ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԱԶԴԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւնները կը շարունակեն սպառնալիք ըլլալ Հարաւային Կովկասի եւ աւելի լայն տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան դէմ։

Երէկ, Հայաստանի կառավարութեան հերթական նիստի բացման ելոյթին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան Ատրպէյճանին ուղղեալ լուրջ ազդարարութիւններով հանդէս եկաւ։ Ան յիշեցուց նախօրէին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները, որոնց հիման վրայ ըսաւ. «Միջազգային հանրութեան ուղղեալ անհասցէ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ուղղեալ հասցէական յոխորտանքներով լեցուն այդ ելոյթը, ուր Ատրպէյճանի նախագահը կը փորձէ պայմանաւորուածութիւնները եւ պարտաւորութիւնները չկատարելու մէջ մեղադրել Հայաստանը եւ մեր կառավարութիւնը, կը փաստէ տրամագծօրէն հակառակը»։ Ըստ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի գործողութիւններն ու յայտարարութիւնները ակնյայտ կը դարձնեն, որ Ալիեւ ո՛չ միայն կը սպառնայ, այլեւ արդէն կը նախապատրաստէ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան դէմ ցեղասպանութիւն մը։

44-օրեայ պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ստանձնուած պարտաւորութիւններուն անտեսման, չկատարման վերաբերեալ բազմաթիւ փաստեր ներկայացնելէ վերջ, Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց. «Ատրպէյճանի նախագահը կը փորձէ հիմքեր ստեղծել, մտացածին հիմքեր, Հայաստանի կողմէ իբրեւ թէ իր պարտաւորութիւնները չկատարելու պատրուակով Լաչինի միջանցքը փակելու, Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը շրջափակելու եւ զայն ցեղասպանութեան ու հայրենազրկման ենթարկելու համար»։ Ապա վարչապետը մեկնաբանեց, թէ ինչո՞ւ Ատրպէյճան այդպէս կը վարուի, ինչո՞ւ ամէն անգամ գործընթացը փակուղիի կը մատնէ։ «Շարունակելու համար ցեղասպանի իր ակրեսիւ քաղաքականութիւնը… Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ցեղասպանութեան նախապատրաստութեան շրջանակներուն մէջ Ատրպէյճանի նախագահը Հայաստանը կը մեղադրէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բանակ ունենալով։ Նախ պիտի արձանագրեմ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բանակ չունի։ Ատրպէյճան ինք մերժած է այս հարցը պարզաբանելու համար Լեռնային Ղարաբաղ դիտորդական առաքելութիւն ուղարկելու առաջարկը, ինչ որ ես ըրած եմ այս տարի հոկտեմբերի 6-ին, Փրակի մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Հայաստանի բանակ չկայ, կայ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակ, որ թերեւս լուրջ խոչընդոտ է ցեղասպան քաղաքականութիւնը կեանքի կոչելու դէմ։ Իմ ընկալումը այն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը բանակ ունի միայն ու միայն ցեղասպանութեան ենթարկուելու վտանգին պատճառով։ Ընդ որում, հոկտեմբերի 31-ին Սոչիի եռակողմանի հանդիպման ժամանակ ես ներկայացուցած եմ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններու առաջարկը այս նիւթով։ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծել ապառազմականացուած գօտի մը, միջազգային երաշխիքներով, որու արդիւնքով նման ծաւալի պաշտպանութեան բանակ ունենալու կարիք Լեռնային Ղարաբաղը կրնայ չունենալ։ Այդ առաջարկը, կը կարծեմ, կը շարունակէ մնալ ուժի մէջ», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Բաց աստի, Փաշինեան դիտել տուաւ, որ ապառազմականացման առաջարկ ըրած են ու կ՚ընեն նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային գօտիին մասին՝ առաջարկելով զօրքերը ետ քաշել 1991 թուականին վերահաստատուած սահմանէն, սահմանի երկու կողմէն ստեղծելով 3 քիլօմեթրնոց ապառազմականացուած գօտի։ «Այդ առաջարկը կը շարունակէ մնալ ուժի մէջ եւ մենք նախօրէին Ատրպէյճանին փոխանցած ենք անոր նոր տարբերակը։ Ամէն պարագայի, պիտի արձանագրեմ, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը պէտք է դուրս բերուին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի բոլոր բռնագրաւեալ հատուածներէն եւ մեր այս դիրքորոշումը երբեք եւ որեւէ կերպով փոփոխութեան չ՚ենթարկուիր», շարունակեց վարչապետ Փաշինեան։

Վարչապետ Փաշինեան աւելի վերջ բացատրեց, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան որդեգրած այս ընթացքը կրնար ինքնին խնդիր մը չըլլալ, եթէ այդ բոլորը տեղի չունենային միջավայրի մը մէջ, ուր միջազգային ու տարածաշրջանային անվտանգութիւնը կը բախի լուրջ մարտահրաւէրներու։ «Եթէ ուշադրութիւն դարձնէք Ատրպէյճանի նախագահի ելոյթներուն, ան, ըստ էութեան, կը սպառնայ բոլորին՝ Ռուսաստանին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, Ֆրանսային, Իրանին, Եւրոպական Միութեան։ Ատրպէյճան կը շարունակէ նաեւ խոչընդոտել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, ինչ որ անկասկած կրնայ նպաստել տարածաշրջանային կայունութեան։ Ի հարկէ, կը հասկնանք, որ կլոպալ ուժանիւթի օրակարգը ոգեւորած է Ատրպէյճանի նախագահը, բայց կը կարծեմ նաեւ, թէ ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնը համագործակցաբար յստակ միջոցներ ձեռնարկէ տարածաշրջանի խաղաղութեան, կայունութեան, անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան ահագնացող սպառնալիք դարձած Ատրպէյճանի գործելակերպին դէմ», ըսաւ վարչապետը։

Ելոյթի եզրափակիչ փուլին մէջ, կառավարութեան ժողովի բացման վարչապետ Փաշինեան ըսաւ հետեւեալը. «Մենք մեզմէ կախեալ ամէն ջանք կը գործադրենք՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատումը հնարաւորինս արագ աւարտին հասցնելու, տարածաշրջանային բոլոր փոխադրութեան ու տնտեսական կապերու ապաշրջափակման, օր առաջ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման համար, որովհետեւ մենք իսկապէս եւ անկեղծ նուիրուած ենք խաղաղութեան օրակարգին։ Բայց եթէ ոեւէ մէկը կը մտածէ, թէ խաղաղութեան օրակարգը Հայաստանի Հանրապետութեան կամ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան խաղաղ ոչնչացումն է, չարաչար կը սխալի, չարաչար կը սխալի։ Խաղաղութեան օրակարգը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ տարածաշրջանի խաղաղ զարգացումն ու համակեցութիւնն է ու մենք պիտի հասնինք մեր նպատակին»։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 11, 2022