ԹԱԳՈՒՀԻՆ ՈՉ ԵՒՍ Է

Համայն աշխարհ երէկ ցաւով վերահասու դարձաւ բօթին. ոչ եւս է Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին։ Պաքինկըմի պալատի աղբիւրները հաղորդեցին գոյժը, թէ 96-ամեայ Էլիզապէթ Բ. թագուհին մահկանացուն կնքած է Պալմորալ արքունի ապարանքին մէջ, Սկովտիա։ Եօթ տասնամեակ գահակալելէ վերջ երկրային կեանքէ հրաժեշտ կ՚առնէ Էլիզապէթ Բ. թագուհին, որու անշունչ մարմինը արդէն տեղափոխուած է Լոնտոն։ Իր որդին՝ արքայազն Չարլզ եւ Անգլիոյ կառավարութիւնը խոր ցաւով արձագանգեցին թագուհիի կորուստին, ինչպէս ամբողջ միջազգային հաւաքականութիւնը։ Էլիզապէթ Բ. եղաւ Անգլիոյ ամենաերկար գահակալած թագուհին։ Համաշխարհային պատմութեան մէջ ալ ան ամենէն երկար գահուն վրայ մնացած երկրորդ միապետը կը հանդիսանայ՝ Ֆրանսայի Լուի ԺԴ. թագաւորէն վերջ։ Էլիզապէթ Բ. թագուհիի մահով, բառին բուն իմաստով եզրափակուեցաւ շրջան մը։ Ան 26 տարեկանին գահ բարձրացած էր եւ թագը կրած տաստամեակներուն աշխատած էր Անգլիոյ բազմաթիւ վարչապետներու հետ՝ ներառեալ Ուինսթըն Չըրչիլը, Մարկրիթ Թեթչըրը, Թոնի Պլէրը եւ այլք։ Իր գահակալութեան շրջանը զուգադիպեցաւ աշխարհի բազմաթիւ պետութիւններու ղեկավարներու պաշտօնավարման. ղեկավարներ, որոնք արդի պատմութեան ուղղութիւնը բնորոշած են։ Միեւնոյն ժամանակ, Էլիզապէթ Բ. թագուհիի գահակալութեան տարիները զուգադիպեցան Հռոմի բազմաթիւ իրերայաջորդ պապերու գահակալութեան տարիներուն։ Ծանօթ է, որ Անգլիոյ թագուհին միեւնոյն ժամանակ Անկլիքան Եկեղեցւոյ գլուխը կը համարուի։

Կը հաղորդուի, որ նորոգ հանգուցեալ Էլիզապէթ Բ. թագուհիին յուղարկաւորութիւնը շուրջ տասն օր վերջ Լոնտոնի մէջ տեղի պիտի ունենայ։ 1952 թուականին գահ բարձրացած Էլիզապէթ Բ. այդ արարողութիւնով հրաժեշտ պիտի առնէ արքունիքէն, իր ժողովուրդէն եւ միջազգային ընտանիքէն։ Էլիզապէթ Բ. թագուհիին կը յաջորդէ իր աւագ որդին՝ արքայազն Չարլզ, որ պիտի գահակալէ՝ Անգլիոյ Չարլզ Գ. թագաւորի անուանումով։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 9, 2022