ԽՕՍՔԻՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մարդ անհատը իր մարմնական գոյութեան կողքին ընկերութեան մը մաս կը կազմէ իր խօսքով ու գաղափարներով եւ անոնցմով է որ կ՚արժեւորուի անոր գոյութիւնն ու ներկայութիւնը, որովհետեւ առանց խօսքի ու գաղափարի մարդը չի տարբերիր մարդէն բացի գոյութիւն ունեցող արարածներէն։ Մարդը մարդ դարձնողը իր գաղափարներն ու համոզումներն են, որոնց հիման վրայ կը կազմէ շրջանակ, կ՚ունենայ գաղափարակիցներ եւ ընկերային կեանք եւ ի տարբերութիւն միւս մարդոց կը պահէ իր ուրոյն դիմագիծը՝ զինք ուրիշներէ զատորոշող։

Խօսիլը աշխարհի ամենէն բնական թուացող, սակայն իրողութեան մէջ ամենէն դժուար արուեստն է։ Արուեստ՝ որովհետեւ միւս արուեստներուն նման կարողութիւնը ունի ներշնչելու ուրիշները, յեղաշրջելու անոնց ներաշխարհը եւ մինչեւ իսկ անկարելին կարելի դարձնելու՝ որովհետեւ անոր զօրութիւնը մեր պատկերացուցածէն շա՜տ աւելի վեր է։

Այնպէս ինչպէս ամէ՛ն մարդ կրնայ գծել՝ սակայն գծագրիչ չի դառնալ, մի քանի բառ քով քովի բերել՝ սակայն գրող չի դառնալ, նոյնպէս ալ ամէն խօսող չէ՛ որ կրնայ խօսող դառնալ, որովհետեւ խօսիլը արուեստն է բառերուն եւ գաղափարներուն միացումին եւ խօսքը արժէք կը ստանայ միայն այն ժամանակ, երբ գաղափարն ու բառերը ամբողջացնեն զիրար։ Խօսքը կը կարեւորենք, որովհետեւ կը հաւատանք, թէ կեանքի մէջ կարելի է ընել ամէ՛ն բան շնորհիւ խօսքին։ Խօսքի ճամբով կարելի է սիրաշահիլ անձ մը եւ նոյն խօսքի ճամբով թշնամանալ։ Խօսքի ճամբով կարելի է ներշնչուիլ եւ նոյն խօսքին ճամբով յուսախաբ դառնալ։

Խօսքը մարդու մը ինքնութեան թուղթն է, որովհետեւ արտաքին երեւոյթէն անդին մարդու խօսքն է որ առաջին անգամ ազդեցութիւն կը գործէ եւ անոր ով ըլլալուն մասին գաղափար մը կը յառաջացնէ դիմացինին միտքին մէջ։ Անձի մը մարդկային արժէքը՝ խելացի կամ յիմար ըլլալը, կրթուած կամ հասարակ ըլլալը խօսքի ճամբով կը պարզուի եւ այս է պատճառը, որ մարդիկ կարեւորութիւն կու տան առաջին տպաւորութեան (թէեւ այդ մէկը կրնայ ճշմարտութիւնը չպարզել)։

Պէտք է ընդունիլ, որ աշխարհի մէջ եղած մեծագոյն փոփոխութիւններն ու յեղաշրջումները զէնքի ուժէն աւելի եղած է խօսքով։ Աշխարհի պատմութիւնը լեցուն է նման յեղաշրջող ճառերով՝ որոնցմէ անմասն չէ նաեւ հայոց ժողովուրդը. վկայ Վարդանանց ճակատամարտի նախօրեակին Վարդան Մամիկոնեանի եւ Ղեւոնդ երէցի ճառերը, որոնք ներշնչեցին ժողովուրդը անվախօրէն պայքարելու իրենցմէ շա՜տ աւելի զօրաւոր պարսիկներուն դէմ։

Աշխարհի ամենէն կարեւորներէն մին՝ հաւատքը եւս աշխարհի վրայ հաստատուեցաւ խօսքի ճամբով, որովհետեւ բոլոր կրօններու հիմնադիրները գործի կողքին խօսեցան եւ այդ խօսքի զօրութեամբ բազմահազարներ իրենց հետեւորդ դարձուցին։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս այնքա՜ն կարեւորեց խօսքը, որ ըսաւ. «մարդ միայն հացով չ՚ապրիր» ու որպէս ապրելու աղբիւր ցոյց տուաւ Աստուծոյ խօսքը։

***

Պատմութեան ընթացքին բազմաթի՜ւ մարտեր սկիզբ առած են խօսքի միջոցաւ, իսկ անդին այլ բազմաթիւ մարտեր վերջ գտած դարձեալ խօսքի շնորհիւ եւ անոր այս երկուութեան շնորհքն է, որ վտանգաւոր կը դարձնէ խօսքը, որովհետեւ թէեւ նոյն աղբիւրէն թէ՛ «քաղցր» եւ թէ՛ «լեղի» ջուր չի կրնար հոսիլ, լեզուն այդ բնական «օրէնք»ը եւս կ՚ոտնակոխէ։

Մարդու խօսքը յաճախ իր կեանքէն շատ աւելի երկար կեանք ունի եւ այդ խօսքը մարդու մահէն ետք նոյնիսկ կը մնայ կենդանի։ Վկայ խօսքը անոնց՝ որ իրենց մահէն տասնամեակներ ետք կը շարունակեն ներշնչել եւ իրենց խօսքով շարունակել անմահ մնալ։ Անոնցմէ մէկն է Մարթին Լուտէր, որ 1963 թուականէն ի վեր կը շարունակէ մարդոց միտքերուն մէջ ապրիլ «Երա՜զ մը ունիմ» յայտնի իր խօսքերով եւ անոր նման բազմաթիւ ուրիշներ։

Պահ մը ուսումնասիրեցէ՛ք թէ՛ անցեալին եւ թէ՛ այսօր մեր շուրջ գտնուող աղանդները։ Անոնց հետեւորդները ծանուցուած հաւատքի զօրութենէն աւելի հրապուրուած են խօսքով՝ որովհետեւ համոզելն ու գրաւելը խօսելու արուեստին մաս կը կազմեն եւ նոյնպէս կը դառնան վտանգաւոր, որովհետեւ խօսքի որսորդներ են անոնք՝ պատրաստ որսալու բոլոր անոնց՝ որոնք գաղափարապէս հաստատ գետին մը չունին։

Այս բոլոր ճշմարտութիւնները պատճառ կը հանդիսանան, որ աշխարհի ղեկավարներ նոյնիսկ անձնական դասընթացքներու հետեւելով բարելաւեն իրենց խօսելու եւ բառերը լաւապէս արտասանելու եւ շեշտելու կարողութիւնը։

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -52-

Շատեր կը հաւատան, որ ըսուած խօսքէն շա՜տ աւելի կարեւորութիւն ունի այդ խօսքին արտայայտութեան ձեւը եւ այս միտքին հաւատացողներ արտայայտուած գաղափարներէն աւելի անոր արտայայտման ձեւերուն վրայ կ՚աշխատին, եւ այ՛դ է պատճառը, որ շատ մը եկեղեցականներ երգելով, իսկ ուրիշներ խօսելով կը քարոզեն։

Օր մը երգելով քարոզող եկեղեցական մը բառարաններուն մէջ ինչ բառ որ կայ դուրս բերաւ. դրամին՝ մամոնայ, կարմիրին՝ բոսոր սկսաւ ըսել, ունկնդիր ծերերուն վրայ դրական ազդեցութիւն գործելով։

Պատարագի աւարտին ծերուկներէն մին գնահատելով եկեղեցականին երաժշտախառն անհասկնալի քարոզը «սքանչելի» որակեց։ Հասկցող մը առանց քաշուելու հարցուց. «Կը ներէք, ըսուածէն ի՞նչ հասկցաք»։

Ծերուկը մեղաւորի արտայայտութեամբ ըսաւ. «Ճիշդը շատ չհասկցայ, բայց աղուոր խօսեցաւ». կարծելով որ ինք չէ կրցած հասկնալ Աստուածային այդ քարոզը։

Արտայայտութեան ձեւը պարզապէս արտաքին բաժինն է խօսքին։ Հիմնականը գաղափարն է, առանց որուն ո՛չ խօսողը խօսող, ո՛չ ալ խօսուածը միտք կը դառնայ։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 23, 2022