ԺԱՄԱՆԱԿ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԷՋ
Հայաստանէն բիւր մղոններ հեռու լոյս կը տեսնէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, բայց ամենօրեայ ներկայութիւն է հայրենի հողին վրայ: Հայաստանով ապրող, շնչող եւ հայեացքը դէպի մեր չքնաղ հայրենիքը յառած 115-ամեայ թերթը բազում տօնական օրեր ունեցած է նաեւ Հայաստանի մէջ եւ տակաւին պիտի ունենայ…
Մայրաքաղաքի զանազան շէնքերու մօտով անցած պահուն յաճախ կը յիշեմ, որ այս կամ այն փողոցի, այս կամ այն շէնքին մէջ տեղի ունեցած են ԺԱՄԱՆԱԿ-ին նուիրուած ձեռնարկներ: Իմ ամէն օրուայ ճամբաներէս է Բաղրամեան պողոտան։ Ուղիղ տասը տարի առաջ այս օրերուն պողոտայի «Ակադեմիա» ցուցադրասրահին մէջ բացուած էր պոլսահայ անուանի լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի՝ հայաստանեան դրուագներով ցուցահանդէսը, նուիրուած ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դարադարձին: Նոյն պողոտային վրայ է Հայաստանի Գիտական գրադարանը, որու աշխատակիցները ամէն անգամ սիրով կը սպասեն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակած գիրքերուն, որոնցմով համալրուած է այս գրադարանը, նաեւ Հայաստանի շարք մը գրադարաններ. ինչպէս՝ «Աւետիք Իսահակեան» քաղաքային գրադարանը, Երեւանի Պետական համալսարանի, Մանկավարժական համալսարանի գրադարանները, Մաշտոցեան Մատենադարանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մատենադարանի գրադարանները եւ, անշուշտ, հայ գրատպութեան նմոյշներու ամենէն մեծ պահոցը՝ Ազգային գրադարանը: Հոս կը գտնուին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաջին թիւերէն սկսեալ մինչեւ նոր օրերու թարմ օրինակներ եւ Ազգային գրադարանը յաճախ իր պահոցներէն կը հանէ, կը ցուցադրէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին նուիրուած հրատարակութիւններ: Այս օրերուն Ազգային գրադարանին յարակից Հայ գրատպութեան թանգարանին մէջ, հայ գրատպութեան 510-ամեակի յոբելեանական առիթով կը ցուցադրուին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի այն թիւերը, որոնք նուիրուած են հայ գրատպութեան 400 եւ 500-ամեակներուն: Պատահական չէ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ կը ցուցադրուի թանգարանի «Գիրի յաւերժութիւնը» անունը կրող սրահին մէջ: Իր անցած 115-ամեայ ուղիով, թերթը ո՛չ միայն լրատուութիւն հաղորդելու հանապազօրեայ աշխատանք կատարած է եւ կը կատարէ, այլեւ հայ գիրի մշտնջենաւոր ընթացքը պահած է այդ տարիներուն՝ հաւատալով հայերէն գիրի, հայերէնով հնչող խօսքի եւ հայերէնով տարածուող նիւթի դերին ու կարեւորութեան:
Յիւաւի, գրաւիչ է ամէն օր բանալ թերթը եւ կարդալ արեւմտահայերէնով բազմազան նիւթեր եւ մտածել, որ 115 տարի շարունակ թէ՛ Պոլսոյ մէջ, թէ՛ աշխարհի զանազան ծայրերը մարդիկ թերթի էջերուն մէջ լրատուութեան զուգահեռ գեղեցիկ ու անվրէպ հայերէն փնտռած եւ գտած են: Այսօր, թերթի նիւթերու մեծ մասը Պոլիս կը հասնին Հայաստանէն եւ այդ առումով նոյնպէս ԺԱՄԱՆԱԿ մշտապէս ներկայ է հայրենիքի մէջ:
Երեւանի կեդրոնական բարձունքներէն մէկուն վրայ վեր կը խոյանայ Մաշտոցեան մատենադարանը, որու յարկին տակ նոյնպէս ԺԱՄԱՆԱԿ տօնական օրեր ունեցած է՝ թերթին նուիրուած գիտաժողով եւ թերթէն տպուած գիրքերու շնորհանդէս: Մայրաքաղաքի ուրիշ շէնքերու մէջ, նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նոյնպէս տօնուած են ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յոբելեանը եւ այլ տարեդարձներ, զանազան տարիներ տեղի ունեցած են շնորհանդէսներ, հայրենի կամ սփիւռքեան մտաւորականներ միշտ չեն զլացած իրենց ներկայութիւնը եւ նոր սերունդին ներկայացնելու թերթի մը անցած ճանապարհը, որ հակառակ դժուար ըլլալուն, եղած է հպարտութիւն առթող եւ պատասխանատուութիւն ներշնչող:
Մատենադարանէն քիչ անդին «Հայփոսթ»ի հնագոյն շէնքն է, ուր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 111-րդ տարուան առթիւ կնքուեցաւ հայկական թղթատարութեան գլխաւոր կառոյցին կողմէ թողարկուած եւ թերթին նուիրուած նամականիշը: Ոչ-վաղ անցեալին տեղի ունեցած այս ամէն ինչը արդէն պատմութիւն է եւ թերթը նոր պատմութիւն կերտելու ճանապարհին է՝ հաւատալով, որ տօնական առիթներ տակաւին պիտի ըլլան, անհաստատ այս օրերը թերեւս, անշուշտ, հաստատուն կը դառնան եւ հայ գիրի յաւերժական ընթացքին միացած ԺԱՄԱՆԱԿ լիայոյս օրեր կը պարգեւէ բոլորիս:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան