ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ 200 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ՎԱՐԿ ԿԸ ՏՐԱՄԱԴՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ
Ռուսաստան 200 միլիոն տոլար պետական արտածման վարկ պիտի տրամադրէ Հայաստանին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նիստին ընթացքին երեսփոխանները քննարկեցին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի կառավարութիւններուն միջեւ Յունիսի 26-ին Երեւանի մէջ ստորագրուած համապատասխան համաձայնագիրը։ Այս փաստաթուղթը երեսփոխաններու քննարկման ներկայացուեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Արա Նազարեանի կողմէ։ Այս առթիւ ան ընդգծեց, որ այս փաստաթուղթով կը նախատեսուի ռուսական կողմի 200 միլիոն ամերիկեան տոլար քանակութեամբ պետական արտածման վարկ տրամադրելը հայկական կողմին։ Այս գումարը պիտի օգտագործուի ռուսական արտադրութեան ռազմական նշանակութեամբ արտադրութիւններու մատակարարումներու գանձատրման համար։ Պատգամաւորներուն կողմէ քննարկուած այս համաձայնագիրը յանձնաժողովի դրական եզրակացութեամբ պիտի ներկայացուի խորհրդարանի վաւերացման։
Միւս կողմէ, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի վարչապետներուն՝ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Տիմիթրի Մետվետեւի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը։ Հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ կատարուած այս տեսակցութեան ընթացին երկու վարչապետները քննարկեցին հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգային արդի հարցերը։