ԲԺԻՇԿԸ ԵՐԲ ՀՈԳԵՒՈՐ Է…

Իրական դէպքէ մը առնուած է պատմուածը։

Ֆրանսացի ազնուական մը Լոնտոն կ՚երթայ մասնագէտ բժիշկ Dr. Forbes Winslow-ը տեսնելու։ Բժիշկը կը հարցնէ իրեն, թէ ի՞նչ է զինք անհանգիստ ընողը. ի՞նչ բանէ է որ կը գանգատի։ Ազնուականը կը պատասխանէ.- Խելքս կորսնցնելու վրայ եմ…։ Բժիշկը դարձեալ կը հարցնէ, թէ մասնաւոր սրտնեղութիւն մը ունի՞։ Եւ հիւանդը կը պատասխանէ որ մասնաւոր բան մը չի յիշեր։

Ազգական մը, մերձաւոր մը կամ հարազատ մը կորսնցուցա՞ծ էր վերջերս։ Ո՛չ։

Որեւէ նիւթական կորուստի մատնուա՞ծ էր։ Ո՛չ։

Ասոր վրայ, «Առանց պատճառի արդիւնք չ՚ըլլար», կ՚ըսէ բժիշկը, եւ կը շարունակէ. «Բան մը պէտք է քեզ անհանգիստ ընէ. անպայման պատճառ մը կա՛յ»։

Ազնուականը պահ մը լուռ կը մնայ, կը խորհի, ապա կը պատասխանէ. «Տոքթոր, մեծ հայրս անհաւատ էր, հայրս անհաւատ էր, ընտանեկան այդ աւանդութիւնը շարունակելու համար՝ ես ալ անհաւատութիւնը որդեգրեցի», եւ պահ մը եւս լռութիւն պահելով կը շարունակէ. «Սակայն, վերջերս, չեմ գիտեր ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, հարցում մը զիս կը վրդովէ, մտատանջութիւն կը պատճառէ եւ կ՚անհանգստացնէ զիս.- Յաւիտենականութիւնը ո՞ւր պիտի անցընես։ Այս է հարցումը ահաւասիկ որ կը տանջէ միտքս, ինչ որ ալ ընեմ այս հարցումէն չեմ կրնար ազատուիլ»։

Բարեբախտաբար բժիշկը հաւատաւոր եւ հոգեւոր էր…

Գրասեղանին վրայէն Սուրբ Գիրքը վերցուց եւ կարդաց Եսայի մարգարէի Գիրքին 53-րդ գլխուն 5-րդ համարը. «Բայց Անիկա մեր մեղքերուն համար չարչարուեցաւ, մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ եւ վիրաւորուեցաւ, մեր խաղաղութեան պատիժը Անոր վրայ եղաւ, եւ Անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք». (ԵՍ. ԾԳ 5)։

«Ազնիւ Տոքթոր», կ՚ըսէ ազնուականը, որ ինքզինք հիւանդ կը զգար, «դուն մտաւորական մըն ես. այդ կարդացածներուդ կը հաւատա՞ս»։

«Այո՛, կը հաւատա՛մ», պատասխանեց բժիշկը եւ շարունակելով. «ժամանակ մը ես ալ քեզի նման անհաւատ էի. ես ալ անհանգիստ կ՚ըլլայի, բայց տեսայ որ անհաւատութիւնը հիմ չունի, եւ Աստուծոյ գոյութեան եւ Քրիստոսի փրկագործութեան հաւատացի, եւ հարցը արդէն ինքնին լուծուեցաւ»։

Սուրբ Հոգին համոզեց ազնուականը, վրայէն նետեց անհաւատութեան ծանր եւ անհանգստութիւն պատճառող բեռը. ընդունեց Քրիստոսի ճշմարտութիւնը, ընդունեց Քրիստոսը իբրեւ իր անձնական Փրկիչը, եւ գիշերը հազիւ միայն մէկ ժամ քնացող մարդը՝ սկսաւ ամբողջ գիշեր անուշ քուն մը քաշել։

Հիմա, ազնուականը գիտէր թէ «յաւիտենականութիւն»ը ո՞ւր պիտի անցընէ…։

Եւ դո՛ւք, իմ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, դուք ո՞ւր անցընել կը խորհիք յաւիտենականութիւնը։

Յաճախ կը կրկնուի այս սիւնակին մէջ, թէ՝ ամէն մտաւորական հոգեւորական է նաեւ, եւ ինչպէս, ամէն հոգեւորական՝ մտաւորակա՛ն։

Վերոյիշեալ իրական դէպքին՝ եթէ բժիշկը չըլլար նաեւ «հոգեւորական», կամ հաւատաւոր, ազնուական «հիւանդ»ը պիտի բժշկուէ՞ր այդքան արագ։ Այո՛, պիտի բժշկուէր անշուշտ փորձառու բժիշկի մը միջամտութեամբ, պիտի դարմանուէր բժիշկին վարպետ թելադրութիւններովը, եւ թերեւս դեղերով…։

Բայց արդար ըլլանք. բժիշկին հմտութիւնը, ո՞ւրկէ է. հապա դեղերուն բնո՞յթը։ Ամէն բարիք կու գայ Աստուծմէ, քանի որ ամէն բանի, ամէն արդիւնքի նախապատճառը եւ աղբիւրը Ա՛ն է։

«Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ թէ Աստուած չկայ»։ Վոլթէր ի՞նչ կ՚ըսէ։ Կ՚ըսէ որ ԵԹԷ Աստուած գոյութիւն չունենար, մարդիկ աստուած մը պիտի ստեղծէին։ Այս անհաւատութի՞ւն է, թէ ոչ հաստատ հաւատքի մը արտայայտութիւնը։ Ուստի մարդ կոչուած է փնտռելու իր Արարիչը՝ Աստուածը։ Պարզ եւ տրամաբանական չէ՞ ասիկա, քանի որ առանց պատճառի արդիւնք չ՚ըլլար, ինչ որ գիտութիւնն ալ աս կ՚ըսէ…։ Մենք, մարդիկ գոյութիւն ունինք, որովհետեւ Ստեղծող մը ունինք, եւ Ան մեզ ստեղծեց ոչինչէն։ Ինչո՞ւ տարակուսիլ, ինչո՞ւ երկմտիլ, ինչո՞ւ չհաւատալ, քանի որ անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է՝ որ առանց պատճառի արդիւնք չ՚ըլլար, եւ մեր պատճառն ալ յայտնի է՝ մեր Արարիչը՝ Աստուա՛ծ։ Եւ այս պարագային, բանաւոր մարդուն համար աւելի դժուար է չհաւատալ, քան հաւատալ։ Արդարեւ հաւատքը փաստի պէտք չունի, քանի որ «կենդանի վկայութիւն»ը արդէն բացայայտօրէն կ՚ապացուցանէ Աստուծոյ գոյութիւնը։ Ուրեմն, երբ մէկու մը համար ըսենք, թէ անաստուած է, պէտք է գիտնանք, որ տեղ մը սխալ մը կայ։ Ողջախոհ, տրամաբանող մարդը կարելի չէ որ չհաւատայ, անաստուած ըլլայ։

«Քանզի աներեւոյթ բաները աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներով կ՚իմացուին, կը տեսնուին, այսինքն է Իր մշտնջենաւոր զօրութիւնը եւ աստուածութիւնը, որպէսզի անպատասխան մնան» (ՀՌՈՄ. Ա 20)։

Ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, տրամաբանական պատճառ մը կամ արգելք մը կա՞յ չհաւատալու համար։ Ահաւասիկ ճշմարտութի՛ւնը, եւ ինչո՞ւ սուտը կամ սխալը…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 28 2022, Իսթանպուլ 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2022