ՄԱՄՈՒԼ՝ ԱՌԱՆՑ ԸՆԹԵՐՑՈՂԻ
Վերջերս Լիբանանէն Հայաստան այցելութեան եկաւ մտաւորական-խմբագիր մը, որուն հետ հանդիպելու բախտաւորութիւնը ունեցայ։ Հազիւ հանդիպած այս եղաւ առաջին արտայայտութիւնը. «Եղբայր այս ի՞նչ յօդուածներ կը գրես «Ծիծիկներ» «Միծիկներ»։
Տարօրինակ է, որ աւելի քան երեք հարիւր յօդուածներու մէջ մտաւորականին, ինչպէս նաեւ այլոց միտքին մէջ դրոշմուած կը մնան նման վերնագիրներ, իսկ միւս «խելքը գլուխ»ը եղողները կը մոռցուին։ Հայոց լեզուի նահանջին, մեր կրթական ծրագիրի բացթողումներուն, իրերամերժութեան եւ օտարասիրութեան հետ աղերս ունեցող վերնագիր մը այնքան մարդոց միտքին մէջ պիտի չմնար ինչքան «Ծիծիկներ»ը, որ ցաւ ի սիրտ այսօր վերոյիշեալ նիւթերէն աւելի արժէք կը ներկայացնէ։
Յօդուածագիրներուս համար յօդուածի մը վերնագիրը յօդուածին բովանդակութեան չափ եւ աւելի արժէք ունի, որովհետեւ այդ մէկը մեր «խանութ»ներուն ցուցափեղկն է, որով կը յաջողինք ներս գրաւել ընթերցողը։ Այսօր յօդուածի մը կարդացուելուն չափանիշը անոր խորիմաստ ըլլալը, անսխալ մայրենիով մը գրուիլը չէ, որովհետեւ մերօրեայ մարդուն փնտռածը չէ այդ մէկը եւ չեմ զարմանար եթէ գիտնամ, որ «Ծիծիկներ» խորագրեալ յօդուածս եղած է ամենէն շատ կարդացուածը։
Այս բոլոր չափանիշները մեզի յաճախ մտածել կու տան, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կը գրենք։ Որպէս հրապարակախօսներ կը գրենք մեր ընկերային կեանքը յուզող հարցերու մասին, սակայն «Ծիծիկները» աւելի սիրելի կը դառնայ քան միւսները, որոնց պակասին պատճառով է որ նման մթնոլորտի մը մէջ կը գտնուինք։
Այս բոլորին լոյսին տակ գրչեղբայրներս պէտք է նկատի առնեն հետեւեալները։
Ա.- Վերնագիրը շա՜տ շա՜տ աւելի կարեւոր է այսօր քան բուն յօդուածը, որովհետեւ գրաւիչ վերնագիրով մը կրնաս ապուշութիւն գրել ու կարդացուիլ, քան խոր վերլուծութիւն մը ընել ու ընթերցող մը չունենալ։ Այս պատճառով է որ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի շատ մը լրատուական կազմակերպութիւններ կը դիմեն «խաբէութեան», հաղորդագրութեան մը վրայ դնելով հաղորդագրութեան հետ այնքան ալ կապ չունեցող վերնագիր մը, որ մարդը կ՚առաջնորդէ ընթերցանութեան։ Օրինակի համար, մեր ազգային կեանքը յուզող հարց մը փորձեցէք գրել «Պոլսոյ մէջ հայ պոռնիկ մը յայտնուեցաւ» խորագրով եւ տեսէք, թէ անոր ով ըլլալուն եւ ինչ ընելուն մասին ինչքան մարդ պիտի կարդայ ազգօգուտ ձեր յօդուածը, որովհետեւ ներկայ չափանիշները այդ կը պահանջեն։
Բ.- Փորձեցէք սխալ գրել։ Եթէ կ՚ուզէք գիտնալ, թէ ով են ձեր ընթերցողները, փորձեցէք քերականական եւ ուղղագրական սխալներով գրել ձեր յօդուածը, որովհետեւ 300 անսխալ յօդուածի համար գնահատական ոչ մէկ խօսք ըսող ընթերցողը 301-րդ յօդուածին մէջ սպրդած սխալին համար բարձրաձայն կ՚աղաղակէ եւ առիթ բաց չի ձգեր այդ մէկը աչքդ մտցնելու համար։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի էջերուն մէջ աւելի քան 340-350 յօդուած գրելէ ետք երբեք դրական արձագանգ չունեցող ընթերցող մը ախորժակով երկտող մը ղրկած էր, յայտնելով որ յօդուածի մը 23-րդ տողին մէջ սխալ մը վրիպած էր։
Գ.- Նկարը կարեւորեցէ՛ք։ Ցաւ ի սիրտ, այնպէս ինչպէս վերնագիրը, նոյնպէս նկարը աւելի ազդեցութիւն ունի քան բուն իսկ գրութիւնը, որովհետեւ ունինք յօդուածները նկարներու ճամբով հասկնալ փորձող խումբ մը։
Յաճախ մարդիկ կը հարցնեն. «ինչո՞ւ կը գրէք», «ո՞վ կը կարդայ»։ Բարեբախտաբար տակաւին ընթերցողներու որոշ խումբ մը գոյութիւն ունի՝ թէեւ տարեց, սակայն յետո՞յ։ Այնպէս ինչպէս եկեղեցւոյ, նոյնպէս ալ մամուլի հաւատարիմներուն թիւը կը նուազի եւ ոչ ուշ ժամանակէն մենք ալ պիտի ունենանք մամուլի՛ եկեղեցին՝ առանց հաւատացեալի, ուր պիտի բարեբանուի լեզուն՝ լուռ ու միայնակ։
Այս բոլորը վերջ պիտի գտնեն ա՛յն ժամանակ միայն, երբ մարդիկ սկսին հասկնալ, որ մեզ յուզող հարցերը «ծիծիկներ»էն շա՜տ շատ աւելի կարեւոր ու առաջնահերթ են։
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -74-
Յաճախ երբ հարցուի որո՞ւ համար կը գրէք, կու տամ հետեւեալ պատասխանը. Թերթի աշխատողներէն Վարանթ Քորթմոսեան ու ես մինչեւ օրս սէրը ունինք կարդալու 1800-ականներուն հրատարակուած հայերէն թերթերը, ուր որ կարելի է անսպառ հարստութիւն մը գտնել։
Յաճախ կը յուսանք, որ նման «խենթ»եր յայտնուին տասնամեակներ վերջ ու գուցէ երանի մը տան, որովհետեւ իրենց ժամանակաշրջանը շատ աւելի ահաւոր պիտի ըլլայ քան հիմա…։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ