ՄԱՅՐ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ՝ ՆՈՐ ԿՈԹՈՂ ՄԸ

Երեւանի Պետական համալսարանի՝ գլխաւոր մասնաշէնքի նախասրահին մէջ դրուեցաւ հայ մեծ պատմաբան, հայագէտ, բառարանագէտ, գիտութեան վաստակաւոր գործիչ Երուանդ Տէր-Մինասեանի կիսանդրին: Մենք զանազան առիթներով անդրադարձած ենք Երուանդ Տէր-Մինասեանին, մասնաւորապէս ներկայացուցած ենք անոր յուշերը Կոմիտասի մասին, երբ ճահճատենդով հիւանդ Կոմիտաս, 1904-ին, Երուանդ Տէր-Մինասեանի ուղեկցութեամբ, այցելած է Տէր-Մինասեանի ծննդավայր Հառիճ, հոն ապաքինած, ապա գրի առած 34 նոր երգ եւ ձեւաւորած գիւղական երգչախումբ մը:

Երուանդ Տէր-Մինասեան մեծ ներդրում ունի հայագիտութեան, հայոց պատմագիտութեան մէջ, գործած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ինչպէս նաեւ կանգնած է Երեւանի Պետական համալսարանի հիմնադրման ակունքներուն մէջ: Անոր կիսանդրին դրուեցաւ Մայր համալսարանի միւս երախտաւորներու կիսանդրիներուն քով եւ այսուհետեւ այս վայրը պիտի ըլլայ մեծ գիտնականի յիշատակի վայրերէն մին:

Յուշակոթողի բացման արարողութեան ժամանակ ելոյթ ունեցան Երեւանի Պետական համալսարանի վերատեսուչ Յովհաննէս Յովհաննիսեան, Մաշտոցեան մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մասեացոտնի թեմի առաջնորդ Տ. Գէորգ Եպիսկոպոս Սարոյեան, Երուանդ Տէր-Մինասեանի թոռնուհին՝ Անուշ Տէր-Մինասեան:

Ծանօթ է, որ Հայաստանի բարձրագոյն գլխաւոր ուսումնական հաստատութիւնը՝ Մայր համալսարանը, նախ հիմնուած է Ալեքսանդրապոլ (Կիւմրի)՝ 1920 թուականին, այնուհետեւ փոխադրուած է Երեւան: Կառավարութիւնը 1923 թուականին որոշում ընդունած է զայն կոչել «Պետական համալսարան», որ մինչ այդ կը կոչուէր «Հայաստանի համալսարան», ապա՝ «Ժողովրդական համալսարան»:

Պատմութիւն մը կայ այն մասին, թէ ինչպէս Երուանդ Տէր-Մինասեան ընտրած է Կիւմրիի այն շէնքը, ուր հիմնադրուած է համալսարանը: Երուանդ Տէր-Մինասեան եղած է համալսարանի շէնքին բացման արարողապետը եւ յուշեր ձգած է այդ մասին։

*

...Երբ Անդրկովկասեան երեք ազգերու (վրացիներու, հայերու եւ ատրպէյճանցիներու) միացեալ կառավարութիւնը երեք մասի բաժնուեցաւ եւ կազմուեցան ազգային կառավարութիւններ Թիֆլիզ, Պաքու եւ Երեւան, դաշնակցականներէ կազմուած Հայոց ազգային խորհուրդը իր ամբողջ կազմով՝ 1918 թուականի առաջին ամիսներուն, տեղափոխուեցաւ Երեւան, Թիֆլիզի մէջ հայերուն բազմաթիւ ըլլալուն պատճառով կազմակերպուեցաւ Վրաստանի հայոց ազգային խորհուրդը»՝ հայ ժողովուրդի վերաբերեալ բոլոր գործերը (դպրոցներ, գաղթականութիւն եւ այլն) հսկելու եւ ղեկավարելու համար:

Այդ նոր ազգային խորհուրդի կազմին մէջ մտնելու իրաւունք ունէին այն ժամանակուան չորս մեծ կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները (ընկերվար-դեմոկրատներ, ընկերվար-յեղափոխականներ, հայ ժողովրդական կուսակցութիւն եւ դաշնակցականներ):

Զիս Հայ ժողովրդական կուսակցութիւնը ընտրեց որպէս իր ներկայացուցիչը եւ ես այդ պաշտօնը վարեցի մինչեւ նոյեմբեր 1919 թուականը:

Պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ ես պէտք է ղեկավարէի դպրոցական գործը:

Առհասարակ բոլոր գործերը «Վրաստանի Հայոց ազգային խորհուրդ»ին մէջ կը կառավարուէին պաշտօնակիցներու մասնակցութեամբ եւ նախագահները կը հերթափոխուէին ամիսը անգամ մը:

Իմ նպատակս չէ հոս մտնել «Վրաստանի Հայոց ազգային խորհուրդի» գործունէութեան մանրամասնութիւններուն մէջ, միայն հարկ կը նկատեմ ըսել, որ այդ ազգային խորհուրդին մէջ ամենաազդեցիկ եւ կարկառուն անձնաւորութիւնը ընկերվար-դեմոկրատականի ներկայացուցիչ Արամայիս Երզնկեանն էր, որ յետագային մտաւ պոլշեւիկներուն շարքերը:

Ես հանգիստ կը շարունակէի ինծի յանձնարարուած գործը, կ՚այցելէի Թիֆլիզի հայկական դպրոցները, խորհրդակցութիւններ կ՚ունենայի այդ դպրոցներուն մէջ դասաւանդող ուսուցիչներուն հետ եւ կը ջանայի, որ ամէն ինչ կանոնաւոր ընթանար եւ ոչ մէկ բախում յառաջանար մեր եւ վրացական պետական վարչութեան միջեւ: Չորս ամիսը անգամ մըն ալ որպէս նախագահ կը ղեկավարէի Խորհուրդի նիստերը:

Այդ պաշտօնէն ազատեցայ 1919 թուականի վերջին ամիսներուն, երբ Երեւանի հայկական կառավարութիւնը զիս հաստատեց «Հայաստանի Պետական համալսարանի կազմակերպիչ յանձնախումբ»ի ամսականաւոր անդամ, ես ստիպուած էի այժմ այդ ուղղութեամբ աշխատիլ: Իմ պաշտօնս «Վրաստանի Հայոց ազգային խորհուրդ»ին մէջ ստանձնեց յայտնի հայ գրագէտ եւ մանկավարժ Իսահակ Յարութիւնեանը:

Հայաստանի համալսարանի կազմակերպիչ նշանակուած էր Դաւիթ Զաւրեանը՝ որպէս միանձնեայ ղեկավար, բայց որովհետեւ գործը շատ դանդաղ յառաջ կ՚երթար, Հայաստանի կառավարութիւնը համալսարանի ղեկավար նշանակեց յայտնի փրոֆ. Եուրի Ղամբարեանը եւ կազմակերպեց վերեւ յիշուած յանձնախումբը, որուն անդամ նշանակուած էի նաեւ ես:

...Կազմակերպիչ յանձնախումբը ղեկավար Ղամբարեանի առաջարկով որոշեց իր անդամներէն մէկը գործուղել Հայաստան, որպէսզի մանրամասնօրէն ուսումնասիրէ դրութիւնը Ալեքսանդրապոլի, Երեւանի եւ Էջմիածնի մէջ եւ պարզէ, թէ այդ երեք վայրերէն ո՛ւր կարելի է համալսարանի թէկուզ ժամանակաւոր բացումը:

Այդ ծանր պարտականութեան կատարումը դրուեցաւ իմ վրաս, եւ ես անմիջապէս մեկնեցայ Հայաստան՝ հարցը վերջնականապէս պարզելու: Իմ գործուղումս երկու շաբաթէն աւելի տեւեց եւ դրական արդիւնքներու հասցուց:

Ես նախ կանգ առի Ալեքսանդրապոլ՝ ծանօթանալու համար այնտեղի պայմաններուն եւ հնարաւորութիւններուն: Բանակցութիւններ կը վարէի եւ յաճախակի խորհրդակցութիւններ ունեցայ Ալեքսանդրապոլի քաղաքային վարչութեան ղեկավարներուն, նաեւ քաղաքի մտաւորականութեան հետ, որ մեծ մասամբ դաշնակցականներէ կազմուած էր:

Անոնցմէ մէկը ժողովի մը ընթացքին ինծի նոյնիսկ այսպիսի հարցում մը ուղղեց, թէ այդ մեր համալսարանը կրնա՞յ մրցիլ Մոսկուայի, Լենինկրատի կամ Պերլինի ու Փարիզի համալսարաններուն հետ:

Ես զգուշաւոր պատասխան մը տուի, թէ ոչ մէկ նորաստեղծ պետութիւն կրնայ մէկ անգամէն այնպիսի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն մը հիմնել, որ ունակ ըլլայ մրցելու հարիւրաւոր տարիներու կեանք ունեցող եւ փորձառու հիմնարկներուն հետ: Ատկէ զատ՝ հարկաւոր են շատ մեծ նիւթական միջոցներ՝ ուսումնական շէնքերու, գրադարաններու, փորձարաններու, գործիքներու համար եւ այլն, որոնք նորաստեղծ պետութիւնը ի վիճակի է միայն որոշ ժամանակի ընթացքին եւ ոչ մէկ անգամէն հայթայթել:

Եթէ մենք գործին սկիզբը ճիշդ դնենք եւ սիրով ու հոգատարութեամբ վերաբերինք անոր, ապա անկասկած ժամանակին կ՚ունենանք իսկական, ամէն ազգի պատիւ բերող ուսումնական հիմնարկութիւններ: Ասոր դէմ առարկութիւններ չեղան, բոլորն ալ բնական նկատեցին եւ միացան այդ բացատրութեան եւ որոշեցին նպաստել Հայաստանի համալսարանը Ալեքսանդրապոլի մէջ բանալուն՝ իրենց ուժերուն չափ ազդելով Քաղաքային վարչութեան վրայ:

Բայց Ալեքսանդրապոլի քաղաքային վարչութիւնը այնքան սրտանց կը փափաքէր համալսարանը բացուած տեսնել հայրենի քաղաքին մէջ, որ նոյնիսկ պէտք չեղաւ երկար բանակցութիւններ վարելու այդ վարչութեան հետ: Վարչութեան անդամները ինքնաբերաբար առաջարկեցին այնպիսի պայմաններ, որոնցմէ աւելի նպաստաւորները իմ միտքէս իսկ չէր անցներ: Ալեքսանդրապոլի քաղաքային վարչութիւնը կը խոստանար.

1) Համալսարանի դասախօսութիւններուն եւ պարապմունքներուն համար տրամադրել Ալեքսանդրապոլի Առեւտրական դպրոցի դահլիճներն ու դասարանական սենեակները, որոնք միանգամայն նպատակայարմար էին այդ գործին համար: Պարապմունքները պէտք է ըլլային յետճաշեայ, ժամը 4-5-էն սկսեալ:

2) Կազմակերպել ուսանողական հանրակացարան մը, որուն համար յատկացնել առանձին յարմարաւէտ շէնք մը, որ եւ ցոյց տրուեցաւ ինծի որպէս համալսարանի ներկայացուցիչի:

3) Երբ Քաղաքային վարչութիւնը ստանայ Նախարարներու խորհուրդին որոշումը՝ համալսարանը Ալեքսանդրապոլի մէջ բանալուն մասին, ան անմիջապէս կը տրամադրէ այն 7-8 սենեակը, որ անհրաժեշտ է դուրսէն եկող դասախօսները տեղաւորելու համար:

Աւելին չէի ուզեր եւ Քաղաքային վարչութեան շնորհակալութիւն յայտնելով՝ ուրախ սրտով մեկնեցայ Երեւան, տեսնելու, թէ հոն կամ Էջմիածնի մէջ կարելի՞ է համալսարանը տեղաւորել: Ըսեմ նախապէս, որ Էջմիածինը կտրականապէս հրաժարեցաւ համալսարանը Էջմիածին տեղաւորելու միտքէն, ուրեմն ինծի կը մնար ծանօթանալ Երեւանի մէջ տիրող դրութեան:

Լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանը զիս ղրկեց համապատասխան մարմիններու մօտ՝ գործին ծանօթանալու եւ հնարաւորութիւնները ճշդելու նպատակով: Հարկաւոր էր հաստատուն տեղեկութիւններ ստանալ, թէ ո՞ր շէնքին մէջ պէտք է տեղաւորուի համալսարանը, եթէ բացուի Երեւանի մէջ եւ արդեօք Երեւանի քաղաքային վարչութիւնը կրնա՞յ իսկոյն եւեթ համալսարանի դուրսէն եկող դասախօսներուն համար տրամադրել անհրաժեշտ 7-8 սենեակը:

Ստացած վերջնական տեղեկութիւններուս համաձայն, Երեւանի քաղաքային վարչութիւնը մինչեւ այդ ո՛չ համալսարանին համար շէնք նախատեսած էր եւ ո՛չ ալ դասախօսներու համար բնակարաններ: Ճիշդ է՝ 2-3 ամիս առաջ գրաւոր կերպով յայտնուած էր Թիֆլիզ՝ համալսարանի կազմակերպիչ յանձնախումբին, որ համալսարանի կարիքներուն համար նախատեսուած է 3-4 սենեակներու բռնագրաւում, բայց փաստօրէն ատոնք լոկ խօսքեր եղած են եւ իրապէս ոչինչ կատարուած է: Այս յուսահատական տեղեկութիւններով վերադառնալով Լուսաւորութեան նախարարին մօտ՝ անոր մանրամասնօրէն բացատրեցի, որ եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը իրապէս կ՚ուզէ յառաջիկայ ամիսներուն համալսարանը բանալ, ապա այդ մէկը կրնայ տեղի ունենալ միայն այն պարագային, եթէ Նախարարներու խորհուրդը որոշէ համալսարանը բանալ Ալեքսանդրապոլ:

Լուսաւորութեան նախարարը իմ այդ զեկուցումը հաղորդած էր Նախարարներու խորհրդին եւ խորհուրդը որոշած էր.

1) Հայաստանի համալսարանը «ժամանակաւորապէս» բանալ Ալեքսանդրապոլ, 31 յունուար 1920 թուականին:

 2) Կարգադրել, որ համալսարանի կազմակերպիչ յանձնախումբը այդ համալսարանին գոյքը եւ անոր վերաբերեալ բոլոր գործերը անմիջապէս փոխադրէ Ալեքսանդրապոլ, ինչպէս նաեւ հրահանգէ հրաւիրուած դասախօսներուն՝ 31 յունուար 1920-ին, ըլլալ իրենց պաշտօնավայրերուն մէջ՝ Ալեքսանդրապոլ:

Թիւրիմացութիւններու առիթ չտալու համար հարկ կը նկատեմ յարակցել, որ յառաջիկայ 1920 թուականի առաջին կիսամեակին (փետրուար-մայիս) կը նախատեսուի բանալ միայն պատմագրական բաժնի առաջին քուրսը:

Կառավարութեան որոշման համաձայն, համալսարանին հանդիսաւոր բացումը իրօք տեղի ունեցաւ 31 յունուար 1920 թուականին, Ալեքսանդրապոլ:

Նախապէս տպագրուեցաւ միօրեայ թերթ մը «Հայաստանի համալսարան» (31.1.1920), որուն մէջ, ի միջի այլոց, յօդուածներ զետեղած էին համալսարանի նախագահ Եուրի Ղամբարեանը, Սարգիս Խանոյեանը, համալսարանի գրեթէ բոլոր դասախօսները, կար նոյնիսկ Գէորգ Սուրէնեան Կաթողիկոսի «Օրհնութեան կոնդակը»:

Բացման հանդէսին մասնակցելու համար Երեւանէն յատուկ գնացքներով Ալեքսանդրապոլ ժամանած էին կառավարութեան անդամները, բազմաթիւ պաշտօնատար անձինք եւ մտաւորականներ:

Հանդիսաւոր նիստը անցաւ մեծ յաջողութեամբ եւ շուքով: Արարողապետը տողերուս գրողն էր՝ նախագահի կարգադրութեամբ: Ճառերէն եւ ողջոյններէն ետք ընթերցուեցան ստացուած 300-է աւելի շնորհաւորական հեռագրերէն միայն մի քանին: Անդրկովկասի համալսարանի բժշկական բաժինէն, Կովկասեան բժշկական ընկերութենէն, Ռուսաց աշխարհագրական ընկերութեան Կովկասեան բաժանմունքէն, Կովկասեան պատմա-հնագիտական հիմնարկի գիտնական անդամներու ժողովէն, Պաքուի պետական համալսարանէն, Թիֆլիզի Բազմարուեստեան հիմնարկը գլխաւորող գլխաւոր կոմիտէէն, Թիֆլիզի Բազմարուեստեան հիմնարկէն եւ այլն եւ այլն:

Համալսարանի բացման հանդէսը վերջացաւ Ալեքսանդրապոլի քաղաքային վարչութեան կազմակերպած շքեղ հիւրասիրութեամբ, որմէ ետք հետեւեալ օրն իսկ՝ 1 փետրուարին, սկսան կանոնաւոր պարապմունքները հետեւեալ դասացուցակով.

1. Փրոֆ. Մեսրոպ Տէր-Մովսիսեան, Հայոց գրականութեան հին շրջանը, շաբաթական 2 ժամ,

2. Փրոֆ. Երուանդ Տէր-Մինասեան, Հայոց պատմութիւն, հին շրջան, շաբաթական 2 ժամ,

3. Նախափրոֆեսէօր Ստեփան Մալխասեան, Հայոց լեզու (գրաբար) - շաբաթական 4 ժամ (2 ժամ սկսնակներուն եւ 2 ժամ պատրաստուածներուն համար),

4. Նախափրոֆեսէօր Գարեգին Յովսէփեան, Գրչութեան արուեստը հայոց մէջ - շաբաթական 2 ժամ,

5. Նախափրոֆեսէօրի պաշտօնակատար Ռուբէն Աբրահամեան, Համեմատական լեզուաբանութիւն - շաբաթական 2 ժամ,

6. Նախափրոֆեսէօրի պաշտօնակատար Սիրական Տիգրանեան, Հոգեբանութիւն- շաբաթական 2 ժամ,

7. Դասախօսուհի Ն. Սիմոնեան, Ընդհանուր պատմութիւն (Նոր դար) - շաբաթական 2 ժամ,

8. Դասախօսուհի Է. Ուսպենսկայա, ֆրանսերէն - շաբաթական 4 ժամ (2 ժամ սկսնակներուն եւ 2 ժամ աւելի պատրաստներուն համար)։

Այս դասերէն զատ՝ շաբաթական 2 ժամ նշանակուած էր Արեւելքի պատմութիւն, զոր պիտի կարդար նախափրոֆեսէօր Աշխարհբէկ Քալանթարը, բայց այդ դասախօսութիւնները անյայտ պատճառներով տեղի չունեցան: Անոնց փոխարէն, կիսամեակին կէսէն, շաբաթական 2 ժամով տնտեսագիտութիւն առարկայէն դասախօսութիւններ կարդաց Ռուսաստանի ժամանակաւոր կառավարութեան Լուսաւորութեան նախարար, Մոսկուայի համալսարանի փրոֆեսէօր Մանուիլովը:

Այս դասացուցակով 4 ամիս շարունակ շաբաթական 22-24 ժամ կանոնաւոր եւ անխափան դասախօսութիւններ տեղի կ՚ունենային Հայաստանի համալսարանի Պատմագրական բաժնի առաջին քուրսին համար:

Կիսամեակը վերջացնելէն ետք՝ Յունիսին կառավարութիւնը համալսարանի ամբողջ կազմին՝ ղեկավարին հետ, հրաւիրեց Երեւան, անոր հետ նիստ ունեցաւ, հիւրասիրութեամբ պատուեց Երեւանի այգիներէն մէկուն մէջ եւ յայտարարեց, որ երկրորդ կիսամեակը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, եւ համալսարանին ամբողջ կազմը իր գոյքով սեպտեմբերին պիտի տեղափոխուի Երեւան:

Եւ իրօք, ամրան ամիսները անցնելէն ետք համալսարանը իր ունեցած-չունեցածով դասախօսական կազմին հետ, սեպտեմբերի վերջերը փոխադրուեցաւ Երեւան եւ զետեղուեցաւ նախկին Ուսուցչական դպրեվանքի շէնքին մէջ, որ երկար տարիներ ծառայեց համալսարանին, մինչեւ նոր, ընդարձակ եւ յարմարաւէտ յատուկ շէնքերուն կառուցումը համալսարանին համար:

Մինչ համալսարանի վարչութիւնը եւ խորհուրդը զբաղած էին համալսարանի ընդարձակ կանոնադրութիւնը կազմելով եւ հաստատել տալով, կը կազմէին համալսարանի հաստիքներուն ցուցակը եւ նախահաշիւը 1920-21 թուականներուն համար, նախարարներու խորհուրդը որոշումներ կ՚ընդունէր համալսարանի ուսանողներուն զինուորական ծառայութենէն ազատելու եւ արտօնութիւններ տալու մասին, հետզհետէ աւելի ու աւելի կը շիկանար քաղաքական մթնոլորտը, կը սրէին յարաբերութիւնները՝ անխուսափելի կը դառնար պատերազմը:

Այդ դրութեան յայտարարն էր նաեւ այն, որ մեզի՝ համալսարանի դասախօսներուս, յաճախ կը տանէին Փարաքարի բլուրներն ու դաշտերը՝ զինուորական վարժութիւններ ու խաղեր կատարելու համար, որպէսզի կարողանանք պատերազմի ժամանակ օգտակար ըլլալ:

Պատերազմը իսկապէս բռնկեցաւ երկու բանակներուն միջեւ, բայց շատ արագ կերպով պարտութիւն կրեց հայոց զօրաբանակը (…): Բայց նոյն այդ օրերուն ալ՝ 29 նոյեմբեր 1920-ին Հայաստանը, ռուսական զօրքին օգնութեամբ, խորհրդային դարձաւ:

Հայաստանի համայնավարական կառավարութեան գլուխ կանգնեցաւ Սարգիս Կասեանը, իսկ ժողովրդական լուսաւորութեան կոմիսարի պաշտօնը ստանձնեց Աշոտ Յովհաննիսեանը:

Զբաղելով ժողովրդական լուսաւորութեան գործերով՝ անոր առաջին կարգադրութիւններէն մէկը այն եղաւ, որ փակուած յայտարարեց դաշնակցականներուն հիմնած համալսարանը եւ կարճ ժամանակի ընթացքին կազմակերպեց նոր, Ժողովրդական կոչուած համալսարանը...:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2022