«ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ ԵՒ ՀԱՅԵՐԸ»
Ֆրանսահայ յայտնի մտաւորական, հեղինակաւոր պատմաբան Քլոտ Մութաֆեան այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Իր կողմէ կատարուած ծաւալուն ուսումնասիրութեան հիման վրայ հրատարակուած «Երուսաղէմը եւ հայերը» գիրքին համար շաբաթավերջին շնորհանդէս մը տեղի ունեցաւ Մատենադարանի երդիքին տակ։ Սա, միեւնոյն ժամանակ, Քլոտ Մութաֆեանին ի պատիւ մեծարանքի հանդիսութեան մը վերածուեցաւ։ Ան տասնամեակներէ ի վեր պատմութեան ոլորտէն ներս անգնահատելի աշխատանք կը տանի։ Շնորհանդէսին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Վահրամ Տումանեան, Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր։ Ձեռնարկը զուգադիպեցաւ Քլոտ Մութաֆեանի ծննդեան 80-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Այս առթիւ նախարար Վահրամ Տումանեան շնորհանդէսի ընթացքին ունեցած շնորհաւորութեան խօսքով տեղեկացուց, որ Քլոտ Մութաֆեան կը պարգեւատրուի «Մովսէս Խորենացի» մետայլով։
Շնորհանդէսի ընթացքին ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Քլոտ Մութաֆեան, որ պարգեւին համար շնորհակալութիւն յայտնելէ վերջ անդրադարձաւ «Երուսաղէմը եւ հայերը» գիրքի ստեղծման գաղափարին։ «Գիրքը նուիրուած է հայ Երուսաղէմին։ Այնտեղ ներկայացուած են 5-րդ դարէն սկսեալ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին եւ Սուրբ Քաղաքին մէջ պահուած հայկական նշխարները, Երուսաղէմի զանազան եկեղեցիներուն մէջ պահուած հայատառ խճանկարները, Կիլիկիոյ թագաւորներու արժէքաւոր գաւազաններ եւ Սալահատտինին վերաբերող այն կարեւոր պաշտօնագիրը, որ կը պահուի Պատրիարքարանի մէջ։ Գիրքի կարեւորագոյն արժէքներէն մին է հայ ձեռագրական մշակոյթի գոհարներու բացայայտումը։ Ան ունի թէ՛ ուսուցողական եւ թէ ճանաչողական բացառիկ նշանակութիւն», նշեց Մութաֆեան։
Իր ելոյթին մէջ ան մասնաւորապէս ուշադրութիւն հրաւիրեց նաեւ այն հանգամանքին վրայ, թէ այս ճոխ պատկերագիրքը հրատարակուած է «Belle Lettre» հրատարակչատան կողմէ, որ միջազգային համբաւ կը վայելէ։