ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՅԱՂԹԱՀԱՐՈՒԱԾ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹՈՎ ԲԱՐԴՈՅԹՆԵՐՆ ՈՒ ԲԱՐԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ յաղթահարուած կը համարէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ հաղորդակցութեան բնոյթով բարդոյթներն ու բարդութիւնները, ինչ որ կարեւոր փաստ մըն է։ «Սա կրնայ թուիլ շատ թոյլ եւ ոչ-էական բան։ Կը կարծեմ, թէ նախապէս միշտ այդ հարցը եղած է. հանդիպի՞լ, թէ ոչ կամ խօսի՞լ, թէ ոչ։ Սա շատ մեծ գործնական նշանակութիւն ունեցած է։ Այսօր այդ հանգամանքը եւ բարդութիւնը վերացուած է։ Կը կարծեմ, թէ սա ոչ շատ առարկայական, բայց էական փոփոխութիւն մըն է։ Մենք հետեւողականօրէն պիտի շարունակենք ընթանալ խաղաղութեան օրակարգի իրականացման ուղղութեամբ», ըսաւ Փաշինեան

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ քննարկելով Սոչիի եռակողմանի վերջին գագաթաժողովին արդիւնքները։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2022