ԱՄՈՒՍՆԱԿԱՆ ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Մի քանի օրեր առաջ ամուսնացած եւ զաւակի տէր կին մը մտահոգուած հարց տուաւ. «Եթէ ամուսնոյս դաւաճանեմ դժոխք կ՚երթա՞մ...». ըսի չեմ գիտեր, բայց եթէ այդպէս ըլլայ վստահ եղիր աշխարհին կէսը պէտք որ հո՛ն ըլլայ անպայմանօրէն:
Եկեղեցական եղած ժամանակ ցաւ ի սիրտ խոստովանութեան եկողներուն մեծամասնութեան հասարակաց գիծն էր դաւաճանութիւնը, որ անպայմանօրէն երկուութիւն մը կը ստեղծէ ոմանց միջեւ, որովհետեւ ոմանք ո՛չ կ՚ուզեն մոռնալ իրենց նոր սիրածները եւ ո՛չ ալ կ՚ուզեն իյնալ մեղքի այդ «ամօթ»ին մէջ, ստեղծելով ուզել-չուզելու անլուծելի հանելուկ մը: Կամայ թէ ակամայ բազմիցս լսած ենք ինքնարդարացման բացատրութիւններ, որոնք փորձած են առողջ երեւոյթ տալ դաւաճանութեան մթնոլորտին:
Ցաւ ի սիրտ, ճշմարտութիւն է, որ դաւաճանողներու մեծամասնութիւնը ամուսնացած զոյգեր են՝ քան նշանուածներ եւ կամ ընկեր-ընկերուհիի ժամանակաշրջանին մէջ գտնուողներ, որովհետեւ ամբողջութեամբ իրարմէ տարբեր շրջաններ են ամուսնացած, նշանուած եւ սիրահարութեան մէջ գտնուող շրջանները:
Յաճախ մեր երիտասարդները ամուսնութիւնը դիւրին ու հարթ ընթացք մը կը կարծեն՝ պայմանաւորուած այդ որոշ ժամանակաշրջանի մը զգացումներուն ու ապրումներուն վրայ, մոռնալով որ ամուսնական կեանքը այսօրուընէ աւելի վաղուանն է եւ կեանքի ներդրում մըն է՝ շատ անգամ ցմահ ազդող: Պէտք է հասկնալ որ 20-21 տարեկան հասակին ամուսնացող զոյգեր որոշ տարիներ ետք պիտի փոխեն իրենց մտածելակերպն ու ապրելակերպը եւ փոքր տարիքին եղած ապրումները այնքան ալ իմաստ ու արժէք պիտի չունենան: Կեանքի եւ ապրելակերպի փոփոխութեան հետ միասին անոնց մօտ պիտի փոխուին նաեւ սպասումներն ու ակնկալիքները՝ ինչ որ ամէն անգամ չէ որ կը համընկնի եւ 20-21 տարեկանին իրարու հետ կեանք մը ապրիլ դրախտային նկատող զոյգեր կը սկսին այդ մէկը որպէս տանջանք տանիլ եւ տաժանակիր այդ կեանքէն դուրս գալու համար մարդիկ կը սկսին փնտռել այլ «տարբերակներ»՝ որոնք պիտի համապատասխանեն իրենց փնռածին եւ ուզածին:
Այս է պատճառը, որ դաւաճանող զոյգերը մի՛շտ կը փորձեն առաջ քաշել երեւոյթներ՝ որոնք կը պակսին իրենց կողակիցին մօտ: Շատեր այս մատնանշուած «բացթողում»ներուն համար հարց կու տան, թէ նախքան պասակուիլը նկատած չէ՞ր այդ բոլորը. պատասխանը յաճախ «ոչ» կ՚ըլլայ, սակայն խնդիրը նկատելն ու չնկատելը չէ, որովհետեւ այդ բոլորը մի՛շտ ալ եղած են, պարզապէս իրենց մտածելակերպն ու երեւոյթները ըմբռնելու եւ վերլուծելու ձեւերը փոխուած են բնականաբար:
Դաւաճանութեան ամօթէն տառապողներէն շատեր որպէս արդարացում հետեւեալ պատճառաբանութիւնը կ՚ունենան. «Ո՞վ ըսաւ ինք չի դաւաճաներ», «Աստուած գիտէ ինք ինչեր կ՚ընէ», իսկ միւս կողակիցին դաւաճանութենէն վստահներ ալ «Ինք չդաւաճանէր, ես չէի դաւաճաներ» ինքնարդարացումը կը գնտնեն:
Աշխարհի մէջ յաճախ վէճի նիւթ եղած է դաւաճանութեան մէջ իգական սեռին եւ արական սեռին մեղաւորութեան առաւելութեան նիւթը. իգական սեռի ներկայացուցիչներ մեղադրած են տղաքը՝ զեխութեան հանդէպ ունեցած իրենց սիրոյն համար, մինչ տղաք մեղադրած են իգական սեռի ներկայացուցիչները. բնական է որ սեռային կեանքն ու կիրքը իգական եւ արական չի ճանչնար, որովհետեւ մարդկայնօրէն այդ մէկը հաւասարապէս տրուած է երկուքին. դարը փոխուած է եւ կարելի չէ այդ մէկը արականին համար ազատութիւն, մինչ իգականին համար ամօթ ու անպատուութիւն նկատել, որովհետեւ մարդկայնօրէն անոնք հաւասար են իրարու, սակայն ունիմ այն համոզումը, որ դաւաճանութիւններու դրդապատճառները կիներ իրենք են, որովհետեւ տղամարդը աւելի տկար ու իր կիրքերուն անձնատուր եղող էակ մըն է:
Կին մը եթէ առիթ չստեղծէ, դժուար թէ տղամարդ մը համարձակի մօտենալ, նոյնիսկ եթէ մօտենայ՝ ժամանակ մը ետք յուսախաբ կը հեռանայ: Աւելի փաստացի ըլլալու համար հետեւեալ օրինակները բերեմ. մեր եկեղեցական եղբայրներուն հետ բազմիցս պատահած է, որ խոստովանելու համար մօտենան կիներ եւ խոստովանանքի կողքին ունենան յետին միտքեր: Անոնցմէ շատեր կու գան խոստովանանքի գայթակղեցուցիչ հագուստներով, կը խօսին նազերով, իսկ շատ անգամ բացէ ի բաց պահանջներ կ՚ունենան. նման պարագայի մը եկեղեցականի կողմէ գայթակղութիւնը կը մեղադրուի եւ կը դատապարտուի՝ առանց նկատի առնուելու իգական սեռի ներկայացուցիչին դրսեւորումները՝ մոռնալով որ եկեղեցականը ի՛նք եւս ոսկոր ու միս է եւ մարդ է վերջապէս:
Ցաւ ի սիրտ, վստահ ենք, որ աշխարհի մէջ երբեք ալ վերջ պիտի չունենայ դաւաճանութիւնը, որովհետեւ ներկայ դարը յաւելեալ առիթներ ու միջոցներ կը ստեղծէ այդ մէկը կատարելու. այսօր բազմաթիւ են այն զոյգերը, որոնք իրենց կեանքի գնով կը փորձեն գաղտնի պահել իրենց հեռախօսներն ու նամակագրութիւնները. շատ մը տուներու մէջ ամուսինը կնոջ, իսկ կինը ամուսնոյն անձնական կեանքի խառնուելու իրաւունք չ՚ունենար, որովհետեւ իրենց իրական կեան-քին կողքին ունին ուրիշ աշխարհ մը՝ կեղծ ու երեւակայական, որ կը փորձեն միատեղել իրենց իսկական կեանքին հետ:
Մեր դաւաճանող զոյգերը կ՚անգիտանան, որ իրենց ընտանիքի կողքին կրնան վնաս պատճառել նաեւ իրենց զաւակներուն եւ Լիբանանի մէջ հայ աշակերտ մը մեծագոյն փաստը եղաւ այդ բոլորին. իր դասերուն մէջ գերազանց եղող աղջնակ մը յանկարծ սկսաւ իր դասերուն մէջ չյառաջդիմել եւ լաւ արդիւնքներ ձեռք չձգել: Դպրոցին ամենէն աշխատասէրը եղող աղջնակը յանկարծ դարձաւ ամենէն անուշադիրը: Դպրոցի հոգեբանը զանազան հանդիպումներու ճամբով յայտնաբերեց, թէ աղջնակը իր հայրը տեսած է այլ կնոջ մը հետ՝ ձեռք ձեռքի բռնած եւ համբուրուելու պահուն, ինչ որ ամբողջութեամբ խորտակած էր աղջան մէջ իր հօր հանդէպ ունեցած իր զգացումներն ու մտածումները եւ ուշիմ աղջիկը առաջնորդած՝ հոգեկան տագնապներու:
Այս բոլորը նկատի ունենալով մեր նոր սերունդին կը դիմենք հին աւանդական խօսքով մը... հազար չափէ՝ մէկ կտրէ:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -69-
Եկեղեցական եղած ժամանակ ամուսնացած տիկին մը՝ որ ըստ երեւոյթին ընտանեկան խնդիրներ ունէր եւ ուրախ չէր իր կեանքէն, սկսաւ հետս խօսակցիլ: Սկսաւ զանգել եւ խօսիլ իր խնդիրներուն եւ հարցերուն մասին, ինչ որ սիրով լսեցի: Ժամանակ մը ետք անգիտակցաբար ես ինձ զգացի սիրահարի կացութեան մէջ. տիկինը կը զանգէ այն ժամանակ՝ երբ ամուսինը տունը չէ. երբ յանկարծ ամուսինը տուն գայ կը գոցէ զանգը:
Այս բոլորը մտածել տուին հետեւեալին մասին. տիկինը անբարոյակա՞ն էր... թէ ոչ իր ունեցած հարցերն էին որ զինք հասցուցած էին այդտեղ:
Բարեբախտաբար պատասխանը չուշացաւ. իր խնդիրները վերջ գտան եւ անգամ մըն ալ չզանգեց:
Այս մէկը ցոյց կու տայ, որ ամէն դաւաճանող պայման չէ անբարոյական մը ըլլայ. շատ անգամ կեանքի այս կամ այն դժուարութիւնը շրջանցելու եւ ինքզինք մոռնալու համար մարդ կը դիմէ նման քայլերու:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ