ՈՐՁԵՒԷԳՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՄԵՆՔ

Այնպէս ինչպէս այսօր, նոյնպէս անցեալին ընկերութիւնները մի՛շտ մերժած ու օտարած են բոլո՛ր այն անձերը, որոնք ուզած են սեռափոխուիլ եւ կամ յատուկ հետաքրքրութիւն ու սէր ունեցած են նոյն սեռին նկատմամբ: Թէ՛ հոգեւոր, թէ՛ մարդկային եւ թէ՛ տրամաբանական գետնի վրայ այդ բոլորը անճիշդ ու խոտոր թուած է մարդկութեան, այդ իսկ պատճառով միշտ ալ հալածանքի ու հեգնանքի արժանացած են այդ «ցանկութեամբ» տառապողները: Մինչեւ օրս, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ ապրող պահպանողական ընկերութիւններու մէջ նոյն տրամաբանութեամբ կը դիտուի այդ մէկը, որովհետեւ մարդիկ հեռու կը մնան այդ բոլորի գիտական բացատրութենէն եւ նոյն տրամաբանութեամբ կը շարունակեն ապրիլ:

Յայտնենք, որ իրենց սեռը փոխելը վերջին մէկ-երկու դարերուն պատկանող յատուկ երեւոյթ մը չէ. մարդկութեան մէջ միշտ ալ եղած են անհատներ, որոնք ունեցած են հակառակ սեռի մէջ ծնած ըլլալու փափաքը, ինչ որ ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով ազդած է իրենց ապրելակերպին: Այս երեւոյթին հնութիւնը կրնանք փաստել շատ պարզ ձեւով. բացէ՛ք հայկական հին բառարանները եւ այդտեղ պիտի տեսնէք «որձեւէգ» բառը, որ բացատրուած է «անորոշ սեռ», «արուէգ» հոմանիշներով: Որձեւէգներու մասին խօսած են մեր հայրապետները, պատմիչներն ու աւանդութիւնները, սակայն վստահաբար անոնք թիւով շա՜տ աւելի քիչ եղած են անցեալին՝ քան այսօր:

Որձեւէգները սակայն կը բաժնուին երկու մասի.-

Ա.- Որձեւէգութեան պոռնիկ տարբերակը:

Բ.- Բնութենէն յառաջացած որձեւէգութիւն:

Մեր այսօրուան նիւթը կեդրոնացած պիտի ըլլայ երկրորդ տեսակին վրայ:

Ա.- ՈՐՁԵՒԷԳՈՒԹԵԱՆ ՊՈՌՆԻԿ ՏԱՐԲԵՐԱԿԸ: Իրենց սեռը փոխողները ընդհանրապէս ընկերութեան աչքին որպէս «պոռնիկ» կ՚երեւին, որովհետեւ նոյն սեռին հանդէպ եղած հետաքրքրութիւնը զիրենք շնացողի եւ անբարոյի երեւոյթ մը կու տայ: Այսօր այնպէս ինչպէս աշխարհի մէջ, նոյնպէս Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունին պոռնիկութեամբ զբաղող որձեւէգներ, որոնք որձեւէգներ դարձած են պարզապէս սեռային կեանքի համար:

Բ.- ԲՆՈՒԹԵՆԷՆ ՅԱՌԱՋԱՑԱԾ ՈՐՁԵՒԷԳՈՒԹԻՒՆ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ 1930-1960 թուականներուն միջեւ յառաջ եկան որձեւէգութիւնը քաջալերող խումբեր, որոնք ուզեցին դէմ դնել «պոռնիկ»ութեան գաղափարին եւ փորձեցին զանազան գիտական ուսումնասիրութիւններու ճամբով փաստել, որ որձեւէգութիւնը շատ անգամ մարմնական ցանկութիւններէ անդին բան մըն է՝ անկախ մարդու կամքէն: Փորձեցին փաստել, որ այդ մէկը ունի իր գիտական եւ բժշկական բացատրութիւնները եւ անոնցմով փորձեցին մարդոց միտքին մէջէն հեռացնել որձեւէգներու հանդէպ կազմուած վատ պատկերը:

Հետաքրքրական է սակայն, որ այդ թուականներէն շա՜տ առաջ՝ 1916 թուականին հայ բժիշկ Պօղոս Թորոսեան կը պատրաստէ «Սեռային առողջապահութիւն» խորագրեալ աշխատութիւն մը: Բժիշկը մասնագիտականօրէն կը խօսի մարդկային սեռական կեանքը յուզող հարցերու մասին, կու տայ գիտական բացատրութիւններ, ինչպէս նաեւ մեծ տեղ կը տրամադրէ որձեւէգներու ուսումնասիրութեան. նման թուականի մը նման նիւթերու մասին խօսիլը հաւանաբար անհաւատալի թուի, սակայն այս մէկը կու գայ փաստելու, որ հայերը կարծուած «հին գլուխ»ութեան կողքին եղած են պայծառատես մարդիկ եւ եղած են առաջիններէն իգական սեռի կրթութեան եւ դերին, սեռական կեանքի եւ որձեւէգութեան մասին խօսող: Բժիշկ Թորոսեանի աշխատութիւնը սքանչելի ուսումնասիրութիւն մըն է՝ մարդկային սեռական կեանքը բացատրող՝ սկսելով մանկութենէն, մինչեւ երիտասարդութիւն եւ ծերութիւն. սքանչելի աշխատութիւն է՝ որովհետեւ հակառակ 106 տարուան հնութեան, կը շարունակէ մնալ այժմէական ուսուցում, ինչ որ կը բացակայի մեր դպրոցներէն եւ ուսումնարաններէն:

Բժիշկ Թորոսեան նոյն սեռին հանդէպ եղած հետաքրքրութիւնը կը բացատրէ հետեւեալ տողերով. «Սեռային տկարութիւնները արտաքին պատճառներէ զատ խիստ շատ անգամ արդիւնքն են ներքին պատճառներու. մարդուն մէջ գտնուող յօրինուածային թերութիւններու, սեռային գործիքի անկատարելութեան եւ աններդաշնակ զգացումներու: Մենք պէտք է ծանօթանանք զանոնք առաջ բերող ներքին եւ արտաքին պատճառներուն, մարդուն մէջ գտնուող այդ անկատար գծերուն եւ աններդաշնակ զգացումներուն հետ». 1916 թուական եւ հայերու նման «հին գլուխ» կարծուած աւանդապաշ ընկերութեան մը մէջէն հայ բժիշկ մը որձեւէգները քննադատելու եւ օտարելու փոխարէն, ուսումնասիրել եւ այդ բոլորին ետին գտնուող պատճառները ուսումնասիրել կ՚առաջարկէ, ինչ որ միտքի բարգաւաճ վիճակ մը կը պարզէ:

Որձեւէգութեան պարագային սակայն վիճակը քիչ մը խառն է. որոշ ժամանակ «պոռնիկ»ի տպաւորութենէն դուրս գալու համար որձեւէգներ սկսան առաջ քշել գիտական ու բժշկական բացատրութիւնները, այդ մէկը վերագրելով թէ՛ արքին եւ թէ՛ ներքին ազդակներու: Որոշ ժամանակ ետք սակայն սկսան ամբողջութեամբ հակառակը ընել՝ փաստելու համար որ այդ մէկը հիւանդագին վիճակ մը չէ, որովհետեւ այս պարագային դուրս գալով «պոռնիկ»ի կարգավիճակէն սկսան դիտուիլ որպէս հիւանդագին անձեր, ինչ որ դարձեալ սկսաւ վիրաւորել զիրենք եւ այս անգամ սկսան խօսիլ որձեւէգութեան «հիւանդագին» վիճակ չըլլալուն մասին: Որոշ ժամանակ որձեւէգութիւնը կը յիշատակուէր հիւանդութիւններու ցանկին մէջ, սակայն 1973 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ որոշում տրուեցաւ այդ մէկը դուրս ձգելու հիւանդութիւններու ցանկէն:

Այս բոլորը որձեւէգները պաշտպանելու անուան տակ պարզապէս ծառայեց այդ բոլորի քարոզութիւնը կատարելու եւ այդ մէկը պատճառ եղաւ, որ որձեւէգներ առանց իրենք զիրենք պոռնիկ կամ հիւանդ զգալու՝ դուրս գան փողոց եւ հետապնդեն իրենց «իրաւունք»ները:

Թէեւ մեր ընկերութիւնը տակաւին քիչ մը «փակ» ու «հին գլուխ» է այս բոլորին հանդէպ, սակայն ճշմարտութիւն է, որ այս բոլորը օր մը մեր հայրենիքին մէջ եւս պիտի օրինականացուին, որովհետեւ աշխարհը այդ մէկը կը պահանջէ այսօր: Այսօր Պարսկաստանի մէջ իգական սեռը առանց գլխաշորի դուրս գալու համար կը պայքարի եւ Պարսկական պետութիւն թէեւ այսօր ոչ, սակայն կամայ թէ ակամայ պիտի զիչի այդ բոլորին հանդէպ՝ նկատի ունենալով դուրսի աշխարհի դիրքն ու կեցուածքը այդ բոլորին նկատմամբ: Նոյնը պիտի ընենք մենք՝ որձեւէգներու պարագային. ուրիշներու աչքին «հին գլուխ»ի տպաւորութիւն չձգելու գնով օր պիտի գայ պիտի արտօնենք միասեռ ամուսնութիւնները եւ պետականօրէն պիտի պսակենք զիրենք: Եկեղեցին սակայն պիտի շարունակէ իր աւանդական դիրքը պահել (մտահոգեցուցիչ է սակայն, թէ մինչեւ երբ պիտի կարենայ կատարել այդ մէկը):

Նման պարագաներու պէտք չէ պետութիւնը եւ կամ ընկերութիւնը մեղադրել, որովհետեւ թէեւ «անկախ» ենք բոլորս, տեղ մը ակամայ պարտադրուած ենք ենթարկուելու մեր օրերուն «մարդկային» նկատուող շատ մը արտասովոր երեւոյթներու:

Օրինակի համար, Արաբական Միացեալ Էմիութիւններու եւ Քաթարի մէջ միասեռականութիւնը խիստ դատապարտելի մեղք մըն է՝ մինչեւ իսկ բանտարկութեան արժանի, սակայն նկատի ունենալով այս տարուան ոտնագնդակի խաղերն ու աշխարհի տարբեր կողմերէն եկող երկրպագուները Արաբական Էմիրութիւնն ու Քաթարի իշխանութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն «գոհացնելու» համար ներկաները՝ նոյնիսկ եթէ անոնց միջեւ ըլլան միասեռականներ եւ որձեւէգներ:

Աշխարհը այսօր կ՚առաջնորդուի այս տրամաբանութեամբ. շահելու համար՝ պէտք է զիջիլ շատ մը արժէքներէ եւ համոզումներէ:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -95-

Մի քանի տարիներ առաջ նկատի ունենալով Հայաստանի մէջ շարք մը հիւանդութիւններու հանդէպ բժշկութեան բացակայութիւնը՝ մեկնեցանք Պարսկաստան, ուր մեզ դիմաւորեց տեղի «Հայ տուն»ի պատասխանատուներէն մին:

Տիկին Անահիտը ունէր երկու զաւակ. անոնցմէ փոքրը միշտ տունն էր, սակայն մեծը տեսնելու առիթ չէինք ունեցած: Գիշեր մը մայրս մեծ զաւակն ալ տեսաւ եւ յաջորդ առտու տիկին Անահիտին հետ խօսակցութեան ժամանակ ըսաւ. «Երէկ գիշեր ձեր տղան տեսնելու առիթն ալ ունեցանք»:

Տիկին Անահիտ ժպիտը դէմքին յայտնեց, որ այդ տղան իրականութեան մէջ իր մեծ դուստրն է: Որձեւէգ մը չէր, սակայն բնութիւնը իր մէջ դրած էր տղամարդու ոգի եւ շարժուձեւ: Արտաքինին վրայ իգական ո՛չ մէկ նշոյլ։ Այնքա՜ն նման էր տղու, որ դուրս գալու ժամանակ գլխաշոր չէր կրեր, որովհետեւ նոյնիսկ իսկ աշխատանքի վայրին մէջ շատեր զինք որպէս տղայ կը ճանչնային:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2022