ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱՓ
Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը 28 հոկտեմբեր 2022 թուականին հիմնադրութեան 114 տարին իր ետին ձգելով թեւակոխեց հրատարակութեան 115-րդ տարին եւ կը յարատեւէ իր հրատարակութիւնը՝ նեղ պայմաններու, հնարաւորութիւններու եւ բազում դժուարութիւններու դէմ յամառ դիմադրութեան ուժով եւ վճռակամութեամբ: Ներկայ ժամանակաշրջանիս մէջ դիւրին չէ հայատառ օրաթերթ մը առանց իր աւանդական դիմագիծը փոխելու իր հրատարակութիւնը շարունակել:
Հայ մամուլի երիցագոյն օրաթերթը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ, որպէս արեւմտահայերէն օրաթերթ տարիներ շարունակ ցոլացնելով ո՛չ միայն թրքահայ ազգային ու եկեղեցական կեանքը, այլ նաեւ ցոլացնելով համայն հայաշխարհի իրականութիւնը, կը կատարէ իր առաքելութիւնը:
Որքան մեծ երջանկութիւն մըն է անընդատ արեւմտահայերէն հրատարակուող օրաթերթի մը գոյութիւնը տեսնել, երբ մէկ կողմէ կ՚ապրուի արեւմտահայերէնի նահանջը, իսկ միւս կողմէ՝ համացանցային կայքէջերու, հարթակներու, թերթերու արագ զարգացումի հոսանք մը:
Ըստ իս, այս պայմաններու տակ արեւմտահայերէն թերթի մը գոյատեւումը ո՛չ միայն երջանկութիւն ու առաքելութիւն մըն է, ո՛չ միայն ազգային ծառայութիւն ու նուիրում մը, առաւել եւս թերթի մը «յաղթանակ»ն է, որու օրինակը կ՚ապացուցանէ Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը: Իբր այդ, շնորհաւոր ըլլայ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի 115-ամեակը:
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մաղթելով յարատեւ բազում հրատարակութեան տարիներ, սրտանց կը շնորհաւորեմ խմբագրական կազմը, վարչութիւնը, թղթակիցները, աշխատակիցներն ու գործակիցները, նաեւ ընթերցողները:
ՏՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ
Գերմանիա