ԵՐԿԻՐԸ ՕՐՀԱՍԻ ՇՐՋԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ

Կ՚ակնկալէի, որ երկու նախագահներուն՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի առընթեր, խօսէր նաեւ Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան, սակայն այդ մէկը տեղի չունեցաւ։ Ընդհակառակն, այս տրամաբանական շարունակութիւնը խզել փորձեց Նիկոլ Փաշինեան, որ կը զբաղեցնէ վարչապետի պաշտօնը եւ որ հերթական անգամ բոլոր խաղաքարտերը խառնելու միտումով հանդէս եկաւ ու «փայլեցաւ» իր փոխադարձ վստահութեան բոլոր մակարդակի սլաքները անգամ մը եւս գետնին տալու շնորհներով։

Բարեկամներ, հարց պիտի տար իմաստուն քաղաքացի մը. մենք այս փուլին ամենէն աւելի ինչի՞ կարիքն ունինք։ Ու այդ հարցումին դիմաց մարդիկ ժամերով իրենց ճակատները շփելով պիտի մատնուէին լռութեան։ Այո՛, մարդիկ պէտք չունին խօսքերու, կարիք ունին գործի եւ առաւելաբար պէտք ունին, որ Հայաստանի իշխանութիւնը «իրականացնող» գլխաւոր կողմը՝ Փաշինեան անկեղծ ըլլայ նա՛խ ինք իր հետ, ապա հանրութեան հետ հաշուի նստի։ Այդ «հաշուի նստիլ»ը, անշուշտ, շատ թանկ կրնայ արժել Փաշինեանին համար ու հաւանական է, որ այդ պայմաններուն եւ մեծ սխալներուն պատճառով ան ստիպուած ըլլայ հեռանալ իր աթոռէն։ Ի դէպ, տուայտանքներով երկիրը պահել կը փորձեն իշխանութիւնը եւ ինքը՝ «գերագոյն գլխաւոր հրամանատար»ը։ Անոնք միշտ ալ օգտուած են զանազան փուլերու իրադարձութիւններէն ու մէյ մը աջ, մէյ մըն ալ ահեակ թեքելով պարզապէս պաշտօնավարութեան աւարտը կը յետաձգեն։ Ամէն պարագայի տակ, աւարտելով իշխանութեան կողմէ հնչեցուած տեսակէտներուն քննութիւնը՝ հարկ է նշել, որ Նիկոլ Փաշինեան վերջին հարցազրոյցին առաջին իսկ րոպէներուն ծանր հրթիռներ արձակեց որեւէ ձեւաչափով երկխօսութեան յոյսերուն վրայ ու ձեւով մըն ալ իր կողմէ բանաձեւեց՝ յաճախ իր եւ իր գործընկերներուն կողմէ հնչածը. «Մեզ հանգիստ թողէք, մենք առանձին պիտի ընենք ամէն ինչ» կամ «Մենք ինքավստահ ենք, մենք ուժեղ ենք եւ... մենք պիտի յաղթենք»։

Անկախ բոլոր տեսակի վերլուծումներէն, հին ու նորի դատափետումներէն, ներքին եւ արտաքին ճնշումներէն, այս օրհասական պահերուն խաղը առանձինն յառաջ տանելու մօտեցումը աւելի աղէտալի է՝ քան այն կրակները, որոնք կը բացուին հայկական սահմանապահ դիրքերուն վրայ։

Ամէն պարագայի, իշխանութեան կողմէ արտայայտուած այս գաղափարներն ու մօտեցումները առաւելաբար կը յենուն այն ազդակին վրայ, որ 2018 թուականէն ի վեր կը շարունակէ լոզունգային մակարդակով մը տարածուիլ ամէն կողմ։ Ահա այդ լոզունգն է, որ կը խօսի նախկիններէն ձերբազատուելու մոլուցքատիպ մօտեցման վրայ՝ այնքան մը խորունկ եւ այնքան մը սանձարձակ, որ ինչ-որ հաշուով կը միտի այսօրուան իշխանութիւնները մօտեցնելու նախկիններու գործելաոճին եւ քիչ մըն ալ աւելին...։

Եթէ թռուցիկ ակնարկ մը նետել փորձենք նախկին նախագահներ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի կողմէ վերջերս հնչեցուած մօտեցումներուն վրայ, ապա անվարան կարելի է ըսել, որ անոնք (իւրաքանչիւրը իր համոզումներով եւ ձեւաչափերով) կ՚ուզէին դրական առանցք մը գտնել ու նոյնիսկ պատրաստ էին երես երեսի խօսելու Փաշինեանին հետ։ Տէր-Պետրոսեան, ենթադրաբար, հաշուի առնելով իրադրութեան ծանրութիւնը՝ շատ արագօրէն ուզեց բանալ բոլոր խաղաքարտերը եւ հարցազրոյցի մը սահմաններէն դուրս գալով ահազանգ-կոչ մը ըրաւ։ Ան կրկնեց իր հին-նոր խօսքը, թէ «Հայաստան շատ ժամանակ չունի» եւ «պարտաւոր ենք միասնաբար դէմ դնել ստեղծուած վիճակին ու փրկել այն, ինչ որ կրնանք փրկել»։

Շատերուն կողմէ այդ կոչը ճիշդ չընկալուեցաւ։ Մարդիկ նոյնիսկ առիթ չտալով մեղադրեցին Տէր-Պետրոսեանը, որ կերպով մը կ՚ուզէր ջուրի երեսին պահել Փաշինեանը։ Անոնք յիշեցին ու յիշեցուցին ընդդիմութեան շրջանակներուն մէջ աւելի քան հիմնաւորուած այն վարկածը, թէ Փաշինեան ընդամէնը Տէր-Պետրոսեանի «ձագուկ»ն է ու անոր ծրագրին ծառայող կամ անոր խաղով խաղացող հտպիտը։ Ծանր էին այդ դատողութիւնները։ Բայց անկեղծ ըլլալու համար պէտք է նշել, որ քիչ մը՝ երկար տարիներով կարծրացած փոխադարձ անվսատութեան եւ ներքին թշնամանքի ծրարուած վարկած մըն է։ Շատերուն տեսակէտէ ալ կը կրէ «անպատեհ»ի կամ «անընդունելի»ի պիտակաւորում։

Այս բոլորին առընթեր, սակայն, փաստ է, որ Հայաստանի օրհասական պահերուն Տէր-Պետրոսեան միշտ ալ խօսեցաւ իր հին-նոր տրամաբանութեամբ, նաեւ տեղ մը առիթ տուաւ, որ Հայաստանի քաղաքական դաշտի բոլոր կողմերը, նոյնիսկ իրարու դէմ թշնամացածները քով-քովի գան։

Գալով Ռոպերթ Քոչարեանին, որ ունէր բաւարար պատճառներ՝ իր նախկին խանդավառութիւնը կորսնցնելու համար, իր պարագային ալ կայ վարկած մը։ Այսպէս, ան կը խուսափի կտրուկ քայլերու երթալէ՝ հաշուի առնելով մանաւանդ իր հիմնական դաշնակիցին՝ Ռուսաստանին այսօրուան իրավիճակը, մտահոգութիւններն ու Ուքրայնայի ճակատէն հասած անբարեյաջող լուրերը։

Այս բոլորը, նաեւ անցեալ ընտրութիւններուն կրած պարտութիւնը վահանի վերածելով՝ Քոչարեան համակիրներուն հետ կ՚անկեղծանար ու կը յայտարարէր, որ «այս փուլին բան մը չենք ըներ, պարզապէս կը սպասենք»։ Բնականաբար, ան բառացիօրէն չէր ըսեր այս բոլորը, բայց նիւթերուն շուրջ դառնալով եզրակացութիւնները կը տանէր այդ ուղղութեամբ։ Չմոռնամ նշելու, որ Քոչարեան այս բոլորին առընթեր բացայայտօրէն կը յայտարարէր, որ ինք բացարձակապէս դէմ է Փաշինեանի հետ համագործակցութեան եւ անոր փրկութիւնը մէջտեղ բերելու ուղղեալ որեւէ մօտեցման ու առաջարկի։ Այստեղ հաւանաբար ունի հիմնաւոր տեսակէտ մը։ Ան նաեւ կերպով մըն ալ կ՚ուզէ վերադառնալ այն զերօ կէտին, ուր էր ընդդիմութեան այժմու մեկնակէտը։ Այդ զերօ կէտին վրայ կար միայն մէկ առաջադրանք. Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութենէն հեռացումը։ Այս նպատակով ընդդիմութիւնը պատրաստ էր խօսելու որեւէ կողմի, ոեւէ անձնաւորութեան կամ առաջնորդի հետ՝ միայն թէ այդ առաջադրանքը հաւաքուէր այդ գաղափարին շուրջ։

Այս մօտեցման համար իշխանութեան շրջանակները, բնականաբար, «չներող» մօտեցում ունեցան, նաեւ ճանապարհ տուին՝ իրենց կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած, բաւական «աշխատող» այն միտքին, թէ Քոչարեան ամէն ինչ կ՚ընէ՝ միայն ու միայն իշխանութեան վերադառնալու համար։

Անկարելի է գիտնալ, թէ այս մօտեցումը ինչքանով ճիշդ է կամ ինչքանով արդար։ Յամենայնդէպս, այսօրուան դրութեամբ ներքին միջանցքներով կամ արտաքին ուղղութիւններով հոսանքներն ու պայքարները կ՚ընթանան միայն երկու առացնքով. Փաշինեան-Քոչարեան սուր պայքար եւ անկէ անդին ալ, այդ պայքարին շուրջ բոլորուած զանազան օրկանական կամ շինծու դրուածքներ, որոնք կը միտին քաղաքական կեանքի դատարկութիւնը լրացնելու։

Հայաստանի քաղաքկան պատկերը այսպիսին է այսօր։ Կան ներքին կոր գիծեր, կան ալիքներ, տակաւին կան շահեր եւ փոխադարձ շահակցական մօտեցումներ, սակայն կը բացակայի ստեղծուած օրհասին առջեւ լուրջ պատասխանատուութիւն մը ստանձնելու եւ դաշտը ի մի բերելու իրական ճիգը։ Անոնք, որոնք արեւմտամէտ են, տակաւին կ՚երազեն, թէ Փաշինեան տեղի պիտի տայ եւ «ամերիկեան դաշտ» մը պիտի ստեղծէ։ Անոնք երազախաբ են մեծ հաշուով։ Իսկ անոնք, որոնք լուրջ ընդդիմութիւն մը դառնալու բոլոր քարտերը ունին, սկսած են իսկապէս հասկնալ, թէ ներկայ պահուն Ռուսաստանի համար նպատակայարմար չէ Փաշինեանը դուրս նետել կամ նոյնիսկ աւելի վստահելի ուրիշով մը փոխարինել։ Ուստի, յստակ քայլեր չեն առնուիր։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2022