ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԼՈՆՏՈՆ
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան յառաջիկայ շաբթուան մէջ պիտի այցելէ Լոնտոն եւ ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ Անգլիոյ Միջազգային յարաբերութիւններու արքունի կաճառին մէջ։ Պաշտօնական հրաւէրով ան պիտի խօսի Chatam House-ի երդիքին տակ, ինչ որ զայրոյթ յառաջացուցած է Պաքուի մօտ։ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը այս կապակցութեամբ բողոքի նամակ մը յղած է Անգլիոյ։ Պաքուի մօտ Անգլիոյ դեսպան Իրֆան Սիտտինկ նախընթաց օր հրաւիրուած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Այս առթիւ Փոխ-նախարար Խալաֆ Խալաֆով դեսպանին ներկայացուցած է իր կառավարութեան բողոքի նամակը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի՝ Անգլիա հրաւիրման կապակցութեամբ, ինչ որ դարձած է դիւանագիտական դէպք մը։