ԿԱԹԻԼ ՄԸՆ ԱԼ ՀԱՅ ԱԶԳԻՆ…
Չեմ գիտեր նման ուսումնասիրութիւն կատարուած է թէ ո՛չ, սակայն ինքնավստահ ձեւով կրնամ ըսել, որ աշխարհի վրայ չկայ աւելի տարօրինակ, աւելի զարմանալի ժողովուրդ՝ քան հայ ազգը. ազգ՝ որ ամէ՛ն օր ունի զարմանալի նորութիւն մը, մէկը միւսէն տարօրինակ, մէկը միւսէն զարտուղի:
Շաբաթ մը առաջ 1839 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող Պոսթոնի համալսարանը իր պաշտօնական կայքէջին մէջ յայտարարեց, թէ երկու հայեր՝ Էտուարտ Աւետիսեան եւ Արամ Չօպանեան 100,000,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կը կատարեն: Համալսարանը իր պաշտօնական հաղորդակցութիւնը կը սկսի հետեւեալ տողերով.- «Երկու հայ ընտանիքներ ազատութիւն կը գտնեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ»: Հաւանաբար դրամի առթած ուրախութենէն համալսարանը իր պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ կը յիշէ հայոց ցեղասպանութիւնը, նահատակները, ինչպէս նաեւ կը խօսի երկու բարերարներու աղքատ անցեալին մասին:
Ամէն մարդ ազատ է իր ուզած ձեւով ծախսելու, նուիրելու կամ մսխելու. ո՛չ ես եւ ո՛չ ալ ուրիշը մէկը իրաւունք ունի առարկելու, սակայն ցաւն ու մտահոգութիւնը նուիրատուութեան տարողութենէն վեր ու տարբեր է:
Ինչպէ՞ս կարդալ նման նուիրատուութեան հաղորդագրութիւն մը եւ չմտաբերել Լիբանանի մէջ գտնուող ա՛յն հայ աշակերտները, որոնք տնտեսական զանազան դժուարութիւններու պատճառով դպրոց չեն յաճախեր եւ փոքր տարիքէն պարտաւորուած կը նետուին գործի ասպարէզ. ինչպէ՞ս չյիշել Սուրիոյ մէջ մինչեւ օրս մարդկային բնական պայմաններէ հեռու ապրող մեր հայորդիները. ինչպէ՞ս չյիշել մէկ առ մէկ նիւթական պակասի պատճառով սփիւռքի տարածքին իրենց դուռերը փակող դպրոցները՝ Յորդանանէն մինչեւ Լիբանան, մինչեւ Սուրիա, Յունաստան եւ այլուր...: Ինչպէ՞ս չյիշել մեր հայրենիքի պատերազմական դժուարին պայմանները. վերջին երկու-երեք տարուան ընթացքին որբացածներն ու որդեկորոյսները, ինչպէ՞ս չյիշել Հայաստանի տարածքին տիրող աղքատութիւնն ու խեղճութիւնը:
Բարերարներուն կատարած 100,000,000 տոլարի նուիրատուութիւնը առանձին կը բաւարարէր հոգալու վերոյիշեալ կարիքներու մեծամասնութիւնը:
Ամերիկայի յայտնի «New York Times» լրատուական կազմակերպութիւնը Պոսթոնի համալսարանի մասին գրած մէկ տեղեկատուութեան մէջ կը գրէ, թէ Պոսթոնի համալսարան յաճախող աշակերտներուն 98 առ հարիւր տոկոսը մեծահարուստներ են, իսկ մնացած 2 առ հարիւր տոկոսը՝ աղքատներ. համալսարանի պաշտօնական կայքը համալսարանի ընդհանուր արժէք կը ներկայացնէ 3,400,000,000 միլիառ տոլարի արժէք մը, յայտնելով որ համալսարանը տարեկան ունի 140,000,000 տոլարի եկամուտ:
Կը կարծեմ կարիքը չկայ չէ՞ հայկական համալսարան մը համեմատելու Պոսթոնի համալսարանին հետ... ի՞նչ արժէք ունի համալսարանի մը նուիրել նման մեծ գումար մը՝ երբ համալսարանը ինքնին հարուստ եւ ինքնաբաւ հաստատութիւն մըն է։ Նման գումարով ինչքա՞ն կարելի էր զարգացնել Հայրենիքի մէջ գործող համալսարանները, քանի՞ աշակերտի կարելի էր անվճար ուսում տրամադրել՝ աւարտելէ ետք ազգօգուտ գործերու մէջ դեր ունենալու պայմանականով. քանի՞ կիսաքանդ դպրոցներ կարելի էր զարգացնել՝ մանաւանդ Երեւանէն հեռու գտնուող մարզերու մէջ:
Երախտագիտութեան ոգին ունենալը մեծարելի է. նկատի ունենալով բարերարներուն կապը Պոսթոնի համալսարանին հետ՝ կը մնայ հասկնալի, սակայն երբ դո՛ւն ինքդ, ազգդ ծարաւ է... եղած ջուրը ուրիշին տալը կը շարունակէ մնալ անխոհեմ արարք. այդ 100,000,000 տոլարին 1 առ հարիւրին անգամ կարօտ է մեր ազգը այսօր, որպէսզի յառաջդիմէ եւ նոր նուաճումներ ձեռք բերէ:
Հայաստանի թանգարաններուն մէջ մինչեւ օրս անտիպ կը մնան բազմահազա՜ր հեղինակներու գործեր, որոնք դարակներու մէջ դրուած իրեն փճանալը կը սպասեն. Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէնը վերջերս կը յայտնէր, որ թանգարանին մէջ ի պահ կը դրուի միլիոնաւոր անտիպ գործեր: Սփիւռքահայ բանաստեղծ եւ արձակագիր Վահրամ Մավեանի մահէն անցած է 39 տարիներ եւ մինչեւ օրս աւելի քան 2 հազար նամակ եւ մի քանի արձակ գործեր կը շարունակեն մնալ անտիպ. վերջերս թերթիս աշխատակիցներէն Վարանդ Քորթմոսեանի եւ պատմաբան Գէորգ Եազըճեանի հետ որոշեցինք այդ բոլորը դուրս բերել փոշիներէն, տարիներ տրամադրել անոնց խմբագրման համար, սակայն չեղան նուիրեալներ, որոնք յանձն առնեն այդ բոլոր աշխատութիւններու տպագրելու ծախսերը։ Շատ մը մելգոնեանցիներ բաւարարուեցան «Կեցցէ՛ մեր ուսուցիչը» ըսելով, սակայն գետնի վրայ ո՛չ մէկ բան:
Կարծես մեր ժողովուրդի հարուստները շուարած են եւ չե՛ն գիտեր ուր մսխեն իրենց ունեցուածքը... անոնք ուրիշին արդէն իսկ ունեցած հարստութեան վրայ հարստութիւն կը դիզեն, իսկ մենք կը շարունակենք մեր ազգային արժէքները բարձր պահելու համար «ումպ մը ջուր» մուրալ:
Անցեալին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր Արա Գօչունեան ահազանգեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ին անդունդի եզրին գտնուելուն մասին. Էտուարտ Աւետիսեանի եւ Արամ Չօպանեանի կատարած նուիրատուութեան 1 առ հարիւրը նոյնիսկ բաւարար պիտի ըլլար տասը-քսան տարի մը ապահովել թերթի տպագրութեան բոլոր ծախսերն ու թերթը հեռացնել անդունդի եզրէն:
Մենք նման ենք այն զաւակներուն, որոնց մայրն ու հայրը աղքատութեան ու չքաւորութեան մէջ գտնուած ժամանակ իրենք անիմաստ ձեւով իրենց հարստութիւնը կը մսխեն. ժամանակ կու գայ որ այդ հայրն ու մայրը յաւիտենականին մաս կը կազմեն եւ հաւանաբար յետոյ զաւակները կը սկսին անդրադառնալ, որ ունէին հայր ու մայր... որոնք իրենց զեխութեանց ընթացքին աղքատութեան մէջ հոգի տուին:
Եթէ մինչեւ օրս հայութեան տկարացումին համար պատճառներ փնտռողներ կան, թող այստեղ ալ փնտռեն պատճառներ, որովհետեւ ո՛չ թէ օտարը, այլ մենք ենք որ մեր արժէքները կը դատապարտենք «ումպ մը ջուր»ի կարօտ վիճակին. ազգ մը արժանի է ա՛յն բոլոր բաներուն՝ որոնց կը հանդուրժէ եւ մենք կարծես տեղ մը արժանի ենք այս բոլորին:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ աշխատակցութեանս առաջին շրջանին գրեցի «Թուքդ ա՛ռ, եկո՛ւր» խորագրեալ գրութիւն մը. թէեւ բերանիս մէջ թուք չմնաց... սակայն անգամ մըն ալ փորձենք թուքել...
«Թէ որ քո փողից հայ ազգին օգուտ չկայ, թքել եմ քո՛ էլ, փողիդ էլ վրայ...»:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -68-
Տարիներ առաջ լուսահոգի Մեղրիկ Սրբազանին մօտ եկաւ երիտասարդ կին մը եւ ուզեց խօսիլ սրբազան հօր հետ: Սրբազան հայրը դուրս հրաւիրեց սենեակին մէջ գտնուողները եւ մնացինք երեքով:
Երիտասարդ կինը սկսաւ խօսիլ. «Կը ցաւիմ տեսնելով որ երեք զաւակներս տունն են, մինչ իրենց տարիքակիցները դպրոց կ՚երթան: Տարուան կրթաթոշակը վճարել չկարենալուս պատճառով չձգեցին որպէսզի քննութիւններու մասնակցին եւ բոլորին առջեւ տուն ղրկեցին»:
Սրբազանը պահ մը չուզեց հաւատալ, որ այս նուաստ արարքը ընողը հայկական վարժարան մըն է... սակայն ճշմարտութիւնը այդ էր. դպրոցի տնօրէնութիւնը նիւթականն ու գումարը աւելի կարեւորելով նախընտրած էին երեք հայ եղբայրներ հեռու պահել կրթութենէ եւ ուսումէ:
Վստահ եղէք, երեք եղբայրները միակը չէին... ընտանիք մը իր երկու զաւակները արաբական դպրոց նախըտրած էր ղրկել՝ համեմատաբար աւելի աժան ու գրեթէ անվճար ըլլալուն պատճառով. հայ զոյգ մը ստիպուած որոշած էր արաբական եկեղեցւոյ մէջ պսակուիլ՝ ազգային տուրքի եւ եկեղեցական արարողութեան համար պահանջուած գումարը չունենալնուն պատճառով:
Ի՞նչ պիտի ըլլայ այս բոլորին վերջը...:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ