ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Կը շարունակենք Առակաց 6-րդ գլուխի 16-19 համարներուն բացատրութիւնը:
• Չարութիւն ընելու համար շուտ վազող ոտքեր. մարդ երբ սատանային որոգայթներուն մէջ յայտնուի, երբ այլեւս ինքնատիրապետութենէ զրկուի եւ ինքզինք սատանային եւ անոր արբանեակներուն գործիք դարձնէ, ապա ամէն ինչ կարելի է սպասել այդպիսիէն, եւ այդպիսիին համար չարութիւն գործելը ջուրի եւ օդի նման անհրաժեշտութիւն կը դառնան:
Պահ մը ուշադրութեամբ քննենք մեր ապրած ընկերութիւնը, մեր անմիջական շրջապատը, մեր գործատեղին, եւ պիտի նկատենք, որ մարդիկ կան, որոնք իրենց գործը ձգած, կը զբաղին միայն իրենց պաշտօնակիցներուն, իրենց դրացիներուն, իրենց ընկերներուն սխալներով յառաջ երթալու, այսինքն՝ բարձր դիրքեր ապահովելու, այդպիսիները, արդարեւ, Առակագիրին ըսածին համաձայն չարութիւն ընելու համար շուտ վազող ոտքեր ունին, որ փոխանակ այդ ոտքերը լաւ, բարի ու դրական գործերու օգտագործելու, ընդհակառակը զանոնք կ՚օգտագործեն չարութեան համար:
Այսօրուան ընկերութեան մէջ ինչքա՜ն մեծ է թիւը անոնց, որոնք պատրաստ են չարիք գործելու, քան՝ բարիք, ինչքա՜ն մեծ է թիւը անոնց, որոնք անմիջապէս չարութիւն գործելու համար կը նետուին ամէն տեսակի վտանգներու մէջ, միայն թէ իրենց եսին բաւարարութիւն պատճառեն, իսկ եսը երբ ինքնատիրապետութիւնը կորսնցուցած է, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ սատանային ձեռքին խաղալիք մը:
Եսայի մարգարէն այսպէս կ՚ըսէ. «Անոնց ոտքերը չարութեան կը վազեն ու անմեղ արիւն թափելու կ՚արտորան: Անոնց խորհուրդները անօրէնութեան խորհուրդներ են, անոնց ճամբաներուն մէջ կործանում ու կոտորած կայ: Խաղաղութեան ճամբան չեն ճանչնար եւ անոնց ընթացքին մէջ արդարութիւն չկայ: Իրենց շաւիղները խոտորցուցին. բոլոր անոնք, որ անոնց միջեւ կը քալեն՝ խաղաղութիւն չունին» (Ես 59.7-8): Տեսէ՛ք, Մարգարէն եւս չարութեան վազող ոտքեր, անմեղ արիւն թափող ձեռքեր, անօրէնութեան խորհուրդներ նկարագրութիւնը կու տայ, ինչ բանը ըրաւ Առակագիրը: Ասկէ, կրնանք ըսել, թէ այս վեց բաները՝ որոնցմէ Տէրը կը զզուի եւ պիղծ են, մէկը միւսին հետ առընչութիւն ունի, այսինքն՝ մարդ եթէ այս թուարկուածներէն մէկուն մէջ յայտնուի, աստիճանաբար միւսներն ալ ձեռք կը ձգէ եւ իր վիճակը օր օրի կը ծանրանայ եւ կը խրուի մեղքի կեանքին մէջ:
Մարդը իր բնութեամբ բարի ստեղծուած է եւ ընդունակ է բարի գործեր կատարելու, սակայն իր ազատ կամեցողութեան պատճառով չարը ընտրելով, այլ խօսքով՝ բարին բացակայեցնելով իր կեանքէն, այսինքն՝ ուրանալով, մերժելով բարիին ներկայութիւնը, իր մէջ տեղ կու տայ չարին եւ բարի գործեր կատարելու փոխարէն, միայն չարիք կը գործէ: Արդարեւ, չարը, չարիքը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ բարիին բացակայութիւնը, բարիի ներկայութեան խամրումը կեանքէն ներս: Այս մասին կ՚արժէ կարդալ Սուրբ Գրիգոր Նիւսացիին տուած բացատրութիւնները չարի մասին: Նիւսացին կը գրէ.
«Ներսէն է որ չարը ծնունդ կ՚առնէ։ Ազատ ընտրութիւնն է, որ անոր ամէն անգամ ուժ կու տայ, երբ մարդու հոգին բարիէն կը հեռանայ։ Արդ, ինչպէս որ մարդուն տեսողութիւնը արդիւնքն է անոր բնական մէկ յատկութեան՝ աշխատանքին, իսկ կուրութիւնը՝ այդ աշխատանքին բացակայութեան, նոյն ձեւով ալ հակադրութիւն գոյութիւն ունի առաքինութեան եւ բարոյական արատին միջեւ, որովհետեւ կարելի չէ չարի ծագումին ուրիշ պատճառ ըմբռնել, քան՝ առաքինութեան բացակայութիւնը։ Որ չափով որ լոյսը կ՚անհետանայ, նոյն չափով խաւարը կը մեծնայ, մինչ լոյսի ներկայութեան ան գոյութիւն չունի։ Նոյնպէս, այնքան ատեն որ բարին մեր բնութեան մէջ ներկայ է, չարը գոյութիւն չունի։ Բարիի հեռացումն է, որ իր հակառակին ծնունդ կու տայ։ Ուստի, որովհետեւ ազատութեան յատուկ յատկանիշը իր փափաքածներու առարկան ազատօրէն ընտրելն է, Աստուած պատասխանատու չէ այն չարիքներուն, որոնցմէ այսօր դուք կը տառապիք, Ան, որ ձեր ինքնիշխան եւ ազատ բնութիւնը ստեղծած է, այլ՝ ձեր անխոհեմութիւնն է, որ վատագոյնը ընտրած է լաւագոյնին փոխարէն». եւ՝ «ամէն չար բան կը բնորոշուի բարիին բացակայութեամբ։ Չարը սեփական գոյութիւն չունի եւ զայն որպէս իրականութիւն չենք կրնար նկատել։ Արդարեւ, ո՛չ մէկ չար բան գոյութիւն ունի ազատ կամքէն դուրս, այլ՝ ան իր անունը կը ստանայ բարիին բացակայութենէն։ Արդ, ինչ որ չկայ, չունի իրականութիւն, եւ ինչ որ իրականութիւն չունի, Անոր գործը չէ, որ իրականութիւնը ստեղծած է»:
• Ստութիւն խօսող անիրաւ վկայ. Մովսէսին տուած տասը պատուիրաններուն մէջ Տէր Աստուած այսպէս կը թելադրէր ու կը թելադրէ մինչեւ այսօր. «Քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ» (Ելք 20.16):
Պետրոս Շանշեանց իր «Ուսումն Պարտուց» գիրքին մէջ, մէկ առ մէկ կը բացատրէ Տասնաբանեայ պատուիրանները: Իններորդ պատուիրանը՝ «քու դրացիիդ դէմ սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ» մեկնած ժամանակ, այսպէս կը գրէ.
«ԱՅՍ պատուիրանը կ՚արգիլէ ընկերոջ կամ հասարակութեան վնաս հասցնել, կը զգուշացնէ դատաւորին առջեւ ճշմարտութեան դէմ չվկայել, յանցաւորը չպաշտպանել եւ անմեղը դատապարտել: Սուրբ Գիրքին մէջ սուտ վկայութեան մասին, մի քանի օրինակներ կան, ինչպէս են Սուրբ Ստեփանոսի նահատակութեան եւ Քրիստոսի չարչարանքներուն ժամանակի սուտ վկաները. «Մինչ այդ, աւագ քահանաները եւ ամբողջ Ատեանը կը ջանային Յիսուսի դէմ սուտ վկայութիւն գտնել, որպէսզի զայն սպաննեն։ Բայց չգտան, հակառակ անոր որ շատ մը սուտ վկաներ ալ եկան» (Մտ 26.59-60): Ով որ սուտ վկայութեամբ յանցաւորը կ՚արդարացնէ, ան պատասխանատու է ամէն տեսակի չարիքներուն համար, որ հասարակութիւնը կը կրէ՝ յանցաւորին անպատիժ մնալուն պատճառով, որով ընկերութեան կարգը կը խախտուի, երբ անմեղը կը դատապարտուի եւ մեղաւորը ազատ կ՚արձակուի: Սուտ վկաները ոտնակոխ կ՚ընեն այն մեծ նպատակը, որուն մարդկային արդարութիւնը կը փափաքի հասնիլ: Այս յանցանքը միշտ ծանր է, որովհետեւ երդմնազանցութեան հետ առընչուած է: Ամէն ժամանակ եւ բոլոր ազգերուն մէջ սուտ վկաները միշտ անարժան համարուած են եւ պատիժով ալ դատապարտուած. «Դատաւորները աղէկ մը պէտք է քննեն եւ եթէ այդ վկային սուտ վկայութիւն ըրած ըլլալը հաստատուի, այն ատեն, ինչպէս անիկա իր եղբօրը ընել խորհեցաւ, նոյնը ըրէք իրեն, այս ձեւով չարութիւնը ձեր մէջէն վերցուցէք» (Բ.Օր 19.18-19): Սուտ վկայութիւնը, սովորական խօսակցութեան մէջ, բամբասանք կ՚անուանուի, որ ընկերոջ վրայ վնասակար բաներ խօսիլ կը նշանակէ, կամ, առանց հիմնովին տեղեկանալու՝ կրկնել ուրիշներուն խօսածները եւ այսպէս ճշմարտութեան դէմ մեղանչելով՝ ստութիւնը աներկիւղ տարածել»:
Եւ. «Իններորդ պատուիրանը կ՚արգիլէ նաեւ հետեւեալ մեղքերը.
ա) Չար առաջարկութիւններ, որոնց վրայ հիմնուելով եւ մեր եռանդը առիթ բռնելով՝ այնպիսի վատ բաներ կը յայտնենք, որոնք լսողներուն միտքը կը պղտորեն եւ ատելութիւնը կը վառեն այն անձերուն դէմ, որոնց հետ մինչեւ այդ ատեն խաղաղութեամբ կ՚ապրէին. «Առանց փայտի կրակը կը մարի եւ եթէ քսու չըլլայ, կռիւը կը դադրի» (Առ 26.20). «Քսու մարդուն խօսքերը քաղցր պատառներու պէս են, որոնք մինչեւ փորին շտեմարանները կ՚իջնեն» (Առ 26.22):
բ) Անմտութեամբ դատելը, երբ առանց խոր կերպով քննելու, մէկ պարզ սխալի համար կը վատաբանենք մարդը՝ որպէս կատարեալ չարաբարոյ, կամ սխալ կը մեկնենք մարդուն գործը, որ բարի պատճառներ կ՚ունենայ, ինչպէս եբրայեցիները կը մեկնէին մեր Փրկիչին գործերը, որ մեղաւորներու եւ մաքսաւորներու հետ կ՚ուտէր ու կը խմէր ուղղութեան բերելու համար: Շատ անիրաւ է նմանատիպ դատաստանը: Եթէ դատաւորները այս կերպով վարուէին, շատ կը մեղանչէին արդարութեան եւ մարդասիրութեան դէմ, որովհետեւ սէրը չար գործիք չունի. «Անպատշաճ վարմունք չ՚ունենար, միայն ինքզինք չի մտածեր, բարկութեամբ չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չ՚ուրախանար, այլ՝ ուրախակից կ՚ըլլայ ճշմարտութեան» (Ա.Կր 13.5-6): Այսպիսի վնասակար դատողութիւններ կը գոյանան մարդու սիրտին մէջ անհաւատարմութենէն եւ թշնամութենէն, որոնք կ՚առաջնորդեն չարախօսութեան եւ բամբասանքի. «Մի՛ դատէք ուրիշները, որպէսզի Աստուած ալ ձեզ չդատէ. որովհետեւ ի՛նչ սկզբունքով ուրիշները դատէք՝ Աստուած անով պիտի դատէ ձեզ» (Մտ 7.1-2). «Որովհետեւ Աստուած Իր դատաստանին մէջ անողորմ պիտի ըլլայ այն մարդուն նկատմամբ՝ որ ուրիշներուն հանդէպ ողորմած չէ եղած: Մինչդեռ ողորմած մարդուն պարագային՝ Աստուծոյ ողորմութիւնը պիտի յաղթանակէ դատաստանի ատեն» (Յկ 2.13):
գ) Նախատական եւ չար խօսքերը, արհամարհելն ու ծաղրելը, որ հակառակ են ընկերական եւ միաբանական նպատակին, ամօթալի շարժառիթներ եւ վնասակար հետեւանքներ ունին:
դ) Ստութիւնը, որով ընկերոջ վնասելու համար կը նենգեն, կը խաբեն եւ այնպէս կը ձեւացնեն, որ ստախօս չեն, ինչպէս եւ շատ անգամ ձեւով կամ նշանով խօսակցութեան մէջ կը փոխեն խօսքի պարզ իմաստը եւ կա՛մ գաղտնի նշաններով կը ծաղրեն ընկերութեան որեւէ մէկ անդամը, այս արարքները խի՛ստ ամօթալի են»:
Շանշեանց իններորդ պատուիրանին մեկնութիւնը այսպէս կ՚աւարտէ. «Սուրբ Գիրքը իններորդ պատուիրանով արգիլած յանցանքներուն դէմ կը պատուիրէ գեղեցիկ պարտաւորութիւններ, որոնք են պահել եւ պաշտպանել ընկերոջ բարի անունը, հակառակիլ բամբասողներուն եւ չարախօսներուն եւ յօժարութեամբ չլսել եւ չկրկնել անոնց ըսածները. «Հիւսիսային հովը ամպեր կը հաւաքէ ու խոժոռ դէմքը՝ չարախօս լեզու» (Առ 25.23): Կը պատուիրէ ընկերոջ մասին լաւ խօսիլ, եթէ արդարեւ գիտենք, որ լաւ յատկութիւններ ունի: Կը պատուիրէ խրատել ընկերոջ զինք արդարացնելու՝ երբ ուրիշներուն առջեւ յանցաւոր կարծուած է: Կը պատուիրէ միշտ սիրել ճշմարտութիւնը, ջերմեռանդութեամբ խօսիլ եւ խոստովանիլ ճշմարտութիւնը թէ՛ դատաւորին առջեւ եւ թէ՛ այլ պատահարներու ընթացքին: Կը պատուիրէ ներողամտութեամբ դատել մեր ընկերը եւ միշտ խօսիլ ու գործել այն, ինչ որ կը ցանկայինք, որ ուրիշները մեր մասին խօսէին եւ մեզի համար գործէին»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 14
10 հոկտեմբեր 2022, Վաղարշապատ
Հարթակ
- 01/23/2025