ԻՆՔԶԻՆՔ ՏԵՍՆԵԼ ՈՒՐԻՇԻՆ ՄԷՋ
«Ի՞նչ է բարեկամը. ան մէկ հոգի է, որ կ՚ապրի երկու մարմիններու մէջ»։
ԱՐԻՍՏՈՏԵԼ
Ողջախոհութեան առաքինութիւնը կը ծաղկի եւ կը բարգաւաճի բարեկամութեան մէջ։ Ան ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս պէտք է վարուիլ իր նմաններուն հետ իբր բարեկամ։ Ողջախոհութիւնը կ՚արտայայտուի մանաւանդ բարեկամութեան մէջ մերձաւորին հետ։ Անձերու միջեւ մշակուած բարեկամութիւնը հասարակաց բարիք մը կը հանդիսանայ։ Բարեկամութիւնը հոգեւոր հաղորդութիւն մը կ՚ենթադրէ։
Բարեկամութիւնը, սակայն, չ՚արդարացներ խօսքին երկդիմութիւնը։ Սուտը ամենամեծ թշնամին է բարեկամութեան։ Արդարեւ, սուտը կը կայանայ սխալ բան մը ըսելու մէջ՝ խաբելու դիտաւորութեամբ։ Սուտին մէջ ճշմարտութիւն գոյութիւն չունի, մինչդեռ բարեկամութեան հիմը ճշմարտախօսութիւն, անկեղծութիւն, յստակութիւն է, քանի որ բարեկամը մէկ հոգի է, որ կ՚ապրի երկու մարմնի մէջ։ Այս կը նշանակէ մտածումներու եւ զգացումներու հասարակութիւնը երկու անձի միջեւ։ Նաեւ՝ բաժնել եւ միասին գործի վերածել մտածումները եւ զգացումները։ Այս իմաստով ճշմարիտ բարեկամը այն է, որ մինչեւ իսկ կրնայ տալ իր կեանքը բարեկամին համար։
Երբ «բարեկամ», «բարեկամութիւն» կ՚ըսենք, ըստ էութեան, մարդուս ճշմարիտ բարեկամն է Քրիստոս, որ Իր կեանքը զոհեց մարդոց համար, եւ Հայր Աստուած, որ մարդոց փրկութեանը համար որպէս «զոհ» տուաւ Իր Որդին։
Աստուած բարեկամութեան տիպա՛րն է որ Իր բարեկամութիւնը յայտնեց մարդոց Իր միածին Որդին Յիսուս Քրիստոսի միջոցով։ Եւ մարդ հաւատքի ձեւով կը փոխադարձէ Աստուծոյ բարեկամութեան եւ կ՚ըլլայ Անոր բարեկա՛մ։ Արդարեւ, միակողմանի երեւոյթ մը չէ բարեկամութիւնը. մարդ «բարեկամ» է, երբ կայ «ուրիշ» մէկը, քանի որ մա՛րդ ինքն իր մէջ բարեկամ չի կրնար ըլլալ եւ պէտք է որ իր բարեկամական զգացումները արտայայտելու համար «ուրիշ» մը ըլլայ։ «Ես բարեկամ եմ» ըսել չի բաւեր, այլ պէտք է «բարեկամ ըլլա՛լ», այսինքն արտայայտել եւ գործադրել բարեկամութիւնը, ինչ որ կը կարօտի «ուրիշ» անձի մը գոյութեան։
Ինչպէս մարմնաւոր սնունդը կը ծառայէ սպառած ուժերը կազդուրելու, բարեկամութիւնն ալ առօրեայ կեանքին մէջ տկարանալու հակամէտ սէրը կը զօրացնէ, եւ այս սէրը կենսագործելով կը դարմանէ մարդուս հոգեկան վէրքերը։ Ճշմարիտ եւ անկեղծ բարեկամը ինքզինք տրամադրելով «ուրիշ»ին, անոր սէրը կը կենդանացնէ եւ կ՚արմատաւորէ սէրը անոր մէջ։ Այս իմաստով սիրոյ արտայայտութիւն մըն է բարեկամութիւնը, եւ գործակցելով անոր հետ մարդս կը տանի կատարելութեան։
Բարեկամի եւ բարեկամութեան բացակայութիւնը սիրոյ պակասի հետեւանքն է. սէրը եւ բարեկամութիւնը կը հաստատուին, կ՚աճին իրարու օգնութեամբ՝ սէրը բարեկամութիւնը կը զօրացնէ, բարեկամութիւնն ալ՝ սէրը։ Մարդ տկար է առանց բարեկամի եւ ոչի՛նչ է առանց սէր ունենալու։ Եւ սէրը բարեկամութեան միջոցով կենսատու ներուժի մը դերը կը կատարէ։
Արդարեւ, մարդ իր անհնազանդութեամբ կորսնցուց Աստուծոյ բարեկամութիւնը, բայց Ան չլքեց մարդը։ Ան մնաց միշտ բարեկամ, քանի որ Ան ճշմարիտ «Բարեկամ», տիպար բարեկամ է։ Ուստի բարեկամը ներող է, հանդուրժող եւ համբերո՛ղ։ Բայց բարեկամը միեւնոյն ժամանակ արդա՛ր է։ Արդար է՝ որովհետեւ բարեկամ է, բարեկամ է՝ որովհետեւ արդար է։
Աստուած իր Ամենազօրութիւնը մարդուս կը յայտնէ դարձի բերելով ամէն մէկը իր մեղքերէն եւ կը շնորհէ անոնց նոր կեանք վերհաստատելով, զանոնք Իր բարեկամութեան մէջ։ Աստուած կու տայ Իր ամենազօրութեանը գերագոյն ապացոյցը, երբ կը համբերէ, կը գթայ, կը ներէ եւ չի թողուր երբեք Իր բարեկամութիւնը։ Առանց հաւատալու, թէ Աստուած Ամենազօր է Իր սիրով եւ բարեկամութեամբ, ի՞նչպէս հաւատալ թէ Հայրը կրցաւ ստեղծել մարդը, Որդին՝ փրկել զայն, Սուրբ Հոգին՝ սրբացնել զայն։ Հետեւաբար ոչինչ աւելի ատակ է ամրացնելու մեր հաւատքը եւ մեր յոյսը, մեր սէրը եւ բարեկամութիւնը քան մեր հոգիներուն մէջ խորապէս դրոշմուած այն համոզումը, թէ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկա՛յ։
Աստուած ամենակարող է՝ ամենատես եւ ամենագէ՛տ։ Ասիկա կը նշանակէ որ մարդ պէտք է իր բարեկամութիւնը միշտ պահէ եւ երբեք չխզէ։ Թէ ինչպէ՞ս։ Կատարեալ հաւատքով՝ Անոր վստահելով, Անոր յուսալով եւ սիրելո՛վ։ Երբ մարդ կը հաւատայ, այդ պէտք է ըլլայ առանց երկմտութեամբ, առանց վարանելու, եւ այն ատեն է որ կը պահպանուի բարեկամութիւնը։ Բարեկամութիւնը իր մէջ կը բովանդակէ մտերմութիւնը։ Առանց մտերմութեան կարելի չէ որ ճշմարիտ բարեկամութիւն գոյութիւն ունենայ։ Իսկ մտերմութիւնը կ՚ենթադրէ անկեղծութի՛ւն։
Ահաւասի՛կ, Արիստոտելին խօսքով, բարեկամութիւնը երկու մարմինի մէջ մէկ հոգի կը նշանակէ. թողուլ եսասիրութիւնը, ինքնահաւանութիւնը, չըլլալ ինքնակեդրոն, գիտակցիլ թէ ո՛չ մէկը կեանքի եւ աշխարհի կեդրոնն է, ո՛չ մէկ բան իր շուրջը կը դառնայ, քանի որ «Ան որ կը սիրէ իր անձը, պիտի կորսնցնէ զայն»։
Բարեկամութիւնը աստուածային պարտաւորութիւն մըն է մարդուս տրուած, քանի որ ան կոչուած է իրերօգնութեան իր ստեղծումէն իսկ։ Մարդ պարտաւոր է օգնելու իր նմաններուն։ Եւ այս ցոյց կու տայ արդէն բարեկամութեան անհրաժեշտութիւնը եւ կարեւորութիւնը թէ՛ մարդկային յարաբերութիւններու մէջ եւ թէ՛ Աստուած եւ մարդ հաղորդակցութեան մէջ մանաւանդ։ Ուստի, մարդ Աստուծոյ հետ յարաբերելու ատեն կեղծպարիշտ վարմունք չ՚ունենար։ Մարդ Աստուծոյ հետ կը յարաբերի մտերմութեամբ՝ որպէս Հայր եւ որդի։ Ի՛նչ որ զաւակ մը պիտի մօտենար իր հօրը եւ սիրոյ կապով մը պիտի ուզէր այն ի՛նչ որ կը փափաքի։ Եւ նոյնը պէտք է ընէ հաւատացեալը երբ Աստուծոյ կը մօտենայ եւ կ՚աղօթէ։
Սկեպտիկ եւ նիւթապաշտ սա դարուն, որ մարդիկ իրար կապուած են շահու ակնկալութեան կապերով միայն ընդհանրապէս՝ ոմանք կրնան ծիծաղիլ այս գաղափարին վրայ։ Սակայն իրաւ հաւատացեալներ որպէս հաւատարիմ որդիներ միշտ վայելած են Հօր՝ Աստուծոյ բարիքները։
Արդարեւ, չի՛ բաւեր հարստութիւն դիզել, այլ պէտք է ունենալ խղճի խաղաղութիւն՝ ներքին խաղաղութիւն եւ հոգիի կատարեալ անդորրութիւն։ Չի բաւեր նաեւ շատ բան գիտնալ, պէտք է նաեւ ունենալ գիտութիւնը բաժնել ուրիշներու ամենայն յօժարութեամբ եւ մեծ հաճոյքով։ Եւ վերջապէս, չի՛ բաւեր միայն ի՛նք երջանիկ ըլլալ, այլ պէտք է աշխատիլ եւ կարելին ընել՝ որպէսզի ամէնքը երջանիկ ըլլան, քանի որ երբ ընկերութեան մը մէջ մէկ հոգի իսկ երջանիկ չէ, բոլոր ընկերութիւնը երջանիկ չ՚ըլլար։
Խաղաղութիւնն ալ նոյնն է՝ չի բաւեր միայն ներքին խաղաղութիւն ունենալ, այլ պէտք է խաղաղութիւնը տարածուի հոգիէ հոգի, քանի որ այն ժամանակ խաղաղութիւնը «կատարեալ խաղաղութի՛ւն» կ՚ըլլայ։
Եւ… չի՛ բաւեր դիրք, աստիճան, տիտղոսնե՜ր ունենալ, չի՛ բաւեր իշխանութիւն եւ իրաւասութիւն ունենալ, այլ պէտք է ծառայե՛լ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 6 2022, Իսթանպուլ