ՆԵՐԷ՛ ԶԻՍ ԱՐՑԱԽ

Այլեւս տասներկու կցկտուր տարիներ կ՚ապրիմ քեզմէ հեռու: Իմ հոգիէն զիս կը բաժնէ ընդամէնը 360 քիլօմեթր: Այդ ճամբան ինծի ծանօթ է, բազմիցս հատած եմ, սրտատրոփ հասած իմ սրտի զարկերուն, փարուած ինքզինքիս ու ետ վերադարձած: Այդ երկար ու ձիգ, ոլորապտոյտ, այսօր այլեւս վտանգաւոր, սակայն դէպի տուն տանող խիստ բաղձալի ճամբան կրնամ ոտքով, գոց աչքերով ալ անցնիլ, սակայն կը յապաղիմ:

Ինքնակամ ընտրած եմ տխրութիւնը, վիշտն ու թախիծը: Իմ հոգին երբեք չի ժպտիր, չի ջերմանար: Մեղքի զգացումը ստուերի պէս կը հետապնդէ զիս: Կը գիտակցիմ, թէ անշնորհակալ ու երախտամոռ մըն եմ: Այո՛, ներքուստ համարձակութիւն գտած եմ բարձրաձայնելու իմ արատներու մասին, քանզի առանց հոգիի ապրիլը խրթին ու դժգոյն է: Գոյները յաճախ կը փախչին իմ կեանքէն, իրենց տեղը զիջելով մոխրագոյնի յիսուն երանգներուն: Երբեմն ալ զիս կը գտնեմ խաւարի ստորոտը:

Ներէ՛ զիս Արցախ:

Ներէ քեզ յաւուր պատշաճի չգնահատելու, ներէ ժամանակին լեռներէդ անդին կեանքի մասին երազելու համար: Ներէ քեզ լքելու, քեզմէ հեռու ապրելու համար: Թէկուզ հայկական հողին մէջ, սակայն այս արդարացում մը չէ, քանզի իմ սիրտը կը բաբախի միմիայն քու գրկին մէջ: Ես կատարեալ եմ, երբ քու գիրկդ եմ: Քեզմէ հեռացայ, սակայն իմ սիրտը, միտքն ու հոգին չկրցայ տեղափոխել: Խրոխտ սարերդ

շշնջացին. «Մարմինդ քեզի կը պատկանի՝ ա՛ռ եւ գնա՛, եթէ այդպէս որոշած ես, սակայն հոգիդ իմն է, չեմ տար: Գնա՛, չափէ աշխարհը, մենք այստեղ ենք ու միշտ կը սպասենք քեզի»:

Միթէ շահն ու բարեկեցիկ կեա՞նքը աւելի քաղցր ու անոյշ են, քան ներքին ներդաշնակութիւնը, հոգիի խաղաղութիւնը: Ինչո՞ւ ինքնակամ ընտրած եմ խարազանի ուղին: Չէ՞ որ քու գրկին մէջ ալ կրնամ ապրիլ բարեկեցիկ կեանքով՝ վայելելով զայն: Չէ, սարերուդ լանջերուն թառած թշնամին չէ, որ կը վախցնէ զիս, ամենեւին, պարզապէս տեսակ մը նախընտրած եմ իմ հոգիի հաշմանդամութիւնը:

Ներէ՛ զիս Արցախ:

Կրկին քեզ չընտրելու համար: Վերստին թուլակամ գտնուելու համար: Երկու օր առաջ մեր երդիքին տակ հիւրընկալեցինք Զաւէնի մտերիմ ընկերը՝ Տիգրանը: Հնգամեայ փոքրիկները շատ կը սիրեն միմեանց տուն այցելել գիշերակացով: Աշխատանքէն յոգնած տուն վերադարձայ եւ խոհանոցին մէջ կ՚ըմպէի իմ սիրելի թէյը: Յանկարծ զգացի խաղաղ հոգիներու փոթորկում. հիւրասենեակը հանգիստ կը խաղային: Տիգրանը անկեղծօրէն փորձեց բաւարարել իր հետաքրքրասիրութիւնը.

-Զաւէն, դուք ինչո՞ւ շատ կը սիրէք Արցախը,- հանգիստ հետաքրքրուեցաւ Տիգրան, ակնկալելով նոյնչափ հանգիստ ու սպառիչ պատասխան:

-Որովհետեւ Արցախը հիւանդ է,- փոթորկած ու վանկարկելով պատասխանեց Զաւէն:

-Հա, բայց ինչո՞ւ,- շարունակեց Տիգրան:

-Կ՚ըսեմ՝ Արցախը հիւանդ է, չե՞ս հասկնար,- ըսաւ ու Տիգրանի գլուխին զարկ մը հասցուց Զաւէնիկ:

-Զաւ, բայց Արցախը մարդ չէ, ինչպէ՞ս կրնայ հիւանդ ըլլալ,- նեղացած շարունակեց հետաքրքրուիլ Տիգրան:

Զաւէնը այլեւս ունակ չէր սթափ խորհելու. զայրոյթէն շիկացած էր, կը պոռար Տիգրանին:

Պահ մը իմ հոգին փառաւորուեցաւ ականատես ըլլալով, թէ ինչպէս իմ փոքրիկը կը պաշտպանէ իր հայրենիքը: Ան յաճախ կը ցուցադրէ իր սէրը Հայաստանի ու Արցախի նկատմամբ: Մշտապէս կը հետաքրքրուի ու բազմաթիւ հարցեր կու տայ: Տեսնելով, որ կռիւը կը թէժանայ, երկուքէն ալ խնդրեցի գալ իմ մօտ: Տիգրանին բացատրեցի, թէ ինչու Արցախը հիւանդ է: Երեխան հասկցաւ ու բաւարարուած իմ սպառիչ պատասխանով հեռացաւ:

Հող իմ հայրենի, գիտեմ որ հիւանդ ես, այլ ալ ծանր ու մահացու: Գիտեմ, որ կրնամ շուրթիդ ումպ մը ջուր մօտեցնել, սակայն կը յապաղիմ: Որոշած եմ օր մը վերադառնալ ու ապրիլ իմ հոգիի հետ ներդաշնակ, վերջապէս լիաթոք շնչել ու վայելել կեանքը: Արցախ իմ, դուն կեանք ես, քեզմէ հեռու ապրիլը շատ հեռու է կեանք կոչուելէ: Քեզմէ հեռու ես չեմ ապրիր, պարզապէս կը շնչեմ: Թէկուզ հայկական հողի մէջ, սակայն առանց քեզի, քեզմէ հեռու ամէն բան անգոյն է:

Կ՚աղաչեմ, ներէ՛ զիս Արցախ: Թէպէտ արժանի չեմ քու ողորմութեան:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2022