ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանը արդէն թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանը։ Այս յատկանշական դարադարձին առթիւ վերջին օրերուն յոբելենական մեծ հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։ Հանդիսաւոր համերգ մըն էր այս մէկը, որուն մասնակցեցան նաեւ պետական աւագանիի ներկայացուցիչները։ Ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Վահրամ Տումանեան եւ այլ պաշտօնատարներ։ Հանդիսաւոր պայմաններու մէջ պարգեւատրուեցան Մանկավարժական համալսարանի խումբ մը նուիրեալները, որոնք իրենց գործունէութիւնով կարեւոր դեր խաղացած են այս բարձրագոյն ուսման հաստատութեան արձանագրած յաջողութեան մէջ։
Պարգեւատրման արարողութենէն վերջ գործադրուած համերգային ծրագրով երեկոյթի խանդավառութիւնը հասաւ գագաթնակէտին։ Ծափողջոյններուն մէջ միշտ բաժին պարփակուած էր Մանկավարժական համալսարանի նուիրեալներուն համար, որոնք հասցուցած են սերունդներ։