ԱՍՏՈՒԱԾ ԼԱՒԱԳՈՅՆԸ ԿՈՒ ՏԱՅ

Աստուած մարդուս միշտ լաւագոյնը կու տայ, քանի որ Ան լաւագոյնը կը կամենայ իր արարածներուն համար։ Աստուած կատարեալ է, եւ կ՚ուզէ որ մարդիկ ալ կատարեալ ըլլան։ Արդարեւ Աստուծոյ բոլոր արարչագործութիւնը ծրագրուած է լաւագոյնին եւ կատարեալին իրականացման։ Յայտնի առածը կ՚ըսէ.- Լաւագոյնը թշնամի է լաւին։ Ասիկա, մարդուս համար ճիշդ կրնայ ըլլալ, բայց ո՛չ Աստուծոյ համար։ Մարդ տեւական կը ձգտի լաւագոյնին եւ այս պատճառով ալ չի գոհանար միայն լաւով, բայց Աստուծոյ համար խնդրոյ առարկայ չէ ասիկա, քանի որ Աստուած արդէն Ինք լաւագոյնն է։

Կը պատմուի թէ՝ Հնդկաստանի մէջ օտար հոգեւորական մը Գանգէս գետին եզերքէն աճապարանքով քալած պահուն՝ կը տեսնէ հնդիկ կին մը, որ ուշադրութեամբ գետի ջուրին կը նայէր։ Ան իր գիրկը ունէր երկու աչքերը կոյր հիւանդ մանուկ մը։ Իսկ քովը կանգնած էր գեղեցիկ եւ առողջ մանչ մը։ Հոգեւորականին ուշադրութիւնը եւ հետաքրքրութիւնը կը գրաւէ, եւ հարցնելով կը հասկնայ, թէ՝ կինը կ՚ուզէր իր աստուծոյն զոհ մատուցանել իր որդիներէն մին։ Սակայն ընտրութեան մէջ կը տատանէր եւ այդ պատճառով տագնապալից պահեր կ՚ապրէր ան։

Հոգեւորականը, բնականաբար, կը ջանայ համոզել կինը որպէսզի ետ կենայ իր այդ ահաւո՛ր որոշումէն։ Կը խօսի անոր Քրիստոսի մեծ սիրոյն եւ իրեն համար կատարած մեծ զոհողութեան մասին եւ կ՚ըսէ, որ Քրիստոս արդէն միակ զոհը եղաւ՝ մարդոց մեղքերը սրբելու համար։

Բայց հոգեւորականը կարող չ՚ըլլար տարհամոզել այդ խեղճ մայրը։ Եւ բաւական ժամանակ յորդորելէ եւ աղերսելէ վերջ՝ յուսահատ կը մեկնի եւ կը հեռանայ հոգեւորականը։

Մի քանի ժամ յետոյ դարձեալ կը հանդիպի նոյն հնդիկ կնոջ՝ բազուկներուն մէջ իր կոյր փոքրիկը։ Եւ հոգեւորականը կը տեսնէ որ միւս գեղեցիկ մանչը չկայ։

Հոգեւորականը անմիջապէս կը հասկնայ պատահածը։ Մայրը գետը նետած էր՝ կոկորդիլոսներուն խեղճ փոքրիկը։ Եւ հոգեւորականը կը հարցնէ զոհուած տղուն մասին։ «Ես զոհ մատուցանեցի զայն իմ աստուծոյս», կը պատասխանէ կինը։ «Բայց ինչո՞ւ առողջ զաւակդ տուիր, եւ հիւանդ փոքրիկը պահեցիր», կը հարցնէ հոգեւորականը։ Կինը ոտքի կը կանգնի իր նստած տեղէն եւ կը պատասխանէ. «Մենք մեր աստուածներուն մեր լաւագոյնը կու տանք, պարո՛ն»։ Եւ կինը կը հեռանայ իր պարտականութիւնը լաւագոյն կերպով կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ…։

Սիրելի՜ բարեկամներ, պահ մը խորհինք եւ մենք մեզի անկեղծութեամբ պատասխանենք.- արդեօք, մեր, Աստուծոյ տուածները իրապէս մեր լաւագո՞յններն են։

Անշուշտ խօսքը զաւակ զոհելու մասին չէ, այլ մեր պաշտամունքները, աղօթքները, մեր հաւատարմութիւնը, մեր հոգեւոր եւ բարոյական մատուցում եւ մօտեցումները՝ լաւագո՞յններն են, թէ՝ պարզապէս, ակամայ, պարտք մը վճարելու անգիտակից եւ անզգայ շարժում մը։

Մենք միշտ «լաւագոյն»ը կ՚ուզենք, հապա «լաւագոյն»ը տալու պատրաստակամութիւնը ունի՞նք։ Յաճախ կը յիշենք Յիսուսի խօսքը եւ կրկնելով կը կրկնենք, թէ՝ աւելի լա՛ւ է տալը, քան առնելը. (ԳՈՐԾՔ. Ի 35), որքա՞ն հաւատարիմ կ՚ըլլանք այս ճշմարտութեան, եւ երբ միշտ մեզի համար «լաւագոյն»ը կը փափաքինք, նոյնը կը փափաքի՞նք նաեւ ուրիշներու համար, եւ մանաւա՛նդ մեզի միշտ «լաւագոյն»ը տուող Աստուծոյ համար։

Արդարեւ, հնդիկ կնոջ օրինակը մեզի համար չափազանցութիւն մը պէտք է նկատուի, բայց մենք շա՜տ ուրիշ «լաւագոյն»ներ ունինք տալու Աստուծոյ։ Զոր օրինակ, մեր սէրը՝ ամբողջ սէրը տալ, լաւագոյններէն մէկն է։ Ի՞նչ կը խորհիք սիրելի՜ներ, կու տա՞նք մեր ամբողջ սէրը. սէրը՝ որ որքան ալ տանք երբեք չի պակսիր, սէրը՝ որ տալով բազմապատիկ կ՚աւելնայ…։ Եւ շատ անգամ կը խնայենք, կը զլանանք տալ մեր սէրը՝ որ բաժնելով բազմապատիկ անգամ կ՚աւելնայ։ Մեզի ձրի տրուածը կ՚ուզենք որ սուղ գինով վաճառենք ուրիշներուն…։

Այո, մեր տուածը իսկապէս «լաւագոյն»ն է, թէ ոչ՝ մարմնաւոր Իսրայէլին պէս՝ կը բերենք միայն «կոյրը, կաղը, հիւանդը». (ՄԱՂԱՔ. Ա 8)։ Եւ կամ կու տանք միայն «մեր աւելցուքը». (ՄԱՐԿ. ԺԲ 44)։

Չե՞նք անդրադառնար որ, եւ կամ կը մոռնա՞նք, թէ մեր Աստուածը իր «Լաւագոյն»ը տուած է մեզի։

Մեզի համար մեր «լաւագոյն»ն է մեր կեանքը։ Կա՞յ արդեօք կեանքէ աւելի «լաւագոյն» մը, որ տրուած ըլլայ մարդուն։ Չէ՞ որ ամէն ինչ կը սկսի կեանքով, եւ ամէն ինչ կախում ունի կեանքէն։

Եւ երբ այդ հնդիկ մայրը կ՚ըսէ.- Մենք մեր լաւագոյնը կու տանք մեր Աստուծոյն։ Հապա մե՞նք. մենք պէտք չէ՞ որ տանք մեր լաւագոյնը՝ մեր Լաւագոյնին։

Երբ Յիսուսին կ՚ուղղեն հարցումը. «Ո՞րն է Օրէնքին ամենամեծ պատուիրանը». (ՄԱՏԹ. ԻԲ 36), Ան կը պատասխանէ. «Սիրէ քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր անձովդ եւ բոլոր մտքովդ. այս է մեծ եւ առաջին պատուիրանը։ Իսկ երկրորդը՝ ասոր նման. սիրէ ընկերդ քու անձիդ պէս։ Այս երկու պատուիրաններուն վրայ հիմնուած են բո-լոր Օրէնքը եւ Մարգարէները». (ՄԱՏԹ. ԻԲ 37-40)։

Այս է սէրը, լրումն է Օրէնքին, եւ կը հետեւի թէ՝ «սիրել» կը նշանակէ «լաւագոյն»ը ընել։ Եւ ուրեմն, քանի որ ունինք «լաւագոյն»ի տիպար մը, ինչո՞ւ չենք կատարեր լաւագոյնը՝ չենք սիրեր զիրար, եւ կամ սիրել կը ձեւացնենք միայն, եւ կը նախընտրենք ատել, ստորադասել եւ կամ ուրանալ. արդեօք աւելի դիւրի՞ն է ատելը քան սիրելը։ Սիրելը դժուա՛ր է իրապէս, որովհետեւ սէրը, ճշմարիտ սէրը զոհողութի՛ւն կը պահանջէ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 30 2022, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2022