ՊՈԼՍԱՀԱՅԸ ԻՄ ԱՉՔԵՐՈՎ (Բ.)
Անասելի վիթխարի տարբերութիւն կայ ծնողք-զաւակ յարաբերութիւններուն միջեւ պոլսահայոց ու հայաստանցիներու շրջանակին: Նախ Հայաստան:
Աստուածատուր մեր հայրենիքին մէջ ծնողները կը գերադասեն ունենալ արու զաւակ: Շատերու համար զաւակը զաւակ է, ըլլայ աղջիկ, թէ մանչ: Իսկ կարգ մը զոյգերու պարագային այս հարցը հիւանդագին վիճակներու հասած է: Ընդդիմանալով Տիրոջ կամքին, կը փորձեն ունենալ արու զաւակ: Նոյնիսկ որոշ մայրեր կը դիմեն հրէշաւոր արարքի՝ վիժելով կը սպաննեն իրենց չծնած երեխան: Այս մեծագոյն մեղքերէն մին է, որ կը գործեն շատեր: Իսկ ընտանիքներ ալ կան, որ այնքան երեխայ կ՚ունենան, մինչեւ իրենց փափաքի իրականացումը:
Ես նոյնպէս կը գերադասեմ մանչ ունենալ: Աւելի ճիշդ, կը փափաքէի, որպէսզի իմ առջինեկը ըլլար մանչ: Ըսել է, թէ իմ ցանկութիւնը համընկնած է Տիրոջ կամքին: Լոյս աշխարհ եկաւ իմ անդրանիկ զաւակը՝ Զաւէնը: Իմ երկրորդ աստուածային պարգեւը նոյնպէս մանչ էր՝ իմ Դանիէլը: Այս իմ ցանկութիւնն էր, այլ ոչ նպատակը: Մեծագոյն սիրով պիտի ընդունէի իմ երեխաները՝ աղջիկ, թէ տղայ: Իսկ իմ սիրելի հեքիաթը եօթ եղբայրներու եւ իրենց փոքրիկ արքայադուստր քրոջ մասին է: Ինչո՞ւ ես նախապատուութիւնը կու տամ մանչերուն, քանզի երկիրս՝ Հայաստանս, ունի զինուորներու կարիք: Այո՛, այսօր ես այսպէս կը խորհիմ: Կը փափաքիմ, որ իմ զաւակները, որպէս Արցախի քաղաքացիներ, ժամանակին իրենց պարտքը վերադարձնեն իրենց սիրասուն հայրենիքին: Այդ ինծի համար պիտի ըլլայ մեծագոյն ուրախութիւն ու պատիւ: Իսկ, թէ միւսները ինչո՞ւ կը գերադասեն տղայ երեխաներ ունենալ՝ հարցուցէք անոնց. յստակ պատասխան չունիմ:
Հայաստանի մէջ նոյնպէս, օրէնքով ծնողքի բոլոր զաւակները՝ անկախ սեռէն, հաւասարազօր ժառանգորդներ են: Սակայն իրականութեան մէջ կը գործէ չգրուած օրէնքը. ժառանգութիւն կը ստանան տղաները: Իսկ եթէ, օրինակ, ընտանիքը ունի տուն մը ու քանի մը արու զաւակ, ստացուածքը կը ժառանգէ տան կրտսեր տղան: Միւսները ինքնակամ կը հրաժարին իրենց բաժին ժառանգութենէն: Վերջերս իմ մայրիկն ու մօրաքոյրը նոյնպէս հրաժարեցան իրենց բաժին ժառանգութենէն եւ իմ մեծ հօր կառուցած տունը մնաց իմ մօրեղբօր: Ես համամիտ չեմ այս չգրուած օրէնքին: Ապագային, Աստուծոյ կամօք, մեր ունեցածը հաւասարաչափ պիտի բաժնեմ իմ բոլոր զաւակներուն միջեւ:
Հայաստանի մէջ զաւակները ամուսնութենէ վերջ կը շարունակեն ապրիլ իրենց ծնողքին հետ, ինչ որ ես կ՚ողջունեմ: Այսինքն կեանքի մայրամուտին զաւակները մինակ չեն ձգեր իրենց սիրասուն ծնողքը՝ ամօթ է:
Պոլսոյ հայկական համայնքին մէջ առերեսուելով մեր հայկական վարք ու բարքերուն, մեր աւանդութիւններու հակապատկերին, բաւականաչափ շուարեցայ, յուզուեցայ, քիչ մըն ալ տխրեցայ: Թէպէտ պոլսահայերը հայաստանցիներէն կ՚ապրին տասնապատիկ բարեկեցիկ կեանքով, սակայն անոնցմէ շատեր չափահաս դառնալէ վերջ կը նախընտրեն առանձին ապրիլ իրենց ծնողքէն: Ամուսնութեան պարագային գրեթէ միշտ կ՚առանձնանան: Ինծի համար մինչեւ այսօր անընդունելի է, որ պոլսահայը իր հիւանդ հայրը կամ մայրը կը ձգէ մինակութեան մէջ: Անշուշտ, միշտ բացառութիւնները յարգելի են։ Զաւակները կը մեծնան առանց մեծ հայրերու ու մեծ մայրերու իրական սիրոյ, առանց մեծերու ջերմութեան ու գուրգուրանքին, հոգատարութեան: Պոլսահայ զաւակը կը նախընտրէ իր ծեր կամ հիւանդ ծնողի, ծնողներուն համար վարձել խնամակալ: Այո, իր վաստակածէն կլորիկ գումար մը կը յատկացնէ, որպէսզի օտարը գայ ու հոգ տանի, խնամէ իր ծնողքը: Կամ որպէսզի իր ծնողը մինակ չմնայ. քովը ըլլայ մէկը, որու հետ կարենայ շփուիլ: Անկեղծ ըսեմ, այս ինծի համար չափազանց տարօրինակ ու անընդունելի երեւոյթ մըն է: Թէեւ յաճախ կ՚այցելեն իրենց ծնողներուն, շատ կը սիրեն, կամ կապուած են վերջիններուս հետ: Երբ ծնողները, մասնաւորապէս մայրերը հրաժեշտ կու տան կեանքին, տարիներ շարունակ կը դժուարանան համակերպիլ անոնց բացակայութեան հետ: Այս շատ տգեղ է ու պաղ, առանց հոգիի, ջերմութեան: Միւս կողմէ, իրենց զաւակներուն համար ալ նայող կը վարձեն: Երկու աշխատող կ՚ունենան, մէկը ծնողքին կը նայի, միւսը իրենց մանկահասակ զաւակներուն՝ տարօրինակ: Ակամայ կրնայ թուիլ ճիշդ որոշում է, սակայն որքան մխրճուիս այս հարցին մէջ, այնքան թերութիւնները, վնասները կ՚ելլեն ջուրի երես: Ուրկէ՞ խուժած է այս անբնական սովորութիւնը իմ ազգակիցներուն մէջ, անշուշտ Եւրոպայէն, հեռաւոր Ամերիկայէն: Նորէն արատներու արմատները կու գան Արեւմուտքէն:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
•շարունակելի
Երեւան