ԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔ

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան հրապարակման զուգահեռ սկիզբ առած գործընթացը կը շարունակուի պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ ծաւալուն քննարկումներով։ Կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ յառաջացած խնդիրներն ու արտայայտուած սպասումները ակնյայտօրէն անտարբերութեան չեն ենթարկուած եւ այժմ բոլոր նախադրեալները կան՝ հասկնալու համար, որ նոր կանոնադրութիւնը կատարելագործման ընթացքէ մը կ՚անցնի։

Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր եւ աշխարհական վարիչներուն հետ։ Ֆլորիայի զբօսարաններէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ այս խորհրդակցութիւնը, որ տեւեց ամբողջ երկու ժամ։ Փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն առընթեր՝ այս ժողովին մասնակցեցան նաեւ խումբ մը բարձրաստիճան դիւանակալներ։ Ծաւալուն քննարկումներ տեղի ունեցան այս ժողովի ընթացքին, որ անցեալ շաբաթ Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ կազմակերպուած ժողովին շարունակութիւնն էր այս մէկը, հետեւաբար այդ հաւաքոյթին բոլոր մասնակիցները այս անգամ ալ ներկայ էին եւ նախարար Սիւլէյման Սոյլուի գլխաւորութեամբ հերթական անգամ կանգ առին առկայ բոլոր խնդիրներուն եւ անոնց լուծման հեռանկարներուն վրայ։ 

Շաբաթավերջի հանդիպման Սիւլէյման Սոյլուի կողքին էին՝ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայա, Ներքին գործոց փոխ-նախարար Մեհմէտ Էրսոյ, Ներքին գործոց նախարարութեան նահանգներու կառավարման բաժանմունքի պետ Սելչուք Ասլան, Իսթանպուլի փոխ-կուսակալ Մեհմէտ Ֆանթիհ Չիչեքլի, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ Ռիֆաթ Թիւրքէր, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Իսթանպուլի բոլոր շրջանային տնօրէնները եւ այլ պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ Ներքին գործոց նախարարութեան համակարգէն այլ դէմքեր։ Ժողովին ներկայ գտնուեցան նաեւ Վաքըֆներու խորհուրդին մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը եւ ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմնի անդամներէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։

Մեր համայնքին կողմէ այս կարեւոր խորհրդակցութեան հրաւիրուած էին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ նաեւ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB)։ Նորին Ամենապատուութեան հետ էր նաեւ իր գաւազանակիրը՝ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան կողմէ մասնակցեցան Տ. Միքայէլ Վրդ. Ուչար, Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ եւ անդամներէն Ֆուատ Սուճու։ Ներկայ էր նաեւ Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու։

Յոյն համայնքին կողմէ ժողովին մասնակցեցան Վաքըֆներու խորհուրդին մօտ փոքրամասնութեանց նախկին ներկայացուցիչներէն Լաքի Վինկաս, Յունաց համայնքային վաքըֆներու խրախուսման միութեան (RUMVADER) ատենապետ Եորկօ Փափալիարիս եւ Պալըքլըի յունաց հիւանդանոցի վարչական խորհուրդի ղեկավար Քոստաս Եուվանիտիս։ Թուրքիոյ հրեաներուն կողմէ նիստին մասնակցեցաւ համայնքի համանախագահ Էրոլ Քոհէն։ Ասորի ուղղափառները ներկայացուց համայնքի մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետը՝ Սաիտ Սուսին։ Այս բոլորին առընթեր, միւս փոքրամասնական հաւաքականութիւններու կամ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներն ալ ներկայ եղան նախարարին հետ խորհրդակցութեան։

Պատրիարքական Աթոռը շաբաթավերջի ժողովի մասին հրապարակեց պաշտօնական զեկոյց մը, որով ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուած են բոլոր արդիւնքները։ Զեկոյցին թրքերէն բնագիրը հրատարակուած է յարակից սիւնակին մէջ։ Ժողովի լոյսին տակ ձեւաւորուած են դրական սպասումներ։ Արդարեւ, Սոյլուի գլխաւորութեամբ առնուած որոշումները ընտրական նոր կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ յառաջացած խնդիրներուն մեծամասնութիւնը կրնան հարթել։ Նիստի ընթացքին գոյացած է լայնախարիսխ փոխըմբռնում մը բոլոր փոքրամասնական համայնքներուն միջեւ։ Ըստ երեւոյթին, սա պիտի ապահովէ նաեւ թրքահայ կեանքէն ներս նոր կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ յառաջացած տարակուսանքներու յաղթահարումը։ Ընտրաշրջաններու սահմաններու կամ սահմանումներու վերաբերեալ իրերամերժ մեկնաբանութիւնները պիտի վերանան այս ժողովի լոյսին տակ։ Յառաջիկայ շրջանին ամենայն հաւանականութեամբ ընթացք պիտի չտրուի մեր այն մատակարար մարմիններուն, որոնք իրենց ընտրութիւնը քաղաքի ընդհանուրին բանալու հնարաւորութիւն մը կը տեսնէին նոր կանոնադրութեան մէջ։ Արդարեւ, ժողովի ընթացքին վերահաստատուած է, որ շրջանային դրութիւնը պիտի մնայ ի զօրու։ Շրջանային դրութենէն տուժած փոքրամասնական համայնքներու պարագային ալ ժողովի ընթացքին գտնուած է նպատակայարմար լուծում մը։ Այսպէս, այն համայնքները, որոնք փոքրաթիւ են եւ 15-է աւելի պակաս թիւով վաքըֆ ունին, պիտի կարենան քաղաքի ընդհանուրին մէջ քուէարկութիւն կազմակերպել։ Այս նոր վիճակը ինչպէս հայ կաթողիկէ հասարակութեան, այնպէս ալ հրեաներու եւ միւս փոքրամասնութիւններու խնդիրներուն լուծում պիտի ապահովէ։ Իսկ այն համայնքները, որոնք 15-է աւելի վաքըֆ ունին, շրջանային դրութիւնով պիտի շարունակեն իրենց ընթացքը։ Շաբաթավերջին առնուած որոշումներով նաեւ կարելի պիտի ըլլայ կանխել այն զարտուղի եւ ինքնագլուխ նախաձեռնութիւնները, որոնք մեր համայնքէն կարգ մը մատակարար մարմիններու կողմէ կը կատարուին՝ սահմանափակ շրջանակի մէջ քուէարկութիւն կազմակերպելու եւ իրենց իշխանութիւնը վերարտադրելու համար։

Այժմ կը սպասուի շաբաթավերջի բանաւոր պայմանաւորուածութիւններու գրաւոր պաշտօնական բանաձեւման։ Կ՚ակնկալուի, որ յառաջիկայ օրերուն կա՛մ կանոնադրութիւնը վերահրապարակուի նոր՝ համալրեալ բովանդակութիւնով մը եւ կամ այլ ձեւաչափով տնօրինում մը կատարուի՝ փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ընտրութիւններուն համար։ Ընդհանուր առմամբ մինչեւ տարեվերջ ընտրութիւններու իրագործման վերաբերեալ նախապէս սահմանուած ժամկէտներուն մէջ էական փոփոխութիւններ կամ յապաղումներ չեն նախատեսուիր։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 12, 2022