ԱՍՏՈՒԱԾ ԳՈ՞Յ Է. ԱՍՏՈՒԱ՞Ծ ՍՏԵՂԾԱԾ Է ՉԱՐԸ

Աստուծոյ գոյութեան մասին շատ խօսուած է, շատ գրուած է, բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ եւ վիճաբանութիւններ կատարուած են, եւ մարդիկ միշտ փորձած են շօշափելի փաստարկներ գտնել Աստուծոյ գոյութեան մասին:

Աստուծոյ գոյութեան մասին սակայն կան բազմաթիւ ապացոյցներ, որոնք կարելի չէ ուրանալ:

Առաջին, մարդ արարածը: Հակառակ այն իրականութեան, որ մարդ այսօր տիեզերքը նուաճած է, ովկիանոսներու խորքը հասած է, բնութեան մասին բազմաթիւ մանրամասնութիւններու եւ գաղտնիքներու տիրացած է, գիտութեան մէջ հսկայ յառաջընթած ապրած է, արուսետագիտութեամբ մարդ իր կեանքը շա՜տ դիւրացուցած է, այս բոլորով հանդերձ, սակայն, մարդը մինչեւ այսօր անզօր մնացած է մարդ արարելուն, այլ խօսքով՝ մարդ ստեղծելուն, իրողութիւն մը, արարում մը, որ միայն Աստուծոյ կը վերագրուի, եւ մարդու արարումին Հեղինակը Աստուած Ի՛նք է, որ երկրի հողէն առնելով արարեց մարդը եւ կենդանի շունչ փչեց անոր մէջ (կարդա՛լ Ծննդոց 2.5-25):

Երկրորդ, երկինքը: Սաղմոսացին մէջ կը կարդանք. «Երկինքը Աստուծոյ փառքը կը պատմէ ու երկինքի հաստատութիւնը Անոր ձեռքերուն գործերը կը ցուցնէ» (Սղ 19.1): Արդարեւ, մարդ իր այսօրուան ունեցած ամբողջ կարելիութիւններով անկարող է աշխարհ մը, տիեզերք մը արարելու: Այն ինչ, երկինքը, որ Աստուծոյ ձեռագործն է եւ մարդուն հիացմունքին առարկան, Սաղմոսագիրին նկարագրութեամբ Աստուծոյ փառքն է, որ կը պատմէ, այսինքն՝ վկայութիւն կու տայ Անոր գոյութեան, Անոր լինելութեան մասին:

Երրորդ. բուսական եւ կենդանական աշխարհը: Մարդ եթէ ուշի ուշով հետեւի այս երկու աշխարհներուն, ապա պիտի համոզուի, որ մարդկային ամբողջ կեանք մը բաւարար չէ ուսումնասիրելու, հասկնալու եւ ըմբռնելու այդ երկու աշխարհները եւ անոնց մէջ պարունակուած գեղեցկութիւններն ու գաղտնիքները: Բնութեան մէջ թռչող թիթեռնիկ մը կամ ծովուն ջուրերուն մէջ լողացող փոքր ձկնիկ մը բաւարար են փաստելու, որ իրենց ետին կայ Ստեղծագործ Ուժ մը, Որուն կամեցողութեան եւ ամենակարողութեամբ է միայն, որ անոնք գոյացած են:

Տակաւին կրնանք շարքը երկարել, սակայն այսքանով բաւարարուինք:

Աստուծոյ գոյութիւնը ընդունելու եւ ըմբռնելու համար մարդ կարիք ունի հաւատքի: Գիտութիւնը առանձինն թոյլ չի՛ տար մարդուն, որպէսզի իր Արարիչը ճանչնայ: Այնպէս ալ չէ, որ գիտութիւնը այնպէս կ՚ընէ, որ մարդ Աստուծմէ հեռանայ կամ զԱստուած ուրանայ. այդ բոլորը տուեալ անձին ստացած դաստիարակութենէն եւ մեծցած միջավայրէն ու ունեցած փորձառութիւններէն կու գայ:

Աստուծոյ գոյութիւնը ըմբռնելու կամ ընդունելու համար, գիտութեան կողքին մարդ առաջին հերթին կարիք ունի հաւատքի, առանց որուն հնարաւոր չէ այդ գիտակցութեան հասնելու: Պօղոս առաքեալ Եբրայեցիներուն ուղղած նամակին մէջ, այսպէս կը գրէ. «Առանց հաւատքի անկարելի է Աստուծոյ հաճութիւնը շահիլ: Արդարեւ, Աստուծոյ մօտեցողը պէտք է հաւատայ՝ թէ Ան գոյութիւն ունի եւ կը վարձատրէ անոնք որ զԻնք կը փնտռեն» (Եբր 11.6): Առաքեալին գրածին լոյսին տակ, կրնանք ըսել, որ Աստուծոյ գոյութեան հաւատալուն համար առաջին հերթին մարդ պէտք է քայլ նետէ դէպի Աստուած, այսինքն՝ մօտենայ Աստուծոյ, փնտռէ՛ զԻնք, առանց այդ քայլին չի՛ կրնար հասնիլ այդ ճանաչումին եւ հաւատքին: Մարդ ինչպէս բնութիւնը պեղելու համար հեռաւոր ճանապարհներ կը կտրէ, որպէսզի հասնի, գտնէ ու տեսնէ իր ուզածը եւ համզուի իր ունեցած գիտելիքով, նոյնը պէտք է ընէ նաեւ Աստուածճանաչողութեան համար, այսինքն՝ պէտք է մօտենայ Աստուծոյ, զգայ Անոր ներկայութիւնը եւ առ այդ համոզուի, որ Ան գոյութիւն ունի:

Հռոմայեցիներուն ուղղած նամակին մէջ նոյն Առաքեալը այսպէս կը գրէ. «Արդարեւ, աշխարհի ստեղծումէն ի վեր՝ ստեղծագործութեան ընդմէջէն կ՚իմացուին եւ կը տեսնուին Աստուծոյ աներեւոյթ յատկանիշները, այսինքն՝ մշտնջենաւոր զօրութիւնը եւ Անոր Աստուածութիւնը. եւ ասիկա՝ որպէսզի մարդիկ որեւէ արդարացում չունենան: Որովհետեւ զԱստուած ճանչնալով հանդերձ՝ իբրեւ Աստուած չփառաւորեցին եւ շնորհակալ չեղան, այլ՝ անհեթեթ խորհուրդներ ունեցան, որով իրենց միտքը անմտութեամբ խաւարեցաւ: Իրենք զիրենք իմաստուն համարելով՝ յիմարացան, եւ անմահ Աստուծոյ փառքը յատկացուցին մահկանացու մարդոց, թռչուններու, չորքոտանիներու եւ սողուններու նմանութիւնը եղող պատկերներու: Այդ պատճառով ալ Աստուած թոյլ տուաւ, որ իրենց սիրտի ցանկութիւններով պղծութեան յանձնուին եւ իրենք իրենց մարմինը անպատուեն, քանի որ Աստուծոյ վերաբերմամբ ճշմարտութեան փոխարէն ստութիւնը նախընտրեցին. արարածներուն յարգանք ընծայեցին եւ զանոնք պաշտեցին, փոխանակ Արարիչը պաշտելու, որ օրհնեալ է յաւիտեան: Ամէն» (Հռ 1.20-25): Արդարեւ, այս տողերը կարդալով յստակ կը դառնայ, որ մարդուն կողմնակի հետաքրքրասիրութիւնները զինք կը մղեն Աստուծմէ հեռանալու եւ Անոր փոխարէն ուրիշ բաներ փնտռելու, որովհետեւ մարդ իր էութեամբ, միշտ կարիքն ունի իրմէ վեր եղող գոյութեան մը, էութեան մը ներկայութեան, որով իր կեանքը կառավարէ ու առաջնորդէ: Իսկ երբ մարդ ուրանայ Աստուծոյ գոյութիւնը, Անոր ներկայութիւնը իր կեանքին մէջ, ապա Առաքեալին բնութագրմամբ կը մղուի պաշտելու մահկանացու մարդոց, թռչուններ, չորքոտանիներ ու սողուններ:

Գալով այն հարցումին, որ մարդիկ յաճախ կու տան, թէ՝ Աստուա՞ծ ստեղծած է չարը, ապա ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հետեւեալ դրուագը, Ալպերթ Այնըշթայնի հետ կապուած:

- Անգամ մը համալսարանի մը մէջ խելացի փրոֆեսէօր մը իր ուսանողներուն հետեւեալ հարցումը հարցուցած է.

-Ամէն ինչ որ կայ, Աստուծոյ կողմէ՞ ստեղծուած է:

Ուսանող մը համարձակ կերպով պատասխանած է.

-Այո՛, Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած է:

-Աստուա՞ծ է ստեղծած է ամէն ինչ, հարցուցած է դասախօսը:

-Այո՛,- պատասխանած է ուսանողը:

Դասախօսը ըսած է.

-Եթէ ամէն բան Աստուած ստեղծած է, հետեւաբար, Աստուած ստեղծած է նաեւ չարը, քանի որ այն գոյութիւն ունի: Համաձայն այն հանգամանքին, որ մեր գործերը ուղղակիօրէն մեր կողմէ կ՚իրագործուին, ուրեմն, Աստուած Ի՛նքն է «չար»ը:

Ուսանողը ապշած է, նման պատասխան լսելով:

Դասախօսը ինքն իր ըսածէն գոհ էր, որովհետեւ ըստ իրեն անգամ մը եւս ապացուցած էր, որ Աստուած գոյութիւն չունի եւ այդ մէկը սնահաւատութիւն է:

Այս երկխօսութենէն ետք, ուրիշ ուսանող մը ձեռքը բարձրացուցած է ու ըսած.

-Փրոֆեսէօր, կրնա՞մ հարցում մը հարցնել ձեզի:

-Անշուշտ,- պատասխանած է դասախօսը:

-Փրոֆեսէօր, ցուրտ գոյութիւն ունի՞:

-Անշուշտ գոյութիւն ունի, դուն բնաւ չե՞ս պաղած:

Ուսանողները սկսան ծիծաղիլ երիտասարդին կողմէ տրուած հարցումին վրայ:

Երիտասարդը պատասխանած է.

-Իրականին մէջ, պարոն, ցուրտ գոյութիւն չունի: Համաձայն ֆիզիքայի օրէնքներուն, այն բանը, որ մենք ցուրտ կ՚անուանենք, ատիկա պարզապէս ջերմութեան-տաքութեան բացակայութիւնն է: Ցուրտ հասկացողութիւն չկայ: Մենք այդ բառը ստեղծած ենք, որպէսզի բացատրենք այն, ինչ որ կը զգանք ջերմութեան բացակայութեան ժամանակ:

Ուսանողը շարունակած է.

- Փրոֆեսէօր, մթութիւն գոյութիւն ունի՞:

-Անշուշտ գոյութիւն ունի:

-Պարոն, դուք դարձեալ կը սխալիք: Մթութիւն նոյնպէս գոյութիւն չունի: Իրականին մէջ մթութիւնը պարզապէս լոյսին բացակայութիւնն է: Մենք կրնանք լոյսը ուսումնասիրել, բայց մթութիւնը՝ ոչ: Լոյսին սովորական ճառագայթը կրնայ մթութեան աշխարհ թափանցել եւ լուսաւորել զայն: Մթութիւնը այս հասկացութիւնն է, որ մարդը կ՚օգտագործէ, որպէսզի նկարագրէ, թէ իրականութեան մէջ ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ լոյսի բացակայութեան ընթացքին:

Ի վերջոյ, ուսանողը դասախօսին հարցուց.

-Պարոն, չարը գոյութիւն ունի՞:

-Անշո՛ւշտ ունի, ինչպէս արդէն իսկ նշեցի: Մենք զայն ամէն օր կը տեսնենք: Մարդոց մէջ գոյութիւն ունեցող չարութիւնը, ամբողջ աշխարհին մէջ բազմաթիւ յանցագործութիւններ եւ բռնութիւն: Նշածներս միայն, կրնար չարը բնութագրել:

Ուսանողը իր դասախօսին այս ըսածին հետեւեալ կերպով պատասխանեց.

-Չար ըսուածը գոյութիւն չունի, կամ ամէն պարագայի, ան գոյութիւն չունի ուղղակիօրէն ինքն իր համար: Չարը Աստուծոյ բացակայութիւնն է: Այդ նման է մթութեան եւ ցուրտին: Այս բառը մարդուն կողմէ ստեղծուած է, որպէսզի Աստուծոյ բացակայութիւնը բացատրուի:

Աստուած չարիք չէ ստեղծած: Չարը սէրն ու հաւատքը չէ, որոնք գոյութիւն ունին ինչպէս լոյսն ու ջերմութիւնը: Չարը մարդու սիրտին մէջ աստուածային սիրոյ բացակայութիւնն է: Այս մէկը նման է ցուրտին՝ երբ ջերմութիւնը կը բացակայի, եւ նման է մթութեան՝ երբ կը յայտնուի լոյսի բացակայութեան ժամանակ:

Դասախօսը լուռ մնաց…:

Այդ երիտասարդ ուսանողը Ալպերթ Այնըշթայնն էր:

Այս դրուագին լոյսին տակ, արդարեւ, կրնանք հաստատել, որ Աստուած չարը չէ՛ ստեծած, եւ չարը պարզապէս բարիին, Աստուծոյ բացակայութիւնն է: Այս բանին ամենէն վառ ապացոյցը կը գտնենք երբ կարդանք Ծննդոց գիրքին առաջին գլուխը, ուր մի քանի անգամ կը կրկնուի այս արտայայտութիւնը, թէ՝ «Աստուած տեսաւ, որ բարի է», այսինքն՝ աշխարհի արարումին իւրաքանչիւր քայլափոխին, կը տեսնենք թէ ինչ որ ստեղծուեցաւ՝ բարի էր, իսկ բարութիւնը Աստուծոյ ամենէն կարեւոր ստորոգելիներէն մէկն է:

Եզրակացնելով, ըսենք, թէ՝ այո՛, Աստուած գոյութիւն ունի եւ Ան չարը չէ՛ ստեղծած: Եւ գիտակցինք ու համոզուինք, թէ՝ «գեղեցիկ եւ ազատ բնութեան մէջ կ՚երեւի Աստուած. այնտեղ կը տեսնեն Անոր ստեղծող ուժը, իմաստութիւնը, սէրն ու բարութիւնը։ Սակայն բոլորը չէ որ կը տեսնեն, այլ միայն անոնք, որոնք հոգեւոր տեսութիւն ունին՝ տիեզերական Հոգին տեսնելու, տիեզերքին սիրտին բախումը լսելու» (Գէորգ Չէօրեքճեան Կաթողիկոս):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

7 յուլիս 2022, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2022