ԱՄՈՒՍՆԱԼՈՒԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Վաղուան Ճաշու ընթերցումները հետեւեալներն են.
Եսայի մարգարէութենէն 14.3-17:
Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած երկրորդ նամակէն 10.18-11.10:
Մարկոսի Աւետարանէն 10.1-12:
Մարկոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք.
• Յիսուս հոնկէ ելլելով՝ եկաւ Հրէաստանի սահմանները, Յորդանան գետին դիմացի կողմը, եւ դարձեալ ժողովուրդը խռնուեցաւ իր շուրջ, եւ Ինք Իր սովորութեան համաձայն նորէն անոնց կ՚ուսուցանէր:
Փարիսեցիները Յիսուսը փորձելու մտադրութեամբ մօտեցան անոր եւ հարցուցին.
-Մեր Օրէնքին համաձայն մէկը իրաւունք ունի՞ իր կինը արձակելու:
Յիսուս անոնց պատասխանեց.
-Մովսէս ի՞նչ օրէնք սահմանեց ձեզի:
Անոնք պատասխանեցին.
-Մովսէս մեզի արտօնութիւն տուաւ բաժանման թուղթ տալու կնոջ եւ արձակելու զայն:
Յիսուս ըսաւ անոնց.
-Մովսէս ձեր խստասրտութեա՛ն պատճառով այդ օրէնքը սահմանեց: Սակայն սկիզբէն, արարածներու ստեղծագործութեան ժամանակ, Աստուած «արու եւ էգ ստեղծեց մարդիկը» եւ ըսաւ անոնց. «Այս պատճառով այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»: Հետեւաբար այլեւս երկու չեն, այլ՝ մէկ մարմին: Արդ, ոեւէ մէկը թող չբաժնէ անոնք՝ որ Աստուած միացուց:
Տան մէջ աշակերտները դարձեալ նոյն նիւթին շուրջ հարցուցին Յիսուսի: Անիկա պատասխանեց.
-Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ՝ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ առաջինին դէմ: Կինն ալ, եթէ իր ամուսինէն արձակուելէն ետք ուրիշի մը հետ ամուսնանայ՝ կը շնայ (Մր 10.1-12):
Մեր առօրեայ ընկերութենէն ներս ամուսնալուծութիւնը կարծէք սկսած է սովորական երեւոյթ ստանալ, ինչ բանի պատճառով ալ մղուեցայ անդրադառնալու այս նիւթին, նկատի ունենալով մանաւանդ, որ վաղուան Ճաշու Աւետարանը ապահարզանի, այսինքն՝ ամուսնալուծութեան մասին է:
Այսօրուան մարդուն ընկալումները եւ մօտեցումները ազատութեան քօղին տակ ահաւոր աստիճանի այլանդակութեան, այլասերութեան եւ անբարոյականութեան հասած են: Վերջին երեք եզրերը այսօրուան ընկերութեան համար սկսած են «բնական» երեւոյթներ համարուիլ, որովհետեւ այնքան շատ է թիւը այլանդակներուն, այլասերուածներուն եւ անբարոներուն, որ երբ բնական ՄԱՐԴու կամ մարդկային վերաբերմունքի ու ընկալումներու կը հանդիպիք, պահ մը կանգ կ՚առնէք զարմանալով, թէ մեր տեսածը կամ լսածը արդեօք իրակա՞ն է: Միւս կողմէ, նակտի ունենալով, որ վերոնշեալները այսօր աւելի շատ են, քան իրաւ ՄԱՐԴիկը, իրենց կոչումին հարազատ մարդիկը, ապա անոնց պահուածնք ու անոնց ընկալումները շատ աւելի դիւրութեամբ եւ արագութեամբ կը տարածուին ամէնուր:
Այսօրուան ընկերութեան խոցելի կէտերէն ամենէն վտանգաւորը ըստ մեր կարծիքին, ամուսնալուծութեան խնդիրն է, որովհետեւ անմիջականօրէն առընչութիւն ունի ընտանեկան յարկին հետ: Յարկ մը, աւելի ճիշդ սրբավայր մը, որ երկա՜ր դարեր կանգուն պահած է պետութիւններ, ազգեր ու ընկերութիւններ, եւ այն վայրերուն մէջ, ուր խաթարուած է այդ յարկը, ապա ժամանակի ընթացքին վերացած են այդ վայրերուն պետութիւնները, ինքնիշխանութիւնները, ընկերութիւնները, եւ անոնց տեղը գրաւած է ամբոխավարութիւնը, որ հիմքն է ամէն տեսակի մարդկային կործանումներու եւ աղէտներու:
Արեւմուտքը ի շարս իր դրական կողմերուն, այս կէտին՝ ամուսնալուծութեան, եւ ընդհանրապէս ամուսնութեան պարագային շատ յառաջ երթալով, արդէն իսկ անդունդէն ալ անդին անցած է: Արդարեւ, Արեւմուտքի համար ամունութիւնը դարձած է պայմանագրային համաձայնութիւն մը, որով երկու կողմերը իրարու հետ դաշինք կը կնքեն մի քանի տարուան համատեղ կեանք մը ապրելու, եւ այդ դաշինքի թուականի աւարտին, կողմերը «ազատ կ՚արձակուին» եւ ի վիճակի կ՚ըլլան նոր դաշինքներ կնքելու: Բնականաբար նման վերաբերմունք մը ո՛չ միայն հակաԱստուածաշնչային է, այլեւ հակամարդկային…:
Այս մասին Ղեւոնդ Եպիսկոպոս Դուրեան իր «Պարզ քարոզներ» հատորներէն մէկուն մէջ կը գրէ.
«Եթէ կայ բան մը որ ամենահնարաւոր չարիք մը դարձած է, այն ալ շնացողին հանրութեան առջեւ յանցապարտ չնկատուիլն է։ Կարգ մը խորհուրդներ՝ որոնց մէջ լուրջ դէմքեր չեն պակսիր, ամուսնութիւնը կը նկատեն ներկայ պայմաններուն մէջ անբնական բան մը, գրեթէ անհեթեթ, քանի որ կ՚ըսեն ան կը կապէ մարդուն ազատութիւնը եւ անողորմ բռնապետ մը կը դառնայ ստիպելով որ ամուսնացեալները միասին ապրին երբ սրտերը արդէն միացեալ չեն։ Որքա՜ն աւելի արդար պիտի ըլլար կ՚աւելցնէին անոնք, որ ամուսիններ ազատ ըլլային եւ ուզած ատենին բաժնուէին առանց նոյն իսկ պաշտօնական դիմումով, առանց դատաստաններու առջեւ երեւալու, եւ կարենային կնքել նոր միութիւն մը աւելի լաւ պայմաններով եւ փորձառութեամբ։ Ժամանակ մը յետոյ այս նոր ամուսնացեալք նոյն ազատութիւնը կիրարկելով երբ հարկը պանհանջէ կարենային իրարմէ բաժնուիլ վերստին կնքելու համար նոր օճախ մը, դարձեալ ըստ իրենց կարծեաց աւելի լաւ պայմաններու տակ։ Զմայլելի եւ հեշտաբոյր չպիտի՞ ըլլար այս դրութիւնը կը հարցնեն մեզ։ Այսու արդեօք չպիտի՞ ունենայինք բաղադրութիւնը սիրոյ եւ ազատութեան, այսու արդեօք չպիտի՞ ունենայինք գրաւական անհունօրէն աւելի հաճելի կեանքի մը՝ քան այն հին դրութեամբ դժբախտ ամուսնոց կեանքը, որ ուրիշ բան մը չէ բայց եթէ ծանրաբեռնուած եւ անտանելի կեանք մը, որ կածես իւր ձանձրանալի տեւողութեամբ չի վերջանար»:
Անցնինք…:
Ինչ կը վերաբերի ամուսնալուծութիւններուն, ապա ամուսնալուծութիւններն ալ այնքան դիւրին ընթացք ստացած են, որ կարծէք առուծախ մըն է կատարուածը, եւ ո՛չ թէ ամուսնալուծութիւն: Կողմերը իրենց քմահաճոյքներուն պատճառով կ՚որոշեն իրարմէ բաժնուիլ, իւրաքանչիւր կողմ դիմացինին կու տայ իր ուզածը, դատարանն ալ իր կնիքը կը դնէ այդ համաձայնութեան վրայ, որով կ՚ամուսնալուծէ կողմերը, առանց փորձ մը կատարելու փրկելու ընտանեկան այդ յարկը:
Բնականաբար երբ ամուսնալուծութեան մասին կը խօսինք, չենք պնդրեր, որ որոշ պարագաներու համար ամուսնալուծութիւնը կողմերուն համար փրկութիւն է, քան կործանում, եւ աւելի լաւ է որ կողմերը իրարմէ բաժնուին, քան թէ իրարու հետ մնալով, կամ ամուսնական կապը զիրենք կապած պահել, այլեւայլ ոլոր-մոլոր ճանապարհներու մէջ յայտնուին: Բայց, հասնելու համար այդ կէտին՝ ամուսնալուծութեան, նախ եւ առաջ պէտք է մանրակրկիտ կերպով ուսումնասիրուի զոյգին պարագան, հասկնալու համար դրդապատճառները եւ անհրաժեշտութիւնը ամուսնալուծութեան:
Մեր ժողովուրդի պարագային, յատկապէս Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ որդեգրած ուղիի պարագային, բարեբախտաբար այդքան ալ դիւրին չէ ամուսնալուծութիւնը: Հակառակ այս պարագային, սակայն, ի՜նչ-ի՜նչ կազմակերպութիւններու եւ աղանդաւորական շարժումներու պատճառով հայրենի մեր հողերուն վրայ, մեր ժողովուրդի մօտ ալ ընտանիքի հասկացողութիւնը սկսած է այլափոխուիլ եւ ընտանեկան յարկը այսօր՝ աւելի քան երբեք խաթարուած է եւ վտանգի դիմաց է: Որոշ ուժեր տարբեր-տարբեր միջոցներով ամէն կերպով կ՚աշխատին, որպէսզի հարուած հասցնեն եւ տապալեն այդ յարկը, որով շատ դիւրին պիտի ըլլայ ամբողջ ազգը կազմալուծելը (աւելի չընդլայնինք, որովհետեւ այդ ինքնին առանձին նիւթ մըն է, ինչի մասին կարելի է յօդուածներ գրել):
Արդարեւ, ըսինք որ մեր մօտ ալ ամուսնութիւնը, ընտանիքը սկսած են տարբեր ընկալումներ ստանալ, որով այսօրուան երիտասարդը ի տարբերութիւն իր ծնողներուն, ինքն իրեն շատ աւելի «ազատ»ութիւններ կու տայ, պատճառաբանելով թէ իր կեանքն է, եւ ի՛ր իրաւունքն է որոշել ինչպէս ապրիլ իր կեանքը: Այն որ իր կեանքն է, միանշանակ, սակայն այդ պատճառաբանելով կործանել այդ կեանքը, ափսոս է, եւ ափսոս է առաջին հերթին այդ երիտասարդը, որովհետեւ անգիտակցաբար եւ կամ ալ տարուելով այսօրուան ընկերութեան այլասերուածութեամբ եւ այլանդակութեամբ, կը կարծէ, թէ իր որդեգրած ուղին ճիշդ է:
Այսօր, պետական ամուսնութիւններու թիւը այնքան բազմացած է, որովհետեւ այդ պարագային, երբ մանաւանդ չկայ եկեղեցական Սուրբ Պսակը, եւ պարզապէս պետական ամուսնութիւնն է եւ կամ աղանդաւորական ինչ որ շարժումի հովիւին կատարած այսպէս ըսած երկու երիտասարդները իրարու միացնելը, զանոնք նետելով շնութեան գիրկը, դիւրին է ցանկացած անհամաձայնութեան կամ անհաշտութեան պարագային, դիմել պետական տուեալ կառոյց եւ ամուսնալուծուիլ… Մինչ երբ եկեղեցական պսակով միացած է զոյգը եւ զիրենք պսակող հոգեւորականը իր կապը պահպանած է այդ զոյգին հետ եւ միշտ կապի մէջ եղած է անոնց հետ, ապա նոյնիսկ անհամաձայնութիւններու կամ անհաշտութիւններու պարագային, դժուար թէ այդ զոյգը մտածէ ամուսնալուծութեան մասին, որովհետեւ շատ յաճախ ամուսնական կեանքի ընթացքին պատահած անհամաձայնութիւններն ու անհաշտութիւնները տուեալ ընտանիքին համն ու հոտն է, որոնցմով տունը ա՛լ աւելի կ՚ամրանայ, կը գօտեպնդուի, կը գեղեցկանայ ու կը քաղցրանայ:
Հիմա, պահ մը դարձեալ կարդանք Մարկոսի Աւետարանին վերոնշեալ հատուածը եւ վստահ եմ, որ ընթերցողներէն շատեր պիտի գան այն եզրակացութեան, որ վերոնշեալ երեւոյթներուն պատճառը, մեր՝ մարդոց Աստուածաշունչէն եւ Եկեղեցիէն հեռու կեանք մը ապրելուն հետեւանքներն են, աւելին հետեւանքն են այն բանին, որ Եկեղեցին վերածած ենք միայն կարիքներու ժամանակ այցելութեան վայրի, կամ առիթէ առիթ եւ մէկ ալ տօնական օրերուն, ատկէ անդին Եկեղեցին մեզի համար գեղեցիկ կառոյց մըն է, որու ճարտարապետութեամբ կը զմայլինք եւ դիմացէն անցած ժամանակ կը խաչակնքենք մեր դէմքին, շատ յաճախ առանց հասկնալու, թէ ինչու կը խաչակնքենք: Կը խաչակնքենք, որովհետեւ տեսած ենք ոմանք, որոնք կը խաչակնքեն, եւ…, ուշադրութիւն գրաւելու համար, մենք ալ սկսած ենք խաչակնքել:
Գալով Մարկոսի Աւետարանին մէջ գրուածին: Երբ փարիսեցիները կը փորձեն մեր Տիրոջ ամուսնալուծութեան մասին հարցում տալով, ապա Տէրը անոնց հարցումին հարցումով մը պատասխանելով, կը հարցնէ անոնց, թէ Օրէնքը ի՛նչ կ՚ըսէ այդ մասին, եւ լսելէ ետք անոնց պատասխանը, կ՚ըսէ.
-Մովսէս ձեր խստասրտութեա՛ն պատճառով այդ օրէնքը սահմանեց: Սակայն սկիզբէն, արարածներու ստեղծագործութեան ժամանակ, Աստուած «արու եւ էգ ստեղծեց մարդիկը» եւ ըսաւ անոնց. «Այս պատճառով այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»: Հետեւաբար այլեւս երկու չեն, այլ՝ մէկ մարմին: Արդ, ոեւէ մէկը թող չբաժնէ անոնք՝ որ Աստուած միացուց (Մր 10.5-9):
Երբեմն կը վարանինք ու կը զարմանանք որոշ աստուածային պատուիրաններու վրայ, մտածելով թէ անարդար կերպով տրուած են եւ կամ շատ ծանր են: Արդարեւ, այդ տիպի մեր բոլոր վարանումներուն պատասխանը, Տէր Յիսուսի տուած այս մէկ նախադասութեան մէջ է.
-Մովսէս ձեր խստասրտութեա՛ն պատճառով այդ օրէնքը սահմանեց: Այսինքն, շատ մը օրէնքներ մեր խստասրտութեան պատճառով է, որ տրուած են, որպէսզի մեզ դաստիարակելով ուղղութեան բերեն: Յատկապէս ամուսնալուծութեան պարագային, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք Տէր Յիսուսի ապրած ժամանակաշրջանը եւ մարդկային միտքի հասողութիւնը, ապա հասկնալի կը դառնայ մեզի մեր Տիրոջ այս խիստ պատասխանը, որ սակայն կը մեղմացնէ, երբ կու տայ յաւելեալ բացատրութիւն, ըսելով, թէ Աստուած «արու եւ էգ ստեղծեց մարդիկը» եւ ըսաւ անոնց. «Այս պատճառով այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»: Հետեւաբար այլեւս երկու չեն, այլ՝ մէկ մարմին: Արդ, ոեւէ մէկը թող չբաժնէ անոնք՝ որ Աստուած միացուց: Այստեղ արդէն իսկ յստակ կը դառնայ, որ ամուսնալուծութիւնը որպէս այդպիսի հակաստուածային արարք մըն է, որովհետեւ անգամ մը որ զոյգ մը Աստուծոյ օրհնութեամբ իրարու միացաւ, այլեւս պէտք չէ բաժնուին, աւելին ո՛եւէ մէկը պէտք չէ բաժնէ զանոնք (դարձեալ կը յիշեցնենք, որ որոշ պարագաներ, երբ ուսումնասիրուած են յատուկ մասնագէտներու, հոգեւորականներու, հոգեբաններու եւ բժիշկներու կողմէ, եւ պարզուած է, որ տուեալ զոյգին բաժանումը երկու կողմին ալ օգուտ է, այդ պարագային հասկնալի է, ատկէ դուրս, աստուածային պատուիրանը յստակ ու կտրուկ է այս պարագային):
Երիտասարդ մը եւ երիտասարդուհի մը անգամ մը որ միանան, այլեւս երկու չեն ըստ Աստուածաշունչի վկայութեան, այլ՝ մէկ: Իսկ երբ մէկ են, այլեւս բաժանումի մասին խօսք պէտք չէ ըլլայ, որովհետեւ անգամ մը որ մէկ եղան, եւ զիրար ճանչցան թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ՛ մտապէս, ապա այլեւս մէկ ամբողջութիւն են, եւ եթէ պատահի որ բաժնուին, զիրար է որ կը պախարակեն ու կը խայտառակեն, միւս կողմէ իրենք զիրենք մեղքի գիրկը կը նետեն: Որպէսզի ըսածս աւելի յստակ դառնայ, կարդա՛նք, թէ Սուրբ Պօղոս առաքեալը ինչ կը գրէ.
«Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս սիրեց եկեղեցին եւ Իր կեանքը տուաւ անոր համար, որպէսզի ջուրի լուացումով զայն մաքրէ եւ Իր խօսքով սրբէ, այնպէս մը՝ որ եկեղեցին Իրեն ներկայանայ ամբողջական փառքով, առանց որեւէ արատի կամ խորշոմի կամ ուրիշ թերութեան, այլ՝ ըլլայ սուրբ եւ անարատ: Ճիշդ նոյն ձեւով, ամուսիններ պարտին իրենց կիները սիրել որպէս իրենց մարմինը. որովհետեւ իր կինը սիրողը իր սեփական մարմինը սիրած կ՚ըլլայ, եւ չկայ մէկը որ իր մարմինը անտեսէ. ամէն մարդ ալ կը սնուցանէ եւ կը խնամէ իր մարմինը, ինչպէս Քրիստոս կը սնուցանէ եւ կը խնամէ եկեղեցին՝ Իր մարմինը, որուն անդամներն ենք բոլորս Անոր մարմինէն ու ոսկորներէն: Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած է. «Ահա այս պատճառով այրը պիտի թողու իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»: Աստուծոյ ծրագրին կապուած կարեւոր ճշմարտութիւն մըն է ասիկա, որ ըստ իս՝ Քրիստոսի եւ Եկեղեցիին կը վերաբերի:
Բայց նոյնը կը վերաբերի նաեւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին, որովհետեւ իւրաքանչիւր այր պէտք է իր կինը սիրէ իր անձին պէս, եւ ամէն կին պէտք է յարգէ իր ամուսինը» (Եփ 5.25-33):
Շարունակելով, ամուսնալուծութիւնը սարսափելի մեղքի մը կ՚առաջնորդէ՝ շնութեան: Երբ փարիսեցիներէն եւ ժողովուրդէն կ՚առանձնանան մեր Տէրն ու Իր աշակերտները, վերջիններս ալ ամուսնալուծութեան մասին կը հարցնեն Տէր Յիսուսի, Ով հետեւեալ պատասխանը կու տայ.
«Ով որ իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ՝ շնութիւն ըրած կ՚ըլլայ առաջինին դէմ: Կինն ալ, եթէ իր ամուսինէն արձակուելէն ետք ուրիշի մը հետ ամուսնանայ՝ կը շնայ» (Մր 10.11-12): Պարզ ու յստակ են Տէր Յիսուսի խօսքերը, անոնք որոնք իրենց կողակիցը կամ ամուսինը ձգելով՝ բաժնուին իրարմէ եւ ետքէն ուրիշի մը հետ ամուսնանան, ապա շնութիւն ըրած կ՚ըլլան, եւ իրենց այդ ամուսնութիւնը մեղք կը համարուի իրենց համար, ուրկէ կը բացակայի Աստուծոյ օրհնութիւնը:
Շնութիւնը, արդարեւ, ամենէն ահաւոր մեղքերէն մէկն է, որովհետեւ այս մեղքով մարդ ինքն իր մարմինն է, որ կ՚ապականէ, այն մարմինը՝ որ կոչուած է Աստուծոյ տաճար ու բնակարան ըլլալու (տե՛ս Ա. Կր 3.16-17, 6.15-20):
Դարձեալ լսենք Դուրեան Եպիսկոպոսին եւ աւարտենք այսօրուան մեր Կիրակմուտքի խորհրդածութիւնը.
«Ընտանիքը իր բարձրութեան եւ արժանեաց մէջ պահելու համար, անհրաժեշտ է անոր տալ իւր ճշմարիտ խարիսխը, իւր անվիճելի հիմը, այսինքն ամուսնական հաւատարմութիւնը եւ այս իսկ է անկիւնաքարը ընտանեկան հաստատութեան։ Ընտանեկան կապերուն թուլացումին խորունկ պատճառը, պէտք է փնտռել ամուսնական կապերու թուլացումին մէջ։ խօսիլ այս կարեւոր եւ ծանր հարցին վրայ ճառել է եօթներորդ պատուիրանին վրայ։
«Մի՛ շնար»։ Շնացողը իր ամուսնոյն, իր լծակցին հանդէպ անհաւատարիմ մըն է. այս անհաւատարմութիւնը միշտ եւ ամէ տեղ արգիլուած է. ինչ որ ալ ըլլան պատճառներն որով կը փորձեն արդարացնել իրեն մեղապարտ ընթացքն՝ անոնք անհաւատարմօրէն շարժած կ՚ըլլան իրենց լծակիցին հանդէպ։ Ուշադիր եղէք որ չեմ ըսեր որ ամուսնական հաւատարմութիւնը միշտ դիւրին եւ հաճելի կրնայ ըլլալ։ Այդ հաւատարմութիւնը պահելու համար կան կատարելիք պարտականութիւններ, որոնք յաճախ դառն տառապանքներով կարելի է տանիլ եւ նոյն իսկ զոհողութիւններ հարկ է ընել։ Բայց խնդիրը հոս չէ. խնդիրը այն է որ այս հաւատարմութիւնը պարտականութիւն մըն է թէ ոչ։
Բարոյական խղճի հրաման մը, բացորոշ հրամայական պահանջ մըն է։ Եւ վիճաբանութիւնը չի վերցներ այս հարցը. հարկ է ինչ գնով որ ալ ըլլայ հնազանդիլ»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
12 սեպտեմբեր 2022, Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024