ՊԵՐԹՐԱՆՏ ՌԱՍԸԼ՝ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Մեր ժամանակներու համար ազդեցիկ եւ արտասովոր «Կրթութեան մասին» խորագրեալ գրքին մէջ բրիտանացի յայտնի փիլիսոփայ ու պատմաբան Պերթրանտ Ռասըլ կոչ կ՚ընէ այնպիսի կրթութիւն ստանալ, որ կրնայ երեխան ազատել ընտանիքի եւ իշխանութեան անվերապահ ճնշման ենթարուելէ: Այս աշխատութեան մէջ Ռասըլ կը պնդէ, որ հասարակութիւնը կրնայ փոխուիլ դէպի լաւը, եթէ կրթութիւնը հիմնուած ըլլայ սիրով ձեռք բերուած գիտելիքի վրայ։ Յատկանշական է նաեւ, որ Ռասըլի վերոյիշեալ աշխատութիւնը ժամանակակից կրթական հռչակագիր մը կը համարուի՝ ինքնատիպ ու ցայտուն հայեացքներով եւ իր պաշտպանած թեզերով։

«Նախքան մտածելու, թէ ինչպէս պէտք է մարզուիլ, պէտք է յստակ գիտնալ, թէ ի՛նչ արդիւնքի կ՚ուզենք հասնիլ», կ՚ըսէ Ռասըլ։

Ան կ՚ըսէ, որ սորվելու ընթացքին պէտք է ամէն ջանք գործադրել, որպէսզի ուսանողը զգայ, թէ այն ինչ, որ իրեն կը սորվեցնեն՝ կ՚արժէ սորվիլ։ Իր խօսքով, ուսուցումը տեղի կ՚ունենայ, եթէ աշակերտը կրնայ ազատօրէն հարցնել ուսուցիչին, թէ իր գիտելիքը ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ամբարած է եւ արդեօք ուսուցիչը կրնա՞յ համագործակցիլ իրեն հետ։ Ըստ Ռասըլի՝ երեխաներու նկատմամբ ուշադրութիւնը պէտք է բխի երեխաներու հետ ըլլալու բացարձակ հաճոյքէն՝ առանց որեւէ բարձր նպատակի։ Նման որակաւորում ունեցող ուսուցիչները ստիպուած չեն յաճախակի միջամտել երեխաներու ազատութեան, իսկ երբ ստիպուին միջամտել՝ հոգեբանական խնդիր չեն յառաջացներ երեխաներու մօտ։ Անհնար է, որ ուսուցիչները, որոնք գերծանրաբեռնուած կ՚աշխատին եւ յոգնած են, բնազդային սէր ցուցաբերեն երեխաներու հանդէպ, կ՚ըսէ Ռասըլ: Ան նոյնիսկ կը մատնանշէ, թէ այն անձը, որ մասնագիտութիւնը երեխայի կրթութիւնն է, պէտք է օրական առաւելագոյնը երկու ժամ զբաղի այս գործով, իսկ մնացեալ ժամերը անցընէ երեխաներէն հեռու, քանի որ անընդհատ երեխաներու հետ ըլլալը չափազանց յոգնեցուցիչ է՝ յատկապէս եթէ անոնք կը խուսափին կարգապահութենէն։ Յոգնութիւնը տագնապեցուցիչ է: Իսկ ուսուցիչը պահ մը անպայման կը զայրանայ, որքան որ զարգացած, ուսեալ, կամ համբերող ըլլայ ան։

Ըստ Ռասըլի՝ կրթութեան մէջ ազատութիւնը չափի հարց է։ Կրթութեան մէջ ազատութեան կողմնակիցը չի կրնար ըսել, որ երեխաները ամբողջ օր մը պէտք է ընեն այն, ինչ որ կ՚ուզեն։ Որպէսզի ազատութիւնը գոյութիւն ունենայ, պէտք է ըլլայ որոշ աստիճանի լիազօրութիւն եւ կարգապահութիւն: Խնդիրը այս լիազօրութիւնն ու կարգապահութիւնը կիրառելն է:

Ռասըլ կը նշէ, որ երեխաներու մեծամասնութիւնը չի կրնար կարդալ-գրել սորվիլ, կենսապայմաններուն ներդաշնակ ապրիլ, երբ անոնք ինքնուրոյն կը մնան։ Այս պատճառով ըստ Ռասըլի, անհրաժեշտ է կրթական հաստատութիւնները, նաեւ կարեւոր է, թէ երեխաները որոշ չափով կարգապահ ըլլան։ Բայց ան ոչ մէկ իշխանութեան լիովին կը վստահի։ Այդ իսկ պատճառով Ռասըլ կը շեշտէ, որ կրթութեան մէջ պէտք է օգտագործուին երիտասարդներու բնական ցանկութիւններէն ու մղումներէն օգուտ քաղելու ուղիները։

Գիրքին մէջ միայն առկայ կրթական համակարգերու թերութիւնները չեն քննարկուիր։ Բաց աստի, Ռասըլ կը նշէ, որ կրթութեան մէջ շատ կարեւոր տեղ ունին ընտանիքի կառուցուածքը, հասարակութեան բարոյական ըմբռնումը, սեռը, կրօնական ուսմունքները։ Ռասըլ կը պնդէ, որ աւելի հնարաւոր է իրականացնել ուսուցման մեթոտ, որ հիմնուած է մէկէ աւելի ծրագրերու վրայ, քան մէկ ծրագրի: Ի վերջոյ, գիտելիք ձեռք բերելու փափաքը բնականաբար գոյութիւն ունի երիտասարդներու մեծամասնութեան մօտ։ Պէտք է ստիպել երեխան կամ երիտասարդը զգալ, որ գիտելիքը կ՚արժէ ձեռք բերել: Ըստ իրեն, գիտական ​​հասարակութեան մէջ այդ ​​մտածելակերպը կը ներարկուի երեխայի խօսելէն սկսեալ եւ երեխան խնամքով կը պաշտպանուի տգէտ ու անծանօթ մարդոց հետ շփումէն իր առաջին զգայուն տարիներուն: Մինչեւ 21 տարեկան երիտասարդը կը համալրուի գիտական ​​գիտելիքով, իսկ 12 տարեկանէն յետոյ կ՚ապահովուի մասնագիտացում՝ իր մշակած գիտելիքի մէջ։

Ռասըլ կը կարծէ, որ մարդկային «աղբիւրները» կրթութեան միջոցով օգտագործուող ամենակարեւոր գործիքն են հասարակութեան զարգացման գործին մէջ եւ կրթութիւնը քաղաքակրթութեան իրականացման անփոխարինելի նպատակն ու միջոցն է, որովհետեւ այն բոլորը կ՚իրականանայ՝ յանուն մարդկային արժանապատուութեան վայել ապրելու։

Ռասըլ համոզուած է, թէ կրթութիւնը մեզի վատ սովորութիւններ կու տայ: Դարձեալ կրթութիւնն է, որ կ՚ապահովէ բարգաւաճում, յառաջդիմութիւն, քանի որ ան նոր աշխարհի բանալին է:

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 10, 2022