Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՆԱԽԿԻՆ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՋԵՐՄ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔԻՆ ԱՌԱՐԿԱՅ
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան Նիւ Եորքի մէջ անցեալ կիրակի պատարագեց եւ քարոզեց՝ Եունիըն Սիթիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Հարկ է նշել, որ այս եկեղեցին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի ամենահին հայկական եկեղեցիներէն մին է եւ անոր ծուխի անդամներուն մեծամասնութիւնը կը բաղկանայ նախկին պոլսահայերէ։ Այս առումով հաւատացեալներուն տեսակէտէ յատկանշական էր, որ Պոլիսէն մեկնած հոգեւորական մը կը հանդիսապետէր արարողութեան։ Կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Յաւարտ Ս. Պատարագի եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որ ունէր նաեւ հոգեճաշի մը բնոյթը։ Այս առթիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս եկեղեցւոյ երէցին՝ Տ. Վազգէն Ծայրագոյն Վարդապետ Քարայեանին, որ եւս նախկին պոլսահայ մըն է։ Ծխական խորհուրդին կողմէ սարքուած սիրոյ սեղաններուն շուրջ ստեղծուեցաւ անմիջական զրոյցի մթնոլորտ։ Ներկաները մէկ կողմէ վերյիշեցին իրենց Պոլսոյ օրերը, իսկ միւս կողմէ հայր սուրբէն թարմ տեղեկութիւններ քաղեցին պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի մասին։