ՏՈՂԵՐՈՒ ԱՐԱՆՔԻՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Սոչիի մէջ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ երէկ մէկտեղուեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Օրուան տեւողութեան դիւանագիտական բանուկ երթեւեկ մը կար։ Փութին նախ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ, իսկ աւելի վերջ տեղի ունեցաւ եռակողմանի գագաթաժողովը։ Զուգահեռաբար բանակցութիւններ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ։ Օրուան տեւողութեան տարուած այս ծաւալուն աշխատանքէն վերջ, Փութին Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ ներկայացաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն։ Ան այս փուլին ընթերցեց Սոչիի երէկուան գագաթաժողովի հիման վրայ համաձայնեցուած եռակողմանի յայտարարութեան բնագիրը։ Յայտարարութեան ընթերցումէն վերջ Փութին նաեւ ամփոփեց երէկ կատարուած աշխատանքը։ Իր խօսքով՝ Սոչիի մէջ կարգ մը հարցերու շուրջ համաձայնութեան հասնիլ կարելի չէ եղած։ Յամենայնդէպս, ռուս ղեկավարը հրաժարեցաւ այդ հարցերու մասին բարձրաձայնելէ։ «Ինչ կը վերաբերի այն հարցերուն, որոնց շուրջ չյաջողեցանք համաձայնութեան հասնիլ։ Կարելի՞ է խօսիլ անոնց մասին, այո՛, կարելի է, բայց պէտք չէ, որովհետեւ եթէ անոնք դեռ կարգաւորուած չեն, ապա, իմ կարծիքով, պէտք չէ անոնց վրայ սեւեռել մամուլի եւ հասարակութեան ուշադրութիւնը։ Անհրաժեշտ է պարզապէս հանգիստ եւ փակ վիճակով համաձայնութեան հասնիլ։ Անոնք շատ նուրբ, զգայուն հարցեր են երկու կողմերուն համար եւ ես ինձ իրաւունք չեմ վերապահեր զանոնք ներկայացնել առանց գործընկերներուս հետ համաձայնելու», ըսաւ Փութին։

Սոչիի մէջ Փութին անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման հարցին։ Իր խօսքով՝ սահմանազատումն ու սահմանագծումը կարեւորագոյն հարցն է։ «Մենք այսօր, բնականաբար, այդ մասին շատ խօսած ենք եւ կան որոշ նախադրեալներ, որ ճանապարհը ընդհանուր առմամբ գտնուած է։ Եթէ դուք ուշադիր կարդաք այսօրուան յայտարարութիւնը, ապա դուք այնտեղ կը գտնէք սկզբնական գնահատականներ, ի հարկէ, եթէ ոչ պայմանաւորուածութիւններ, ապա նախադրեալներ, թէ այդ պայմանաւորուածութիւնները կրնան ըլլալ», շարունակեց Փութին եւ աւելցուց, որ ռուսական կողմը պատրաստ է տրամադրել Խորհրդային Միութեան բանակի ընդհանուր սպայակոյտի քարտէսները, որոնք իրենց տրամադրութեան տակ են։ «Ինչպէս կը հասկնաք, անոնք ամենաճշգրիտ քարտէսներն են։ Պատրաստ ենք այդ հիման վրայ, քննարկելով երկու կողմերուն հետ, յառաջ շարժիլ։ Մենք համաձայնած ենք, որպէսզի այս շփումները, այս բանակցութիւնները, խորհրդակցութիւնները շարունակուին՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման հարցը լուծելու համար», աւելցուց Փութին, որու խօսքով՝ Հայաստան-Ատրպէյճան ապագայ խաղաղութեան պայմանագիրը փոխադարձ զիջման արդիւնք պիտի ըլլայ։

Գալով Արցախի ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան ճակատագրին՝ Փութին յայտարարեց, որ այդ մէկը կախում պիտի ունենայ այն հանգամանքէն, թէ ինչպէս պիտի շարունակուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման համաձայնագրին վրայ աշխատանքը։ Իր համոզմամբ, տակաւին վաղ կը համարուի խօսիլ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի հիմնական բաղադրիչներուն մասին։ «Սա փոխադարձ զիջումներու հիման վրայ պէտք է ըլլայ։ Կողմերը անոնց պէտք է հասնին միջնորդութեամբ։ Եթէ կողմերը փափաքին, այդ միջնորդը կրնայ ըլլալ նաեւ Ռուսաստանը», յայտնեց Փութին։

Նկատի ունենալով, որ գագաթաժողովէն առաջ Փաշինեան առաջարկած էր նոյնիսկ մինչեւ քսան տարի երկարաձգել ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի առաքելութեան ժամկէտը՝ Փութին անդրադարձաւ նաեւ այս նիւթին։ Ան ընդգծեց, որ Սոչիի մէջ այդ մասին ալ խօսած են, սակայն այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ են համատեղ պայմանաւորուածութիւններ։ Սա կրնայ կախուած ըլլալ նաեւ այլ հարցերէ։ «Խօսքը կողմերու միջեւ հաւանական խաղաղութեան պայմանագրի, սահմանազատման ու սահմանագծման մասին է։ Եթէ այդ հարցերը լուծուին, ապա խաղաղապահներու հարցը այլ տեսանկիւնէն կ՚ըլլայ։ Եթէ լուծուած չըլլան կամ որոշակի ծաւալով լուծուած ըլլան, ապա այդ բանէն կախեալ կ՚ըլլայ մեր խաղաղապահ առաքելութեան ճակատագիրը։ Յամենայնդէպս, երկու կողմերն ալ իրենց շնորհակալութիւնը յայտնած են Ռուսաստանին՝ այն աշխատանքին համար, որ մենք այնտեղ կ՚ընենք», նշեց Վլատիմիր Փութին։

Սոչիի մէջ երէկ հրապարակուած համատեղ յայտարարութեան առաջին արձագանգները կը վերաբերին այնտեղ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի անունին իսկ ըսուած չըլլալուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով այս կապակցութեամբ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ աշխատանքը կը շարունակուի։ «Պիտի շարունակենք մեր միջնորդական ջանքերը», յայտնեց Տիմիթրի Փեսքով։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 1, 2022