ՄԱՐՄԻՆԸ ԵՒ ՀՈԳԻՆ
Հակառակ նիւթապաշտ դարու մը նիւթապաշտ փիլիսոփայութեան, կա՛յ եւ կը մնայ «հոգի»ն, որքան ատեն որ կը մնայ մարդս։ Կեանքը, աղբիւրը մեր հոգեկան բոլոր գործունէութիւններուն, դեռ կարելի չէ եղած նիւթէն բխեցնել։
Բնազանցագէտներու թողլով ուսումնասիրութիւնը եւ բացատրութիւնը այն պատճառներուն՝ որոնցմով իրարմէ տարբերելու տեսակէտով աւելի կը լայննայ անջրպետը հոգիին եւ նիւթին մէջ, պահ մը խորհինք մեր էութեան, մեր գոյութեան մասին։
Արդարեւ, մարդուս համար. իր ստեղծագործութենէն իսկ սկսած է սա հարցումը. «Ո՞վ եմ ես»։
Դարձեալ կը տեսնենք թէ ամբողջ տիեզերքի մէջ չկայ ուրիշ արարած մը՝ որուն վրայ հոգին եւ նիւթը այնչափ ձեռք ձեռքի տուած ըլլան զարմանասքանչ արտայայտութիւններով երեւան գալու՝ որչափ «մարդ» էակին վրայ։ Հոս, պէտք է մատնանշենք սա կէտը, թէ «ամբողջ տիեզերքի մէջ չկա՛յ ուրիշ արարած մը» խորքին մէջ, «ուրիշ արարած»ի մասին կարելի է որ առարկութիւններ ըլլան, թէ կա՞յ «ուրիշ արարածներ»։ Ասիկա ուրիշ հարց մըն է անշուշտ, բայց սա յստակ է որ Աստուած միայն աշխարհը չստեղծեց, այլ ամբողջ տիեզերքը։ Եւ մեր նիւթը սա պահուս «մա՛րդ»ն է…։
Մարդ, իր բնաւորութեամբ, պէտք է ընդունիլ, որ սերտօրէն կապուած է նիւթին, քանի որ ինքն ալ «մարմին» է, այսինքն՝ նի՛ւթ։ Ան նիւթով շինուած է, միանգամայն գիտակից ըլլալու է, թէ կա՛յ ուրիշ ներքին զօրութիւն մը, ներուժ մը, որ կը գտնուի մարդուն մէջ, որ նիւթին կը տիրէ։
Հետեւաբար, առանց ուրիշ գիտական փաստեր փնտռելու՝ այս դարաւոր գիտակցութիւնը մարդուն մէջ, որ ինքնին «հոգի»ին անուրանալի եւ անժխտելի մէկ արտայայտութիւնն է, բաւարար կ՚ըլլայ մարդս համոզելու, թէ ինք նիւթական-մարմնաւոր կեանքին հետ, ունի նաեւ բարձր կեանք մը, հոգեւոր կեանք մը, զոր զինք կը մօտեցնէ Աստուծոյ։
«Մարդուն օրերը խոտի պէս են, ինչպէս դաշտի ծաղիկը, այնպէս կը ծաղկի, քանի որ հովը անոր վրայէն կ՚անցնի եւ ան կ՚ոչնչանայ, եւ այլեւս անոր տեղը չի ճանչնար զանիկա», կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն, զարմացած մարդուն երկու բնութիւններուն՝ մարմնի եւ հոգիի վրայ։ Արդարեւ, ամէն դարու մէջ այսպէս մտածած են ամէն անոնք՝ որ մարդուն վրայ խորհած, խորհրդածած են եւ սքանչացած անոր այս կրկնատեսակ երեւոյթին վրայ, ուր «հոգի» եւ «մարմին» համընթաց են։
Սուրբ Գիրքը, հին փիլիսոփաներ, բոլոր քրիստոնեայ իմաստասէրներ եւ աստուածաբաններ ընդունած են մարմնին եւ հոգիին իրարմէ անբաժան գործակցութիւնը, եւ տարբեր տեսակէտներով խորհելով՝ տարբեր կողմերը ներկայացուցած են այս իրերախառնուած երկուութեան։
Քրիստոնէութեան վարդապետութեամբ եւ փիլիսոփայութեամբ զբաղող իմաստասէրներ, սրբազան մատենագիրներ եւ Եկեղեցւոյ Հայրեր ո՛րչափ աւելի ուսումնասիրեցին մարդկային հոգին՝ այնչափ աւելի յանդգնեցան սա եզրակացութեան, թէ մարդկային հոգի-ամբողջը ունի, կը բովանդակէ իր մէջ կրկին միտումներ դէպի «բարի»ն, եւ նաեւ դէպի «չար»ը, դէպի ազնուականը եւ դէպի ստորինը, դէպի վսեմ եւ աստուածային կարօտներ եւ դէպի գետնաքարշ եւ անասնական փափաքներ, ցանկութիւններ։
Եւ հետեւաբար, մարմինին եւ մարմնական ցանկութիւններուն եւ բաղձանքներուն վերագրելով ի՛նչ որ կայ մարդուն մէջ իբրեւ չար եւ ապականարար, մարմինը եւ հոգին ներկայացուցին իբրեւ հակառակամարտ երկու թշնամիներ, որոնց կատարած պայքարին տակ անխնայ կը տառապի մարդ, որոնց բախումները իրարու դէմ տեւական «կռիւի դաշտ» մը կը դարձնեն մարդկային հոգին։
Ուստի Պօղոս առաքեալ իբրեւ «հին եւ նոր մարդ»ու պայքարը կը ներկայացնէ այս «ներքին պայքար»ը։
Չենք կրնար ուրանալ մեր հոգիին ազնիւ եւ ստորին փափաքներուն՝ «բարի»ին եւ «չար»ին գոյութիւնը։ Շատեր այս դժուարալոյծ խնդրին մէջէն ելլելու համար կ՚ուրանան «բարի»ն եւ «չար»ը, եւ մտացածին եւ երեւակայական բաներ կ՚անուանեն զանոնք։ Բայց չմոռնանք թէ ուրանալը դարման չէ՛։ Մարդուս այս կրկին բնութիւններուն գիտակցութիւնն է որ զինք արթուն պիտի պահէ հսկելու համար իր հոգիին վրայ, որ աւա՛նդ մըն է։ Մարդուս ամենամեծ թշնամիներն են, որ վնաս կը պատճառեն՝ ուրացում, անգիտացում եւ մանաւա՛նդ անտարբերութիւնն են, ուրեմն պէտք է զգոյշ ըլլալ եւ ըլլալ յստակ եւ թափանցիկ…։
Մարմնին եւ «նիւթական մարդ»ուն բնական եւ օրինաւոր պահանջները պէտք չէ՛ շփոթել չար ցանկութիւններու եւ ապօրէն տենչանքներու հետ։ Արդարեւ, անխզելի կապերով կապուած, միացած են նիւթը եւ նիւթականը. մարդուս այս նիւթական մարմինը՝ պատսպարանը իր հոգիին, ունի իր բնական եւ օրինաւոր պահանջները, որոնցմէ զայն զրկել անիրաւութիւն պիտի ըլլայ։
Արդարեւ, եթէ մարդ մեծամիտ է, ինքզինք արդէն մեծ կը համարէ, այլեւս բարձրանալու պահանջքը չի զգար, եւ կը մնայ յաւիտենապէս իր «փոքրութեան» մէջ՝ կարծելով թէ ատիկա է մեծութիւնը։
Մարդ եթէ կարծէ, թէ հասած է իր մտադրած նպատակակէտին, կրնա՞յ այլեւս յառաջանալ կամ բարձրանալ հոն՝ ո՛ւր է իր իսկական նպատակակէտը։ Ուրեմն, խոնարհ եւ համեստ ըլլալու է. գիտակցելու է իր դիրքին, աստիճանին եւ այդ կէտէն մեկնելով պէտք է յառաջանայ եւ բարձրանայ «մեծութեան»։
Եւ այս իսկ պատճառով, ինքնիրմով հպարտ, գոռոզ, մեծամիտ եւ ինքնահաւան մարդիկ երբեք չե՛ն կրնար իրապէս «մեծ» ըլլալ՝ որոնք դատապարտուած կը մնան միշտ «փոքրութեան»։ Ինչո՞ւ այդ յաւակնոտ կեցուածքը, ինչո՞ւ այդ սնափառութիւնը, եւ ինչո՞ւ այդ մեծամտութիւնը, քանի որ ոչ մէկը իր եղածէն աւելին չի կրնար ըլլալ։ Իրապէս «ըլլալ» եւ «այդպէս երեւիլ» տարբեր երեւոյթներ են, պէտք չէ անոնք իրար շփոթել, կեանքի մէջ յուսախաբ չըլլալու եւ ի վերջոյ դիմակազերծ ըլլալով՝ չխայտառակուելու համար…։
Սիրելի՜ներ ըլլանք եւ երեւինք այնպէս՝ ինչպէս որ ենք, ի՛նչ բանի որ արժանի՛ ենք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 2 2022, Իսթանպուլ