ԲԱՑԱՅԱՅՏ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումները թէեւ նախորդ գիշերէն ի վեր դադրած են, սակայն, տագնապալի կացութիւնը չէ յաղթահարուած, որովհետեւ որեւէ տարակուսանքի տեղ չկայ, թէ այդ հրադադարը շատ փխրուն է։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ տեղեկացուց, որ հայկական կողմը վերջին յարձակումներուն ժամանակ արդէն 135 նահատակ տուած է, սակայն այս թիւն ալ տակաւին վերջնական չէ։ Ըստ իրեն, պայմանաւորուածութիւն գոյացած է, որպէսզի Հայասատան-Ատրպէյճան սահմանի իրավիճակը շարունակէ մնալ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի ուշադրութեան կեդրոնին։

Երէկ, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը դարձեալ օրակարգի վրայ ունեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վտանգաւոր ու մտահոգիչ լարուածութիւնը։ Նախընթաց օրուան՝ Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ գումարուած ժողովէն վերջ երէկուան նիստը տեղի ունեցաւ ուղղակի Հայաստանի դիմումին հիման վրայ։ Երեւան այս փուլին շատ աւելի բացայայտ զգուշացումներով եւ ակնկալութիւններով հանդէս կու գայ միջազգային հանրութեան առջեւ։ ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Մհեր Մարգարեան Նիւ Եորքի երէկուան ժողովին ընթացքին ըսաւ. «Մենք կը ստանանք հաղորդումներ, ըստ որոնց փխրուն հրադադարը վտանգի տակ է։ Կան հաւաստի ապացոյցներ, թէ Ատրպէյճան նոր յարձակման կը պատրաստուի՝ ներառեալ Նախիջեւանի կողմէն, որպէսզի հասնի իր նպատակին եւ Հայաստանի տարածքով բանայ արտատարածքային միջանցք»։

Միջազգային հարթութեան վրայ Հայաստանի կողմէ հնչեցուած ահազանգին առընթեր, Երեւանի մէջ ալ արտասովոր կացութիւնը կը շարունակուի։ Երէկ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը դարձեալ ժողով մը գումարեց՝ ընդլայնուած կազմով։ Նիստին մասնակցեցաւ նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։ Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ այս փուլին Արցախի կարգավիճակին վերաբերեալ որեւէ փաստաթուղթի ստորագրում խնդրոյ առարկայ չէ եւ այդպիսի հաւանականութեան մը պարագային Երեւանի եւ Ստեփանակերտի միջեւ անպայման համախոհութիւն մը պիտի ապահովուի։ Այս առաւօտ ալ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ կառավարութեան նիստը, որու ընթացքին վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկրի տարածքի որեւէ միլիմեթրը քըն-նարկման առարկայ չի կրնար ըլլալ։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի երէկուան հրատապ նիստին թէեւ որեւէ փաստաթուղթ առայժմ չէ ընդունուած, սակայն սա որեւէ ձեւով պէտք չէ նսեմացնէ տեղի ունեցած քննարկման կարեւորութիւնը։ Քննարկման մասնակից երկիրներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ընդգծած է, որ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը անձեռնմխելի է։ «Խօսք եղած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին միջազգային հանրութիւնը հակառակ արձագանգած է Ատրպէյճանի այն թեզին, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիր գոյութիւն չունի, Լեռնային Ղարաբաղ չկայ», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան։

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին լիակատար աջակցութիւն յայտնուեցաւ նաեւ Մոսկուայի ջանքերուն՝ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։ Հարկ է յիշեցնել, որ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարած էր, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման աշխատանքները չեն դադրած, հակառակ լարուածութեան ու մագլցման։

Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ Երեւան ամբողջ թափով ջանքեր կը գործադրէ նաեւ դիւանագիտական հարթութեան վրայ։ Նիկոլ Փաշինեան երէկ դարձեալ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Այս վերջինը արդէն տեղեկացուցած է, որ անձամբ կը զբաղի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ծագած տագնապով։ Բարձր մակարդակի այս խօսակցութիւններուն առընթեր, երէկ Երեւանի մէջ էր Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, որ Արարատ Միրզոյեանի եւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ հանդիպումներ ունեցաւ։ Պապիկեան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։

Զանազան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու բերնով Հայաստան յստակօրէն միջազգային հանրութենէն կը պահանջէ, որպէսզի ապահովուի իր ինքնիշխան տարածքէն Ատրպէյճանի զօրքերու դուրս բերուիլը։ Վարչապետ Փաշինեանն ալ այս առաւօտ ըսաւ. «Հայաստանի դիրքորոշումը աներկբայ է։ Ատրպէյճան պէտք է դուրս գայ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն»։

Երեւանէն կարգ մը պաշտօնատարներ յայտարարութիւններ ըրած են, թէ վերջին բախումներու պատահած շրջաններէն ներս 6 դիրք վերադարձուած է հայկական զինեալ ուժերուն։ Առայժմ յայտնի չէ, որ որքանով հաւաստի են այդ հաղորդումները։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հարեւաններն ալ մտահոգութեամբ կը հետեւին իրադարձութիւններուն։ Թիֆլիզի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ կրկնել իր զգայնութիւնները։ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի եւ վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի անընդհատ կոչեր կը հնչեցնեն։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ շատ յստակ դիրքորոշում որդեգրուած է նաեւ Թեհրանի կողմէ։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան վերջին օրերուն արդէն յաճախ կ՚անդրադառնար տագնապալի կացութեան։ Երէկ ալ հաղորդուեցաւ, որ Իրան յատուկ դիմադրութիւն պիտի ցուցաբերէ որեւէ բեմագրութեան դէմ, որ պիտի վնասէ Հայաստանի հետ իր սահմանին, որ պատմական հաղորդակցութեան ուղի կը համարուի։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններն ու միջազգային կազմակերպութիւններու առաքելութիւններու ղեկավարները շրջագայութեան մը պիտի առաջնորդուին դէպի երկրի այն սահմանամերձ շրջանները, որոնք թիրախաւորուեցան Ատրպէյճանի կողմէ։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի երէկուան նիստին ընթացքին ալ դեսպան Մհեր Մարգարեան յայտնած էր, որ այս բռնութիւնը Ատրպէյճանի պատասխանն է միջազգային հանրութեան միջնորդական ջանքերուն։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2022