ՄԻՇՏ ԿԱՊԻ ՄԷՋ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան նոյեմբերի 23-ին Երեւանի մէջ նախատեսուած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գագաթաժողովին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ։ Այդ գագաթաժողովին առթիւ Փութին պիտի այցելէ Երեւան։ Ուստի, Փաշինեան եւ Փութին անդրադարձան այցելութեան օրակարգին վերաբերեալ հարցերու։ Անոնք նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին հոկտեմբերի 31-ին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի հանդիպումէն յետոյ տեղի ունեցած շարք մը իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ մարդասիրական բնոյթով հարցերուն շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին առընչութեամբ։

Մինչ Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյցը զուգադիպեցաւ Արցախի երկրորդ՝ 44-օրեայ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան արդէն երկրորդ տարելիցին, Մոսկուայի մէջ ալ այս կապակցութեամբ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա։ Մասնաւորապէս Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ յարաբերութիւններու առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ ան ըսաւ. «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղեալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բարի նպատակները հարցեր կը յառաջացնեն»։ Լրագրողի մը հարցման պատասխանելով Զախարովա մեկնաբանեց ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի յայտարարութիւնը, ըստ որու իր երկիրը՝ որպէս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բարեկամ, պիտի աջակցի խաղաղութեան հաստատման։ Ծանօթ է, որ քանի մը օր առաջ Պլինքընի միջնորդութեամբ ու նախաձեռնութեամբ Ուաշինկթընի մէջ մէկտեղուած էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։ Մոսկուայի երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Մարիա Զախարովա Էնթընի Պլինքընի յայտարարութիւններուն մասին ըսաւ. «Ռուսաստան կը շարունակէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին տրամադրել անհրաժեշտ աջակցութիւնը՝ յանուն Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան, կայունութեան ու բարգաւաճման։ Ընդհանուր առմամբ, ԱՄՆ-ի բարի մտադրութիւնները հարցեր կը յառաջացնեն, որովհետեւ անոնք բոլորին շատ բան կը խոստանան, քիչ կ՚ընեն եւ երբեմն, դժբախտաբար, խոստումներու տակ բոլորովին այլ օրակարգ կը թաքնուի։ Ուաշինկթընի կատարած «բարի գործերու» ցուցակը չափազանց երկար է։ Բառերուն դժուար է հաւատալ, իսկ գործողութիւնները անոնք չեն կրնար ցոյց տալ»։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ, բանբերը յիշեցուց, որ Ռուսաստան՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր, երկար տարիներէ ի վեր կ՚աջակցի հակամարտութեան լուծման եւ ներկայիս ալ կ՚ընէ նոյնը՝ որպէս կողմերու հետ համատեղ ստորագրուած յայտարարութիւններու հեղինակ։ Զախարովա անդրադարձաւ նաեւ հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան երկրորդ տարելիցին, որու հիման վրայ Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը արդիւնաւէտ ձեւով կ՚իրականացնէ իր առջեւ դրուած խնդիրները, զգալի ներդրում ունեցած է տարածաշրջանէն ներս իրավիճակի կայունացման եւ անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ։ Բանբերը յիշեցուց նաեւ հրադադարի յայտարարութենէն վերջ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ բանեցուած զանազան ձեւաչափերը, որոնք կարեւոր նշանակութիւն ունին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համալիր կարգաւորման հասնելու տեսակէտէ։ Ան աւելցուց, որ Մոսկուա սերտօրէն կը համակարգէ Երեւանի եւ Պաքուի հետ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստական աշխատանքները։

Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան բանբեր Նէտ Փրայսն ալ հերթական անգամ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Հարաւային Կովկասի եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մասին։ Ան յայտնեց, որ Ուաշինկթըն չի կրնար պարտադրել, թէ ինչպէս պէտք է ըլլայ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կայուն խաղաղութիւնը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 10, 2022