ՕՐ ՄԸ ՊԻՏԻ ՄԱՀԱՆԱՄ

Այսօրուան պէս կը յիշեմ, երբ երեխայ էի, անմեղօրէն, ապստամբելով հօրս հարցուցած էի, թէ կ՚ուզէի, որ երբեք ծնած չըլլայի, քանի որ օր մը  պիտի մահանամ։ Ես յստակ չեմ յիշեր անոր պատասխանը, բայց վստահ եմ, որ այս խօսքերս բաւական անհանգստացուցած էին զինքը։ Ես հիասթափուած էի, զայրացած ու վախցած։ Գիտնալ, որ մարդիկ կը մահանան… Յանկարծ հասկցայ, որ օր մը ես ալ անոնց մաս պիտի կազմեմ, նոյնպէս պիտի մեռնիմ։ «Ես չէի ուզած այս բանը, ո՞վ ինծի հետ կը խաղայ այս սարսափելի խաղը», կը խորհէի ես։

Հասկցածս տարօրինակ էր, բայց ես երջանիկ երեխայ էի. կը զգայի արեւի ջերմութիւնը մաշկիս վրայ, ընկերներուս հետ կը խաղայի, պաղպաղակ կ՚ուտէի, ծննդեան տարեդարձներ կը նշէի, կը վայելէի իմ ծնողքի անվերապահ սէրը… Ինչո՞ւ շրջապատուած էի այսքան ուրախութեամբ եւ սիրով, երբ օր մը անոնք ինձմէ պիտի հեռանային ընդմիշտ։ Ես նաեւ կը գիտակցէի, որ «կորսուիլ» կը նշանակէ այլեւս գոյութիւն չունենալ։ Աւարտեցաւ, «ֆինիթօ»… Սա ընդհանրապէս անիմաստ կը թուէր ինծի։

Իմ մահանալը աննշան էր աշխարհի վրայ։ Այս գաղափարը չէի կրնար մտքէս հանել։ Նոյնիսկ այդ երիտասարդ տարիքին սկսայ զգալ իմ սահմանափակութեան ծանրութիւնը։ Ես ակամայ, անընդհատ կը խորհէի այս մասին։ Մահը այլեւս մօտս էր։

Սարսափելի էր։ Ես պարզապէս երեխայ էի՝ երկարակեացութեան, յամառութեան, ինքնավստահութեան խտացեալ զգացումին դէմ եւ այդ մէկը աւելի սարսափելի էր։ Իմ մանկութիւնը կարծէք փլուզուած էր՝ զիս կանգնեցնելով անսահման խորութեան դիմաց։

Քանի հասակ կ՚առնէի, այս գոյութենական անհանգստութիւնը կը շարունակէր մնալ ինծի հետ։ Ի՞նչ էր պատճառը որ մենք մարմնաւորուեցանք առանց բացատրութեան։ Կը մտածէի, մեր հոգին մահկանացո՞ւ է։ Արդեօք կա՞ր ենթաիմաստ մը տիեզերքի համար։ Կա՞ն բաներ, որոնք պէտք է բացայայտուին մահէն յետոյ, թէ ոչ մահը գոյութեան վերջին փուլն է։

Երբ հասայ հասուն տարիքի, այս առեղծուածի խտութիւնը չէր պակսած, չէր դադրած։ Կային ժամանակներ, երբ ինքզինքս խրուած կը զգայի դէպի անիմաստութեան անսահմանութեան մէջ: Մահուան իրականութիւնը կարծէք կը հետապնդէր զիս՝ վարակելով այն ամէն ինչը, զոր ես կը փորձեմ կատարել։ Բարձիս տակ է քնանալու ժամանակ, կը սաւառնի կողքիս, երբ կը քալեմ մէկ փողոցէն միւսը, կ՚ընդհատէ իմ սրտի բաբախումը, կը լարէ ջիղերս ամէն գիշեր, կը թուի, թէ իմ տուած խոստումները պիտի չկատարուին… Այո, կայ վախ եւ սարսափ ցուրտ մահու հանդէպ, բայց կայ նաեւ շփոթութիւն։ Այս անհետացման զգացումը ե՞րբ կը գրաւէ մեզ։ Ի՞նչ կը նշանակէ զուրկ ըլլալ սեփական գիտակցութենէն։ Ինչպէ՞ս կ՚ապրինք այն մտածումով, որ միշտ մօտ ենք մահուան։ «Կամուրջը կրնայ փլիլ որեւէ պահու»։

Վաղ թէ ուշ պիտի մեռնիմ։ Եթէ կը կարդաք այս յօդուածը հարիւր տարի անց, ապա ես այլեւս չեմ ապրիր։ Ես փակած եմ աչքերս կեանքին։

Վստահ չեմ, թէ արդեօք այս «մահուան սառնութիւնը» կ՚ոչնչանայ իմ մտքէն: Վստահ չեմ նաեւ, թէ կը հասնիմ մխիթարութեան։ Թէ՛ կեանքը եւ թէ՛ մահը սարսափելի են եւ անքակտելիօրէն իրարու կապուած։ Սարսուռն ու առեղծուածը միշտ կը գրաւեն իմ հոգիս։

Սարսուռը կը շարունակուի, սակայն մահուան իրականութեան հետ առերեսուիլ պէտք է։ Բոլորս վաղ թէ ուշ փտած դիակներ պիտի դառնանք։ Պէտք է մտածենք մեր սիրելիներու հետ անցուցած կամ անցընելիք ժամանակի մասին։ Անկախ անկէ, թէ որքան գեղեցիկ, հարուստ, խելացի կամ պիտանի ըլլանք, ո՛ր կրօնի որ դաւանինք, անպայման պիտի մեռնինք։

Երբ կը գիտակցինք այս բանին ու առերեսուինք մահուան հետ, կարծէք նախապէս սովորական համարուող բաները այլեւս այլ իմաստ, աննկարագրելի արժէք կը ստանան։ Այս ըմբռնումը, հաւաքական ճակատագրի փոխադարձ ճանաչումը մեր ժամանակը աւելի հաճելի եւ թանկ կը դարձնէ։

Մահը մեր հասարակաց ճակատագիրն է։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2022