ՍԻՊԻԼԻ ՏԵՍԻԼՔԻՆ ԵՐԳԸ
Մեներգչուհի Սիպիլ այսօր նոր ստեղծագործութիւնով մը կը ներկայանայ երաժշտական աշխարհին։ Ան թէեւ որպէս պոլսահայ մեներգչուհի սկսաւ իր ճանապարհորդութեան, սակայն, վաղուց արդէն համայն հայութեան կողմէ իւրացուած արժէքի մը վերածուած է, նաեւ միջազգային բեմահարթակի վրայ ուշադրութիւն կը գրաւէ։
Սիպիլ այսօր «Երգն իմ թեւերն է» գործը կը ներկայացնէ երաժշտասէրներու, իր համակիրներու դատին։ Այս երգին առթիւ մասնաւոր տեսահոլովակ մըն ալ պատրաստուած է։ Այսօր սոյն տեսահոլովակը հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ կը ներկայացուի առաջին անգամ։ Երեւանի «Տալմա կարտըն մոլ»ի «Սինեմա Սթար»ին մէջ կը ներկայացուի Սիպիլի նոր տեսահոլովակը։ Հարկ է նշել, որ այս երգը գրուած է յատուկ Սիպիլին համար եւ կը ցոլացնէ անոր գաղափարներն ու նպատակը՝ հայ երգի սփռումով հայ ժողովուրդի անցեալը, ներկան ու ապագան աշխարհին ներկայացնելու առումով։ Սիպիլ վերջին տարիներուն համատարած համակրանքի արժանացած էր շարք մը թեմաթիք երգերով։
Սիպիլի այս նոր երգի հեղինակն է Յասմիկ Հախվերդեան։ Յօրինողն է Վահան Նահապետեան, հնչիւնները Հմայեակ Ռոստոմեանի կողմէ բերուած են վերջնական տեսքի։ Տեսահոլովակի բեմադրիչն է Ռազմիկ Գրիգորեան, քորէոկրաֆին իրականացուած է Էլիզա Պետրոսեանի կողմէ, իսկ զգեստներու գեղարուեստական ձեւաւորումը կը պատկանի Լիլիթ Մելիքեանին։
Համացանցի վրայ այս տեսահոլովակը կ՚ունենայ բովանդակային սեղմագրեր՝ անգլերէնով եւ թրքերէնով։