ՉԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԽՏԱՆԻՇԸ
Երբեք եղա՞ծ է այնպիսի ժամանակ մը, երբ նոյնիսկ ամենապարզ առօրեայ գործերը լրացնելու չկամութիւն ունենաք։ Կարելի է, որ ենթարկուած ըլլաք չկամութեան համախտանիշի։
Չկամութեան համախտանիշը ո՛չ միայն տարիներ ետք բան մը ընելու անտրամադրութիւնն է, այլ նոյնիսկ մարդիկը ճաշելու ժամանակ կասկածի տակ կը դնէ իրենց ընտրութիւններու մասին։
Սա բազում մարդոց ամենամեծ խնդիրն է։ Սա հազարաւոր բաներու պատճառ է՝ սկսեալ իրենց մշտական հոգեբանական խնդիրներէն մինչեւ իրենց առօրեայ անկայունութիւնները։ Ինչո՞ւ կ՚ըլլայ սա։ Պատճառն է, թէ դուք որեւէ բան ընել չէք ուզեր։ Պատճառը հետեւեալ հարցումին պատասխանը չկարենալ գտնելն է. «ի՞նչ կ՚ըլլայ, երբ այդ տեղի ունենայ»։ Պատճառը ապագայի անորոշութիւնն է, կեանքի իւրաքանչիւր պահու մսխումէն տառապելով կեանքը «յետաձգել»ը։
Օրինակ՝ կը նստիք սեղանի շուրջ, գիտէք որ մինչեւ այսօր առնուազն 20 հազար անգամ ճաշած էք. ի՞նչ կ՚ըլլայ, երբ դարձեալ ուտէք։ Ձեր միտքը խորհուրդ մը կու գայ, կ՚ըսէք. «անմիջապէս արձանագրեմ»։ 10-15 վայրկեան կը տեւէ ձեր մտածումները արձանագրելը։ Յետոյ ձեր միտքը զբաղեցնել կը սկսի հետեւեալ հարցումը. ի՞նչ կ՚ըլլայ, երբ գրեմ…
Երբեմն ձեր ընկերները կը հեռաձայնեն, կ՚ուզեն պայմանաւորուիլ ու սուրճ մը խմել ձեզի հետ, բայց կը խորհիք ձեր հագուելիքը, ճամբուն հեռաւորութիւնը, վերադարձը եւ անմիջապէս կը մերժէք իրենց առաջարկը կամ կը յետաձգէք։ Ի՞նչ կ՚ըլլայ, երբ անոնց միանաք…
Սա կը նմանի ոչնչապաշտութեան անէծքի բեռին տակ ակամայ կքելու, որ կը բխի այն բանէն երբ չկարենանք պատասխան գտնել «ապա ի՞նչ կ՚ըլլայ, եթէ…» հարցումին։ Կարելի է նոյնիսկ աւելորդ թուի դուրս ելլել եւ մաքուր օդ շնչել։
Տգիտութեան, անտարբերութեան հետ պէտք չէ շփոթել այս վիճակը։ Այստեղ չէզոքութեան պատճառը անհոգութիւն, անփութութիւն չէ, ընդհակառակը սա անտեսելու անկարողութիւնն է, ապստամբութիւն է անյաջողութեան, ճակատագրին դէմ։ Բայց ճակատագիրը այնքան անխուսափելի է, որ նոյնիսկ ձեր ցուցաբերելիք դիմադրութիւնն ալ մաս կը կազմէ այդ ճակատագրին։
Չկամութեան համախտանիշը բաւական կը տարբերի ընկճուածութենէ։ Այդ կրնայ միայն յառաջացնել ընկճուածութիւն։ Սա ընկճուածութեան նման ձանձրալի կամ ցաւալի իրավիճակ մը չէ, բայց թունաւոր է. երբ այդ ձեր արեան մէջ է, չէք կրնար կանխել անոր տարածումը ամբողջ մարմնին։ Հակաթոյնն է սիրել բան մը եւ կառչիլ անոր, ուզել ապրիլ։ Եւ կարեւոր է գտնել կառչելիք, սիրելիք բան մը համախտանիշի վատթարացումէն առաջ։
Մէկ խօսքով, աշխարհի «ամենաառողջ» մարդը ըլլալու գաղտնիքն է վայելել այժմու ժամանակը, երբ հեռանաք այս «պահէն», կը մօտենաք չկամութեան համախտանիշին եւ կամաց-կամաց հրաժեշտ կու տաք հաճոյքի զգացումներուն։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024