեան, աստղագիտութեան, տիեզերագիտութեան եւ մոլորակային գիտութիւններու մեծագոյն միտքը միասին կը հաւաքուին մէկ շաբաթով՝ աներեւակայելի բանակցութիւններու, տեղեկատուութեան փոխանակման եւ մեր տարածութեան եւ տիեզերքի վերաբերեալ գիտելիքներու գնահատման միջոցով:

Փառատօնը 2011, 2014 եւ 2016 թուականներուն տեղի ունեցած է Քանարեան արշիպեղագոսի ամենամեծ կղզիին՝ Թեներիֆէին մէջ: Չորրորդ «Սթարմուս» փառատօնը տեղի ունեցած է Նորվեկիոյ Թրոնտհէյմ քաղաքը՝ 2017 թուականին՝ «Կեանքն ու տիեզերքը» խորագրով, հինգերորդը՝ Զուիցերիոյ մէջ: Ահաւասիկ «Սթարմուս» 6-րդը այս օրերուն կ՚ընթանայ Հայաստանի մէջ եւ խորագիրն է «50 տարի Մարսի վրայ»՝ նուիրուած Մարսի վրայ «Մարս-3» տիեզերակայանի առաջին վայրէջքին 50-ամեակին:

Փառատօնին բացումը կատարուեցաւ ասուլիսով մը, այնուհետեւ կիրակի օր՝ սեպտեմբերի 4-ին Մարզահամերգային համալիրին մէջ ողջոյնի համերգ մը կայացաւ: Համերգէն առաջ նոյն վայրին մէջ ելոյթ ունեցաւ Նոպէլեան մրցանակակիր, նորվեկացի նեարդաբան Էտուարտ Մոզէր: Անոր ելոյթը նուիրուած էր ուղեղի եւ երաժշտութեան կապին: 2014 թուականին Մոզէր իր այդ ժամանակուան կնոջ` Մէյ-Պրիթ Մոզէրին եւ խորհրդատու Ճոն Օ՚Քիֆին հետ Բժշկութեան Նոպէլեան մրցանակի արժանացած է գլխուղեղի կողմէ տարածութեան մէջ կողմնորոշուելու բջիջներու համակարգի բացայայտման համար:

Գլխուղեղը մարդուն ամենաառեղծուային օրկանն է, գիտնականները որքան ալ ուսումնասիրեն անոր գործառոյթները, կը մնայ լիովին չուսումնասիրուած: Այդ բարդագոյն օրկանը իւրայատուկ կերպով կ՚արձագանգէ երաժշտութեան եւ ըստ Նոպէլեան մրցանակակիրին, հրաշալի երաժշտութիւնը հանելուկային փոփոխութիւններու կը մղէ ուղեղը: Այդ փոփոխութիւնները անբացատրելի են նոյնիսկ գիտնականներուն համար: Կան հիւանդութիւններ, որոնց բուժումը նպաստաւոր է երաժշտութեան ուղեկցութեամբ եւ բժշկութեան մէջ արդէն ընդունուած է այդ մէկը:

Այս գիտական ելոյթին յաջորդեց աշխարհահռչակ դաշնակահար Տիգրան Համասեանի եւ ամերիկահայ երաժիշտ, ստեղնաշարահար Տերեկ Շիրինեանի համերգը: Նոյն օրը ելոյթ ունեցան նաեւ այլ երաժիշտներ: Ըստ Համասեանին, երաժշտութիւնը բարդ կառուցուածք մը ունի եւ ատոր մէջ նաեւ գիտութիւն կայ: Տիեզերքին եւ ձայնին փոխկապակցուածութիւնը կ՚երեւի Համասեանի մատուցած երաժշտութեան մէջ: Համասեան, կարծես տիեզերքի հեռուներէն կը բերէ եւ մեզի կը մատուցէ երաժշտութիւնը: Նուագած միջոցին լիովին կը վերանայ եւ դժուար է գուշակել, թէ ի՛նչ զգացումներու եւ մտորումներու մէջ է ան:

Յառաջիկայ օրերուն Երեւանի մէջ կը կայանան համերգներ, որոնց պիտի մասնակցին Պրայան Մէյ, Սերժ Թանքեան, Ռոն Պամպլֆութ Թալ, հարուածային ճազ եւ ռաք երաժիշտ Սայմըն Ֆիլիփս, հռչակաւոր դաշնակահար Րիք Ուէյքմըն եւ ուրիշներ: Անոնք հանդիպումներ պիտի ունենան երիտասարդութեան հետ, երաժշտական կեդրոններու մէջ հայ մասնագէտներուն պիտի տան վարպետութեան դասեր: Իսկ համալսարանները եւ կրթական կեդրոնները պիտի հիւրընկալեն փառատօնի մասնակից գիտնականները, որոնք կը փոխանցեն իրենց գիտելիքն ու փորձը՝ տիեզերքի գաղտնիքներուն ու անոնց բացայայտման մասին։

Այս բոլորին զուգահեռ Ազատութեան հրապարակին վրայ, փառատօնի օրերուն կը գործէ գիտութեան ճամբար՝ պատանիներու եւ աստղագիտութեամբ հետաքրքրուղներու համար: Անոնք հոն տեղադրուած սարքերուն միջոցով, մասնագէտներու օգնութեամբ կը դիտեն երկինքը եւ նոր գիտելիքներ կը ստանան: Մասնայատուկ մասնակցութիւն նախատեսուած է արցախցի երեխաներուն համար:

Գիտնական հիւրերուն մէջ են առաջին այֆոնի եւ այփոտի հեղինակ Թոնի Ֆատէլ, Լուսնի վրայ ոտք դրած տիեզերագնաց Չարլի Տիւք, հայազգի առաջին տիեզերագնաց Ճէյմս Պաղեան, աստղագիտութեան, տիեզերագիտութեան եւ նորարար գիտութիւններու այլ յայտնիներ:

Աշխարհի մէջ գիտութեան նուիրուած բազմաթիւ փառատօներ կան, «Սթարմուս»ը անոնց կարգին առաւել հռչակաւոր է իբրեւ աշխարհի լաւագոյն գիտական փառատօն: Ահաւասիկ, աշխարհի լաւագոյն փառատօներէն մէկը այս տարի Հայաստանի մէջ է՝ փոքր երկրի մը, որ կը ջանայ ոտքի կենալ պատերազմական եւ աշխարհաքաղաքական հարուածներէն: Աշխարհի ուշադրութիւնը այս օրերուն ձեւով մը Հայաստանի վրայ է: Կազմակերպիչները մեծ յոյսեր ունին՝ այս ձեւով նաեւ նպաստելու, որ աւելի շատ մարդ գիտնայ Հայաստանի տեղը եւ իրազեկ ըլլայ այն խնդիրներուն, որոնք պատած են մեր երկիրը:

ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՕՍՔԱՐ

Գիտութեան հանրայնացման նպաստող գործիչներուն «Սթարմուս» փառատօնին ընթացքին նաեւ պարգեւներ կը յանձնեն: Այս մէկը աւանդոյթ է: Պարգեւատրումներ եղած են նաեւ նախորդ փառատօներուն ընթացքին: Շքանշանը, որով կը պարգեւատրեն, կը կոչուի անգլիացի ֆիզիքոս-տեսաբան եւ տիեզերաբան, Քէյմ-պրիճ համալսարանի տեսական տիեզերաբանութեան կեդրոնի հիմնադիր եւ ղեկավար, գիտութեան հանրայնացնող Սթիվըն Հոքինկի անունով: «Սթարմուս»ի մրցանակաբաշխութիւնը գիտութեան աշխարհին մէջ նաեւ այլ անունով կը կոչեն «Գիտութեան Օսքար»:

Մկաններու ապաճման երկրորդային կարծրախտով տառապող բրիտանացի գիտնական Սթիվըն Հոքինկ կեանքէն հեռացաւ 2018 թուականին, սակայն մինչ այդ մասնակցած էր «Սթարմուս» փառատօներուն եւ եղած «Սթարմուս»ի խորհրդատուական միութեան անդամը եւ պատուակալ հիւրը: Շատեր «Սթարմուս» փառատօնին կը մասնակցէին՝ լսելու համար անոր անսովոր խօսքը, որ կը փոխանցէր իր ուղեղին միացուած սարքին միջոցով:

2016 թուականին կայացած «Սթարմուս»ը նուիրուած էր Սթիվըն Հոքինկին: Հոքինկ համոզուած էր, որ «Սթարմուս»ը եզակի հարթակ մըն է՝ մարդկային քաղաքակրթութեան ապագայի քննարկման համար: Ահա թէ ինչու, փառատօնը տարուէ տարի աւելի շատ մասնագիտութիւններու տէր մարդիկ կ՚ընգրկէ մասնակիցներուն մէջ՝ յոյսով, որ միասնական ջանքերով կարելի ըլլայ աւելի քաղաքակիրթ ապագայի համար նախանշումներ կատարել:

Փառատօնը կը քաջալերէ նաեւ կին գիտնականներուն դերը գիտութեան աշխարհին մէջ: Աստղերն ու երաժշտութիւնը այն երկու միաւորող ներշնչումներն են, որ, ըստ Գարիկ Իսրայէլեանի, կրնան ոգեշնչել աշխարհը դէպի լաւը փոխել կամեցող մարդիկը:

ՀԱՅ ԱՌԱՋԻՆ ՏԻԵԶԵՐԱԳՆԱՑԸ

«Սթարմուս»ի երեւանեան պատուակալ հիւրերէն է հայ առաջին տիեզերագնաց, ամերիկահայ երկրաչափ, մարզիկ, Ճէյմս Պաղեան: Ան ծնած է 22 փետրուար 1952 թուականին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փենսիլվանիա նահանգի Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ։ Անոր նախնիներուն մականունը եղած է Կունտեպաղեան, բայց ԱՄՆ-ի ներգաղթային ծառայութեան աշխատակիցները կրճատած են եւ մականունը դարձած է Պաղեան:

Ճէյմս Պաղեանի հօր մեծ հայրը՝ Նազարէթ Կունտեպաղեան, Արաբկիրէն ԱՄՆ գաղթած է 1913 թուականին։ Ան ամուսնացած է հայ ներգաղթեալի մը՝ Սաթենիկին հետ։ Ճէյմս Պաղեանի հայրը օդաչու եղած է, հաւանաբար հօրմէն ալ եկած է տիեզերքի հանդէպ սէրն ու հետաքրքրութիւնը: Անոր մայրը գերմանուհի է:

Պաղեան յաճախած է Ֆիլատելֆիոյ կեդրոնական միջնակարգ դպրոցը։ 1969-1973 թուականներուն ուսանած է «Drexel» համալսարանին մէջ՝ ստանալով երկրաչափական մասնագիտութիւն, ապա ուսումը շարունակած է «Thomas Jefferson» համալսարանին մէջ եւ 1977 թուականին ստացած՝ բժշկական գիտութիւններու կոչում։

1974-1978 թուականներուն մասնակցած է բազմաթիւ մրցոյթներու, իսկ 1982 թուականին ընդգրկուած է ԱՄՆ-ի տիեզերագնացներու խումբին մէջ:

1973 թուականին որպէս երկրաչափ աշխատանքի անցած է Պրիսթոլ քաղաքի «3Մ» գործարանին մէջ։ 1976-1978 թուականներուն ԱՄՆ-ի ռազմածովային փորձարարական կեդրոնի (Մերիլէնտ) երկրաչափը եղած է։ 1978 թուականին որպէս վիրաբոյժ եւ բժիշկ, աշխատած է Լէոնիտ Ճէքսընի անուան կեդրոնին մէջ՝ միաժամանակ ուսանելով ԱՄՆ-ի Ռազմական ուժերու թռիչքային վիրաբուժութեան եւ Ռազմական ուժերու տիեզերական բժշկութեան դպրոցներուն մէջ։ 1980 թուականին որպէս տիեզերագնաց սկսած է աշխատիլ ՆԱՍԱ-ի մէջ (Ամերիկեան ազգային տիեզերական գործակալութիւն)։

Պաղեան ունեցած է տիեզերական բժշկութեան տիտղոս, եղած է ՆԱՍԱ-ի Օդաչու-վիրաբոյժներու միութեան, Ամերիկացի երկրաչափներու միութեան, Ալֆա եւ Օմեկա Տիեզերագնացներուն եւ այլ կազմակերպութիւններու անդամ։

ԹՌԻՉՔ ՏԻԵԶԵՐԱՆԱՒՈՎ

13-18 մարտ 1989-ին, որպէս բժշկակենսաբանական մասնագէտ, առաջին անգամ թռիչք կատարած է ամերիկեան տիեզերանաւով։ Ան մարդկային գործօններու, շրջակայ միջավայրի եւ տիեզերանաւորդներու բժշկութեան վերաբերեալ բազմաթիւ աշխատութիւններու հեղինակ է։ Ճէյմս 337 ժամ անցուցած է տիեզերքի մէջ։

Այժմ Պաղեան կը զբաղի կենսաբժշկական աշխատանքներով եւ կը ղեկավարէ «Բուսակերներու առողջութեան պահպանման» ազգային կեդրոնը։

Հայ տիեզերագնացը ամուսնացած է ամերիկացի Տանթ Պենսընին հետ։ Անոնք ունին չորս զաւակ։ Իր գործունէութեան համար Պաղեան պարգեւատրուած է ՆԱՍԱ-ի մետայլով, տիեզերագնացութեան միջազգային վկայականով, տիեզերական հիւանդութիւններու բուժման ձեւերու մշակման մետայլով, ինչպէս նաեւ 1989 եւ 1991 թուականներուն դէպի տիեզերք կատարած թռիչքներուն համար՝ ՆԱՍԱ-ի մրցանակներով։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2022