ՍԱԹԵՆԻԿ ՋԱՂԷԹԵԱՆԻ ՅՈՒՇԵՐԸ ՍԻԱՄԱՆԹՈՅԻՆ ՄԱՍԻՆ
Այս յուշերը շարունակութիւնն են թիֆլիզահայ Սաթենիկ Ջաղէթեանի, որ մտերմիկ յարաբերութիւններ ունեցած է Սիամանթոյին հետ, երբ 1904 թուականին բանաստեղծը մեկնած է բուժուելու Զուիցերիոյ առողջարաններէն մէկուն մէջ, իսկ Սաթենիկ ուսանող էր Զուիցերիա: Անոնց մտերմութիւնը ծնած է սէր, սակայն կեանքի հանգամանքները չեն միացուցած երկու սիրող սիրտերը: Չափազանց մանրամասն եւ յուզումնախառն կը նկարագրէ իր կապը Սիամանթոյին հետ Սաթենիկ Ջաղէթեան, որ անցեալ դարու կէսերուն յանձնած է իր յուշերը Երեւանի «Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարան՝ այդպէսով համալրելով նաեւ Սիամանթոյի կեանքի որոշ շրջանի մը մասին տեղեկութիւնները: Յուշերը թանգարանի արխիւէն հանելով՝ գրականագէտ Գուրգէն Գասպարեան տպագրած է «Գրականագիտական հանդէս»ին մէջ: Յուշագրութեան առաջին մասը, արեւմտահայերէնի վերածելով, տպագրած ենք երէկուան թիւով, այժմ կը ներկայացնենք երկրորդ ու վերջին մասը:
*
Սիամանթոն, Լոզանէն Ժընեւ տեղափոխուելով, ինձ չխանգարելու նպատակով (քննութիւններուս շրջանն էր) ինքզինք նուիրեց նամակագրութեան: Օրը երեք անգամ, ամէն փոստով վարդագոյն թուղթի վրայ գրուած նամակներ կը ճամբէր ինծի: Յանկարծ նամակագրութիւնը դադրեցաւ: Ես ենթադրեցի, որ նորէն հիւանդացած է եւ 1905 թուականի 27.11-ին շատ մտահոգուած նամակ մը ուղարկեցի Ժընեւ (այդ նամակը Սիամանթոյի արխիւին մէջն է): Ինչպէս կը գրէ Հ. Թամրազեանը, այդ ժամանակներուն սարսափելի էր Կովկասի քաղաքական դրութիւնը՝ կոտորած, գործադուլներ, սպանութիւններ: Երկար ժամանակ տունէն տեղեկութիւն չունէի, դադրած էր նամակագրութիւնը: Հայրս դրամատան միջոցով կարելիութիւն ունէր դրամ փոխադրելու ինծի: Սարսափելի ջղային դրութեան մէջ էի: Այլեւս ի վիճակի չէի աշխատել, այն ալ՝ դիակներու վրայ (բժշկական բաժնին մէջն էի): Դիակները ինծի կը հալածէին, կը յիշեցնէին Կովկասի կոտորածները: Խիստ կը տառապէի. ատոր աւելցաւ Սիամանթոյի լռութիւնը: Մտատանջութիւնս կրկնապատկուեցաւ: Ես որոշած էի վերադառնալ Կովկաս, այդ խորհրդակցութիւնը եղած էր Սիամանթոյին հետ, եւ օր մը պատուհանիս տակ լսեցի «Մեր հայրենիք» սուլոցը: Ատիկա Սիամանթոն էր, որ ինքզինք կորսնցուցած, աւելի դժգոյն, քան կար միշտ, սարսափած ըսաւ. «Ինծի մեծ դժբախտութիւն պատահած է», բայց չկարողացաւ ըսել՝ ի՛նչ դժբախտութիւն: «Կու գա՞ս ինծի հետ Ժընեւ. եթէ գաս, այնտեղ կը գիտնաս»: Միասին գացինք Ժընեւ, ուր կը սպասէին անոր ընկերները՝ Սարգիս Մինասեանը եւ ուրիշներ: Անոնցմէ միմիայն գիտցայ, որ Սիամանթոյի հայրը անձնասպանութիւն գործած է: Շատ ծանր հարուած էր. Սիամանթոն խիստ մեծ ապրումներ ունէր, հիւանդացաւ: Ընկերները անկողինի մօտէն չէին հեռանար: Այդ ծանր վայրկեաններուն անգամ ան շարունակ խնդրած է ընկերներուն, որ ուշադիր ըլլան իմ նկատմամբ, ջանան, որ ես մասնակից չըլլամ իր մեծ վիշտին: 1905 տարին վերջանալու վրայ էր: Սկսած էին տօնախմբութիւնները, մագլցում-դիմակահանդէսը: Սիամանթոն չէր ձգեր, որ ես գէթ երեկոյ մը մնամ գիշերօթիկ օթեւանին մէջ:
Անոր ընկերներէն մէկը, եթէ չեմ սխալիր՝ Սարգիս Մինասեանը, ինծի կ՚ուղեկցէր մօտակայ սրճարան մը, ուր բոլորը դիմակաւորուած կը զուարճանային, ատոնց մէջ էր նաեւ Չարըգը: Լաւ ընկեր է, չէ՞: Սրճարան երթալը, սակայն իմ միտքերս չէր ցրեր, իմ միտքս հիւանդին հետն էր եւ նաեւ՝ հեռու Կովկաս: Պարզապէս կ՚երթայի՝ Սիամանթոյի խնդիրը բաւարարելու համար միմիայն: Երբ Սիամանթոն սկսաւ աւելի լաւ զգալ, ես վերադարձայ Լոզան. որոշ ժամանակ յետոյ եկաւ նաեւ Սիամանթոն՝ փափաքելով վերջին օրերը ըլլալ Լոզանի մէջ: Մենք արդէն միասին որոշեցինք, որ ես վերադառնամ Թիֆլիզ՝ ծնողքիս մօտ, հանգստանամ, կազդուրուիմ եւ ուժ հաւաքած՝ սեպտեմբերին վերադառնամ Լոզան՝ ուսումս շարունակելու: «Միայն, թէ քու այդ բժշկութիւնդ ձգէ, ի՜նչ գործ ունիս մեռելներուն հետ, երբ դուն այնքան կը սիրես, կը հետաքրքրուիս գեղարուեստով եւ կը հասկնաս զայն», կը պնդէր Սիամանթոն: Ճանապարհները վտանգուած էին, մինակ երթալ ոչ ոք խորհուրդ կու տար: Սիամանթոն կը սարսափէր ու կը խնդրէր. «Քիչ մըն ալ սպասէ, գուցէ մարդ մը յայտնուի՞ Կովկաս գացող»: Արդէն 1906 թուականի փետրուարն էր. ոչ ոք յայտնուեցաւ: Իրերս պահ տուի պահեստանոցը, երկու ճամպրուկ հաւաքեցի հետս վերցնելու համար, երբ լուր եկաւ, որ Միւնիխէն մարդ կայ Կովկաս գացող: Սիամանթոն եւ ընկեր մը զիս ճանապարհեցին կայարան: Սիամանթոն ինծի տուաւ նկարչուհի օր. Դերձակեանին հասցէն, որ պէտք է ինծի աջակցէր Միւնիխի մէջ: Սիամանթոն իմ հետս շոգեկառք նստաւ՝ ցանկալով մէկ կայարան ուղեկցիլ եւ հրաժեշտի ժամանակ շատ յուզուած ըսաւ. «Ժամանակը եւ տարածութիւնը զիս կը սարսափեցնեն...»: Կարծես բան մը կը նախազգար… Միւնիխի մէջ զիս դիմաւորեց օր. Դերձակեանը: Ոչ ոքի հանդիպեցանք Կովկաս գացող: Շրջեցանք խոշոր թանգարանները եւ ճանապարհուեցայ Վիեննա (օր. Դերձակեանը մետաղի վրայ իր աշխատած ստեղծագործութիւններէն մէկը ինծի նուիրեց): Վիեննայի մէջ հեռագիր ստացայ Սիամանթոյէն. «Վիեննա սպասէ: Վենետիկէն ուսանող մը կու գայ, որուն հետ կը շարունակես ճանապարհդ»: Վիեննայի մէջ սպասեցի վեց-եօթ օր: Այցելեցի Մխիթարեաններուն, շրջեցայ քաղաքը, թանգարանները, մինչեւ տեղ հասաւ սպասածս ուսանողը: Վիեննայէն փաթեթ մը ուղարկեցի Սիամանթոյին (անոր սիրած փորագրանկարներէն, փողկապներ եւ այլն) հրեայ ուսանողի մը հետ, որ կը վերադառնար Զուիցերիա՝ իր հարսնացուին հետ, եւ որ այնքան «բարեկիրթ» գտնուեցաւ, որ իրերը հասցէատիրոջ յանձնելու փոխարէն իւրացուցած էր… Այս մէկը առաջին դէպքը չէր, որ կ՚օգտուէին իմ՝ մարդոց հանդէպ ունեցած վստահութենէն: Վենետիկէն եկած ուսանողը ինծի յայտնեց, որ իր հետ Կովկաս կը տանի երկու զէնք եւ փամփուշտներ, վստահ է, որ ես չեմ մերժեր մէկը իմ վրաս վերցնել՝ սահմանը անցնելու ժամանակ: Ես անյարմար գտայ մերժելու, բայց միաժամանակ շատ անհանգստացայ, քիչ մըն ալ վախցայ: Տակաւին սահմանին չհասած՝ գնացքի մեր խցիկը մտան մի քանի մարդ, իբր կ՚աշխատին սահմանագծի մօտ, իրենց հետ էր նաեւ շատ գեղեցիկ կին մը: Ես իմ ուղեկցիս շարունակ հայերէն կը նախազգուշացնէի, որ շատ կասկածելի կը շնչէ (փամփուշտները նեղութիւն կու տային), բայց ի՞նչ ընէր խեղճը: Ճամպրուկները շարեցին երկար սեղանին վրայ՝ խուզարկելու համար: Մենք պայմանաւորուեցանք սեղանի զանազան ծայրերուն դնել մեր իրերը՝ կարծելով այդպէս կը փրկուինք կասկածէն: Բայց մեզի արդէն մատնած էին մարդիկ, որոնք մեր խցիկը մտած էին: Սկսաւ խուզարկութիւնը, իմ իրերուս ոչ ոք մօտեցաւ: Մէկ ժամ յետոյ Վոլոչեսքէն գնացքը շարժեցաւ, բոլորը ճանապարհուեցան, ես մնացի մինակ, իսկ իմ ուղեկիցիս տեղը դատարկ էր. ան չկար: Ինծի մօտեցան, խնդրեցին անցնիլ կիներու սենեակը, ուր ես տեսայ այն գեղեցիկ կինը: Առաջարկեցին հանուիլ, եւ ես ստիպուած էի մկրատ խնդրել, կտրեցի վրայէս կախուած զէնքը եւ յանձնեցի: Յետոյ իմ իրերս տարին մէկ ուրիշ սենեակ, ուր հաւաքուած էին երեք-չորս սպաներ, սկսան խիստ խուզարկել: Ինծի հարցուցին. «Ի՞նչ տեսակի զէնք է, ինչո՞ւ համար կը տանիմ»: Բացատրեցի, որ կ՚երթամ Կովկաս, ուր մեծ խլրտումներ տեղի կ՚ունենան եւ որ ես զէնքը վերցուցած եմ ինքնապաշտպանութեան համար: «Իսկ ո՞ւր են ձեր փամփուշտները, ինչո՞վ պէտք է պաշտպանուէիք»: Անոնք արդէն հասկցած էին, որ ես այն երիտասարդի զոհն եմ, որուն արդէն ձերբակալած էին: Բռնագրաւեցին զէնքը եւ վերցուցին Սիամանթոյի բոլոր նամակները, որոնք որչա՜փ արժէք պիտի ներկայացնէին հիմա... Գիշերը ժամը 12-ին վերջացուցին խուզարկութիւնը: Պէտք է ըսել, որ շատ բարեզուսպ, լուրջ վերաբերմունք ցոյց տուին սպաները: Կանչեցին հսկայ, վախնալու չափ հսկայ ոստիկան մը, հրամայեցին իմ իրերս վերցնել եւ տանիլ պանդոկ: Ես սարսափած կը քալէի, աւելի ճիշդ՝ կը վազէի ոստիկանի ետեւէն: Պանդոկին մէջ յատկացուցին սենեակ մը, որու դուռը բանալի չունէր: Ճամպրուկներս դրի դուռին առջեւ, մէկը միւսին վրայ, ես ալ նստայ վրան, որ եթէ դուռը բացող ըլլայ, ճամպրուկները եւ ես վար պիտի իյնայինք եւ ես հնարաւորութիւն կ՚ունենայի օգնութեան դիմել: Երիտասարդ էի, անփորձ, վախկոտ եւ ջղայնացած՝ անյաջողութիւններէն: Միւս օրը հեռագրեցի հօրս՝ ճանապարհուելով Թիֆլիզ: Հայրս հեռագիրը ստանալուն պէս Պաքու կ՚աճապարէ՝ զիս դիմաւորելու: Պաքուէն ճանապարհուեցանք ճեպընթաց գնացքով, որ կանգ կ՚առնէր միմիայն մեծ կայարաններու մէջ եւ շատ կարճ ժամանակով: Այդ կայարաններու մէջ հայրս ինծի կը նախազգուշացնէր գլուխս վար առնել, աննկատելի ըլլալ, որովհետեւ հնարաւոր է՝ պատուհանէն կրակէին: Հասանք Թիֆլիզ բոլորովին հիւծուած, ջղային դրութեան մէջ: Ահա Թիֆլիզէն է, որ Սիամանթոյին կը գրեմ թախծոտ, տագնապալի նամակ մը, կը նկարագրեմ Կովկասի քաղաքական լարուած վիճակը: Այդ իմ նամակս, ինչպէս կը գրէ Հ. Թամրազեանը, Սիամանթոյի արխիւին մէջն է: Այդ իմ նամակին կը պատասխանէ Սիամանթոն. «Մի՛ վախնար, հոստեղի կտրիճ տղաքը պատրաստ են քեզի օգնութեան գալու, կը սպասեն քու կարգադրութեանդ»: Սիամանթոն ինք մտահոգ, ջղային դրութեան մէջ կը փորձէ զիս հանգստացնել: Մեր նամակագրութիւնը կը շարունակուէր: Նամակի մը մէջ Սիամանթոն կը գրէ. «Պոլիսէն ինծի ղրկած են հօրս մատանին, կը փափաքիմ ղրկել քեզի»: Խնդրեցի չմտածէ այդ ուղղութեամբ, մատանին ձգէ իր քովը, յիշատակ հօրմէն: Իսկ ես սկսայ պատրաստուիլ Սիամանթոյին կապոց մը ղրկելու, առանց մերիններուն յայտնելու: Ոսկեայ ժամացոյցս վաճառեցի եւ այդ դրամով լաւ կապոց մը ուղարկեցի կովկասեան բարիքներով: Սիամանթոն խիստ դժգոհեց եւ խնդրեց չվիրաւորել իր ինքնասիրութիւնը: Սիամանթոն առանձնութենէն շատ կը տառապէր եւ անհամբեր կը սպասէր աշնան սկիզբին, երբ նորէն պիտի հանդիպէինք: Ամրան մենք ընտանիքով գացինք Ղարաքիլիսա (այժմ՝ Կիրովական), ամարանոց: Այնտեղէն քեռիս ինծի տարաւ իրենց հիւր՝ Դիլիջան: Այդ ժամանակամիջոցին Սիամանթոյի նամակները անցած էին հօրս ձեռքը: Հայրս շատ կիրթ մարդ էր, որուն ես անչափ կը սիրէի եւ կը պաշտէի իր յառաջադէմ հայեացքներուն համար: Նոյն զգացմունքները ան կը տածէր ինծի հանդէպ: Հայրս, հետաքրքրուելով Սիամանթոյի ով ըլլալով (ինչպէս պիտի ընէր իւրաքանչիւր ծնող), նամակ կը գրէ Ժընեւ՝ Խաչատուր Մալումեանին եւ Լոզան՝ օր. Սարումեանին, խնդրելով տեղեկութիւններ տալ այդ երիտասարդին մասին: Պատասխանը խիստ մտահոգիչ կ՚ըլլայ հօրս համար: Ժընեւէն կը գրեն, որ Սիամանթոն տաղանդաւոր բանաստեղծ է, ծանր հիւանդ եղած է, նոյնիսկ՝ մերձիմահ, հիմա քիչ մը ապաքինած կը նկատուի, բայց առողջական դրութիւնը տակաւին յուսալի չէ եւ այլն եւ այլն... Հասկնալով Սիամանթոյի զգացմունքները, մեր կապը, հայրս խիստ մտահոգուած եւ յուզուած էր, նոյնը՝ եւ մայրս: Մեծ, անսպասելի ողբերգութիւն էր մերիններուն համար: Հայրս շատ զուսպ էր. բառ անգամ չըսաւ ինծի: Իմանալով իմ բնաւորութիւնս, ան կը սարսափէր, որ ես, հասկնալով անգամ վտանգը այդ մօտեցման, կործանարար ազդեցութիւնը հիւանդ երիտասարդի համար, անկասկած ընդառաջ կ՚երթամ Սիամանթոյի աննկարագրելի ապրումներուն, ինքզինքս նոյնպէս կործանելով: Չուզեց վիրաւորել իմ զգացմունքներս: Մայրս քնքոյշ կը մօտենար ինծի ըսելով, որ այսինչը կամ այնինչը առաջարկութիւն ունին ինծի եւ ես միշտ կը պատասխանէի. «Մայրիկ, ես չեմ մտածեր ամուսնանալ, ես կ՚ուզեմ ուսանիլ եւ յետոյ արդէն…»: Ես ծնողքիս անդրանիկ զաւակն ըլլալով, իրենք մեծ յոյսեր, սպասումներ ունէին եւ յանկարծ ի՜նչ հիասթափութիւն... Սարսափելի դրութիւն ստեղծուած էր, խիստ ծանր ապրումներ ունէի: Չէի ուզեր Սիամանթոն մասնակից ըլլայ, չէի ուզեր զայն մտահոգել, վշտացնել: Սեպտեմբերը կը մօտենար: Սիամանթոն անհամբեր կը սպասէր ինծի: Իսկ մեր ընտանեկան ողբերգութիւնը աւելի կը խորանար: Նիւթական հնարաւորութիւն չունէի Լոզան վերադառնալու: Խօսիլ ծնողքիս հետ այդ ուղղութեամբ՝ հպարտութիւնս չէր արտօներ: Որոշեցի ուսուցչական պաշտօնի անցնիլ, գրել այդ մասին Սիամանթոյին, հանգստացնել անոր եւ սպասել, թէ ինչո՛վ կը վերջանայ այդ բոլորը: Հայրս աւելի մտահոգուեցաւ՝ գիտնալով, որ ես Թաւրիզ կը մեկնիմ: Ան հաւատացած էր, որ հոն անպատճառ պիտի հանդիպիմ Սիամանթոյին: Իմ ճանապարհուելուս օրերուն հայրս քաղաքէն հեռացած էր Դիլիջան, իբր բուժուելու: Ան չէ ուզած զիս վիրաւորել՝ իմ ինքնուրոյն քայլերուս համար: Մեր տունէն ոչ ոք զիս ճանապարհեց կայարան: Ես գացի իմ ընկերոջս մտերիմ ընկերոջ մը հետ, որ Թաւրիզէն էր, կ՚երթար իր կնոջ մօտ: Մեզի հետ էին դպրոցի տեսուչը եւ ուսուցչական խումբը: Ի՜նչ էր իմ վիճակս… Սիամանթոյէն հեռու, հարազատներէս կտրուած... Սաստիկ յուզուած, ջղայնացած հասայ Թաւրիզ: Սիամանթոն խիստ յուսահատ, վշտացած նամակներ կը գրէր ինծի Թաւրիզ: Ան կը սարսափէր՝ մտածելով, որ հազիւ յաջողուի մեր հանդիպումը: Սիամանթոն շատ ծանր ապրումներ ունեցած է, եւ Աւետիք Իսահակեանը մի քանի ամիս աջակցած, հանգստացուցած է զայն միշտ յուսադրած: Ես ինքս յոյսս կտրած, ընկճուած կը ջանայի հանգստացնել անոր: Թաւրիզի մէջ ես Սիամանթոյէն ստացայ նոր լոյս տեսած «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահերը»: Օրինակ մըն ալ ղրկած էր մեր դպրոցին նուէր: Ես մեծ ցանկութիւն ունէի եւ նաեւ՝ հնարաւորութիւն՝ Սիամանթոյին նիւթապէս օգնել Թաւրիզէն, բայց Թաւրիզէն իմ ուղարկածս կապոցը ստանալով նորէն դժգոհած էր, խիստ վշտացած եւ վիրաւորուած: Չուզեցի աւելի ջղայնացնել, վիրաւորել անոր պատուասիրութիւնը: Մեր նամակագրութիւնը կը շարունակուէր մէկ տարի, անյոյս: Սիամանթոն յուզուելով, տանջուելով չուզեց այլեւս զիս եւս յուզել: Ան, սիրոյ, սպասման կարօտը սրտին մէջ լռեց յուսահատ... Ահա այդպիսին էր այդ ազնիւ, հպարտ, զգայուն, նուրբ, մեղմ, փափկանկատ հրաշալի մարդը, որուն ես հանդիպեցայ, ճանչցայ եւ որ անչափ դժբախտ վախճան ունեցաւ... Սիամանթոյի անձնական կեանքը, հոգեկան տանջանքները, ձախորդ սէրին պատճառած յոյզերն ու ապրումները նոյնպէս իր քնարերգութեան մէջ շաղախուած են վիշտով ու թախիծով: Ես շատ եւ շատ նամակներ եւ բացիկներ ունէի Սիամանթոյէն, որոնք մէկական գեղարուեստական պատկերներ էին, որոնք կարող էին արժանի տեղ գրաւել, բայց, դժբախտաբար, այժմ գոյութիւն չունին: Սիամանթոն չըսաւ իր վերջին խօսքը: Չըսաւ այդ մեծատաղանդ, բոցավառ, հայ ժողովուրդի տառապանքի, մաքառման ու յոյսի երգիչը: Թող անոր «Ընտիր երկեր»ը իր յիշատակը ըլլայ, իր անարժան, սոսկալի վախճանի յիշատակը: «Ափ մը մոխիր... իմ սրտիս վրայ ցանելու» անոր սրտաբուխ ցանկութիւնը անգամ չիրականացաւ... Սիամանթոյի խոր, մեծարժէք ստեղծագործութիւնը արժեւորուած, գնահատուած է եւ միշտ ալ պիտի գնահատուի: Ամէն մէկ հայ գլուխ կը խոնարհէ մեր մեծ բանաստեղծի անթառամ յիշատակին առջեւ... Սիամանթոն միշտ ալ կ՚ապրի…
Տարիներ անցան: Եկաւ 1913 թուականի աշունը: Եկաւ Պոլիսէն եւ Սիամանթոն, որուն կ՚ուղեկցէր Սիմոն Զաւարեանի աճիւնը՝ Թիֆլիզ: Ինծի լուր բերին, որ Սիամանթոն կը փափաքի ինծի հետ տեսնուիլ: Այդ ցանկութիւնը ես կը յայտնեմ իմ ամուսինիս, որ Սիամանթոն կը ճանչնար տակաւին Պերնէն, ուսանողական պատուիրակութեան համախմբումէն, եւ ան կը խոստանայ հրաւիրել մեզի: Ես ծանր պառկած հիւանդ եմ: Նոյն շրջանին Սիամանթոն կը ծանօթանայ իմ փոքր քրոջս հետ, որուն կը հանդիպի թատրոնը, Նուարդ Թումանեանի (Յովհաննէս Թումանեանի աղջկան) հետ միասին: «Յանկարծ տեսայ թատրոնը լուսաւորուեցաւ, տեսայ Սաթենիկը, բայց ինծի ըսին, որ ան Սաթենիկին քոյրն է: Խնդրեցի ծանօթացնել ձեզի հետ», պատմած է Սիամանթոն քրոջս: Ատկէ ետք քոյրս յաճախ կը հանդիպի Սիամանթոյին Թումանեանի մօտ կամ ուրիշ տեղ: Միշտ քոյրս կը ճանապարհէ տուն, երկար կը կանգնի մեր տան մուտքին քով, բայց անյարմար կը զգայ մտնել՝ ինծի՝ հիւանդիս չխանգարելու նպատակով: Սիամանթոն քրոջս հետ կը մտերմանայ, կը պատմէ իր սիրոյ մասին, կը նկարագրէ իր ապրումները եւ կ՚ըսէ. «Սաթենիկին ժպիտը՝ իմ սիրած ժպիտս, միշտ ինծի հետ է, հակառակ որ ես հիմա տարուած եմ եւ կը սիրեմ օր. Մաննիկը, պոլսահայ աղջիկ մը եւ ահաւասիկ անոր թաշկինակը, որ կը կրեմ իմ հետս»: Քրոջս հետ վերջին հանդիպումէն յետոյ, երբ Սիամանթոն կը պատրաստուէր Պոլիս վերադառնալ, նորէն կը հանդիպի քրոջս ըսելով. «Սեւ ծովը խիստ ալեկոծուած է. չուզեցի ճանապարհուիլ, որ ձեր ձուկերը տաղանդաւոր չըլլան»: Սիամանթոն Կովկասէն կը մեկնի Զուիցերիա՝ բուժման նպատակով: Ես շատ գոհ էի, որ Սիամանթոյին համար կեանքի եւ սիրոյ նոր շրջան սկսած է: Անչափ ուրախ էի, որ ան սիրելի ընկեր գտած է եւ վերջապէս հանգիստ, անվրդով կեանք կը վայելէ: Դարձեալ Սիամանթոյին բաժին հասան կեանքի դաժան հարուածները, բաժանման, կարօտի ցաւերը... Ի՜նչ դաժան է կեանքը, ի՜նչքան անարդար...
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
•շար. 2 եւ վերջ