ՀՈԳԻԻՆ ՀԻԱՆԱԼԻ՜ ԱՐԵՒԸ

Մարդուս հոգեւոր աշխարհագրութիւնը նմանութեան բազմաթիւ գիծեր ունի արտաքին աշխարհի հետ՝ արտաքին աշխարհի աշխարհագրութեան հետ։ Ինչպէս բնութիւնը իր արեւը ունի, մարդը եւս ունի իր հոգւոյն մշտափայլ Արեւը, որ է Աստուծոյ Սիրոյն յայտնութիւնը յանձին Յիսուս Քրիստոսի։

Այդ մշտափայլ «Արեւ»ն է, որ կրնայ մարդուս հոգին կենսունակ եւ առողջ պահել, սնուցանել, աճեցնել, զօրացնել, յուսադրել, վստահեցնել եւ անվտանգ պահել ներկային եւ ապագային համար եւ մարդս պատրաստել իր յաւիտենական ժառանգութեան համար։

Արդարեւ, քրիստոնեայ ըլլալ այդ մշտափայլ Արեւին տակ ապրիլ, կեանք վարել կը նշանակէ։

Արեւը լո՛յս է։ Զատկական մոմէն վառուած մոմը, կը նշանակէ, թէ Քրիստոս Իր Լոյսով լուսաւորեց մարդը՝ նորադարձը։ Մկրտեալները Քրիստոսով «աշխարհի լոյսն են». (ՄԱՏԹ. Ե 14), (ՓԻԼ. Բ 15)։ Քրիստոնեան, արդարեւ, կոչուած է աշխարհի լոյսը ըլլալու։ Յիսուս Քրիստոսի մէջ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը ամբողջովին յայտնուեցաւ. Ինքն է «աշխարհի լոյսը». (ՅՈՎՀ. Ը 12)։ Ինք ճշմարտութիւնն է. (ՅՈՎՀ. ԺԴ 6)։ Ո՛վ որ հաւատայ Անոր, երբեք չի մնար խաւարին մէջ. (ՅՈՎՀ. ԺԲ 46)։ Հաւատքը աներկբայ՝ հաստատ եւ անտարակոյս է, աւելի աներկբայ քան մարդկային ամէն ճանաչում, ամէն իրողութիւն, որովհետեւ ան կը հիմնուի Անսուտ Աստուծոյ Խօսքին վրայ։ Անշուշտ յայտնեալ ճշմարտութիւնները կրնան մարդկային բանականութեան եւ փորձառութեան մութ երեւիլ, բայց «աստուածային լոյսին տուած աներկբայութիւնը աւելի մեծ է քան բնական բանականութեան տուած լոյսը», կ՚ըսէ Յովհաննէս Հենրիկոս Նիւման։ Ուստի հազարաւոր դժուարութիւններ չեն կրնար մէկ տարակոյս պատճառ դառնալ. (Ս. Անսելմոս)։

Բնութիւնը կարծես արտատպուած պատկեր մըն է մարդուս հոգիին մէջ։ Մա՛րդն ալ իր հոգիին մէջ ունի «բարձր լեռներու կատարներ», որոնք իր մտածումներուն եւ երեւակայութեանը թռիչքներն են՝ իր իտէալները, իր հեռանկարները, սէրերը, իր ըմբռնումները եւ համոզումները Էակի մը մասին՝ որ Տիեզերքի Ստեղծիչը, Նախախնամը եւ Կառավարիչն է, եւ թէ մարդկային ամբողջ կեանքին եւ վախճանին բացարձակ եւ միա՛կ Տէրը։ Եւ այդ «կատար»ներուն վրայ կեցած՝ մարդ կ՚ապացուցանէ եւ կը վկայէ թէ, Աստուծոյ պատկերը կը կրէ, թէ՝ Սաղմոսերգուհին բացատրութեամբ՝ երկինքի հրեշտակներէն քիչ մը միայն վար դրուած է։ Ահաւասիկ, ա՛յս է մարդուն պատիւը եւ արժանապատուութիւնը, որ մարդ պարտի պահպանել, պաշտպանել որպէսզի արժանի ըլլայ իր կոչումին՝ արժանի ըլլայ «մա՛րդ» կոչուելուն։ Այսուհանդերձ, ան որ այսպիսի բացատրութիւններու կարողութեամբ օժտուած է, նաեւ իր հոգիին մէջ ունի անյատակ վիհեր՝ մթին եւ արհաւրալից, որոնց մէջ կրնայ թաղուիլ, կրնայ ոչնչանալ։

Ան որ կրնայ սրբանալ, կրնայ նաեւ՝ մեղանչել Աստուծոյ եւ մարդոց դէմ մինչեւ այն աստիճան, որ նոյնիսկ «դժոխքը իրմէ ամչնայ»։ Արդարեւ, մարդու հոգին ալ ունի վիհեր՝ որոնց մէջ կը թափառին գազաններ նոյնիսկ աւելի՛ կատաղի քան անտառներու ամենէն արիւնարբու վագրերը, կամ թունալից օձերը։

Նաեւ՝ մարդկային հոգիին մէջ կարելի է գտնել իր ազնուութեան, պարկեշտութեան եւ վեհանձնութեան դաշտերուն քով իր խաբէութեան, կեղծիքի եւ ատելութեան ճահիճները։

Ուստի, երբ «վստահելի» կը ճանչցուի մէկը որպէս Աստուծոյ արժանի որդի մը, եղբայր մը, եւ սակայն կը ստէ, կը դաւէ, կը մատնէ, կը բամբասէ, կ՚ատէ՝ Սատանային ծնունդը կ՚ըլլայ եւ Սատանային չափ զազրելի՛։ Այդպիսին, ահաւասիկ, լոյսը խաւարի, սուրբը մեղաւորի վերածող՝ լոյսը ատող եւ մի՛շտ մութը նախընտրող եւ մութի մէջ ապրելէ ախորժող, դժուար հասկնալի, խեղճ մը, թշուառ մըն է…։

Մարդ երբ ուղիղ ճամբու մէջ կ՚ընթանայ. կ՚ընտրէ միշտ լոյսը՝ լուսաւորը, լոյսի մէջ, լոյսով կը յառաջանայ։

Աստուած Ի՛նք «ճշմարտութիւն»ն իսկ է, որովհետեւ «Աստուած լոյս է, Անոր մէջ չկայ երբեք խաւար». (Ա ՅՈՎՀ. Ա 5)։ Ինք «Սէր» է, ինչպէս որ Յովհաննէս առաքեալ կ՚ուսուցանէ զայն. (Ա ՅՈՎՀ. Դ 8)։

Երանի՜ անոնց որ կը քալեն ճշմարտութեան ուղիին մէջ՝ Լոյսով եւ Սիրով։ Անոնք երբեք չեն սայթաքիր, եւ եթէ նոյնիսկ պահ մը սայթաքին՝ անմիջապէս կը կանգնին եւ կը շարունակեն իրենց լուսաւոր ճամբան՝ ապահով ե՛ւ անվտանգ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 31, 2022, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2022