ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ «ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԻ 35-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ ՄԸ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԻ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ
Կը տեղեկանանք, որ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի հիմնադրութեան 35-ամեակին շարժառիթով յառաջիկայ շրջանին Գնալը կղզիի մէջ տեղի պիտի ունենայ յոբելենական երեկոյթ մը։ Նախընթաց օր, այս ձեռնարկին ընդառաջ խմբագրատունս այցելեցին Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան եւ «Մարալ»ի պարուսոյց Կարպիս Չափքան, որոնք մեզի տեղեկութիւններ փոխանցեցին նախատեսուած ընթրիքին կապակցութեամբ։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի տեղեկացուցին, թէ ընթրիքի կարգադիր յանձնախումբը կը գլխաւորէ համայնքային շրջանակներու յայտնի դէմքերէն՝ բարերարուհի Սելմա Իսքէնտէրէօզ։ Ծանօթ է, որ Սելմա Իսքէնտէրէօզ միեւնոյն ժամանակ 35-ամեակի կարգադիր յանձնախումբը կը գլխաւորէր եւ վերջին շրջանին լուրջ եւ անփոխարինելի նպաստ մը բերած է, որպէսզի «Մարալ»ի յոբելեանը արժեւորուի ըստ պատշաճի։ Ան երկար տարիներու համայնքային գործունէութեան փորձառութիւնը ի սպաս դրած է «Մարալ»ին համար եւ իր մասնակցութիւնը մղիչ ուժ մը կը հանդիսանայ «Մարալ»ի ընտանիքի յարաբերաբար աւելի նոր սերունդին, որ Սելմա Իսքէնտէրէօզի ներդրած եռանդով կը խրախուսուի՝ համոյթի այսօրուան վերելքին ուղղութեամբ աշխատանք տանելու առաջադրութեամբ։
Մարիամ Տրամէրեան եւ Կարպիս Չափքան մեզի տեղեկացուցին, թէ իրենց տեսակէտէ ուրախառիթ հանգամանքներէն մին ալ այն է, որ յոբելենական այս ընթրիքին առթիւ Հայաստանէն պիտի գայ նաեւ «Մարալ»ի նուագակիցներու խումբը, Էտկար Խաչատրեանի գլխաւորութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին տարիներուն «Մարալ»ի ելոյթները կ՚իրականացուին Հայաստանէ փութացած նուագակիցներու մասնակցութեամբ։ Համոյթի արձանագրած յաջողութիւններուն իմաստով կարեւոր նշանակութիւն ունի նուագախումբին մակարդակը։ Նուագախումբին եւ պարախումբին միջեւ ապահովուած ներդաշնակութիւնը արդէն նոր հարթութեան մը վրայ դրած է «Մարալ»ի տարած աշխատանքը։ Հայաստանէն փութացած նուագախումբի անդամներուն հետ ստեղծուած են աննախընթաց անմիջականութիւն, ընտանեկան մթնոլորտ։ Հետեւաբար «Մարալ»ի ընտանիքը զգացական մեծ նշանակութիւն կը վերագրէ նուագախումբի անդամներու մասնակցութեան՝ 35-ամեակի այս յոբելենական ընթրիքին, որ այժմէն տօնական տրամադրութեամբ համակած է համոյթի բոլոր անդամներն ու համակիրները։ «Մարալ»ի 35-ամեակի ընթրիքը նախատեսուած է Գնալը կղզիի լողաւազանին շուրջ։